Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Մեր իրականութեան մէջ քիչ կը պատահի, որ արժանաւորներ պարգեւատրուին իրենց կենդանութեան: Հայկական սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր ջանք, որ ի գործ կը դրուի պահելու հայ մշակոյթը, արժանի է գնահատանքի: Թէեւ ազգի մը գոյատեւումը բնական ընթացք մը պէտք է ըլլայ, սակայն հայ ազգի պարագային, նկատի ունենալով Ցեղասպանութեան հետեւանքն ու անկէ ետք արհեստագիտութեան ազդեցութիւնը, հայօրէն գոյատեւելը գիտակից աշխատանքի կը կարօտի: Այս գիտակից աշխատանքին, ի շարս շատերու, իրենց ներդրումը ունեցած են լիբանանահայ բեմի վաստակաւոր դերասաններէն Մանուէլ Մարգարեանն ու Մարի-Ռոզ Մանուկեանը: Այս իմաստով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի մեծարէ զանոնք Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմին վրայ, որուն տախտակամածը լաւագոյնս կը վկայէ Մարգարեանին ու Մանուկեանին ոտնահետքերը:
Մանուէլ Մարգարեանին եւ Մարի-Ռոզ Մանուկեանին մասին կը վկայեն նաեւ բեմադրիչներ, դերասաններ, քուլիսներու ետին աշխատածներ, թատերախումբերու բարեկամներ եւ թատրոնի սիրահարներ: Վերյիշելով Մարգարեանին ու Մանուկեանին վաստակը, մտերմիկ զրոյց կ՛ունենանք բեմադրիչ եւ թատերագիր Վաչէ Ատրունիին եւ դերասան Զաւէն Պաաքլինիին հետ:
«Մանուէլ Մարգարեանին հետ մեր համագործակցութիւնը սկսած է 1970-ականներուն աւարտին», կը վկայէ Վաչէ Ատրունի. «Այն թուականներուն լիբանանահայ թատերական կեանքը աշխուժ վիճակի մէջ էր, եւ զանազան յայտնի թատերախումբեր կը գործէին գաղութիս մէջ: Մանուէլը առիթով մը տեսայ եւ առաջին տպաւորութիւնս եղաւ այն, որ բաւական լուրջ տուեալներ ունեցող դերասանի մը հետ գործ ունիմ: Եթէ յիշողութիւնս ինծի չի դաւաճաներ, Մանուէլը իմ 18 թատերախաղերուս մէջ դերեր ստանձնած է: Առաջին թատրոնը եղած է «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբին «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ը, ուր ան շարք մը կերպարներ կը խաղար, ինչպէս` նկարիչ, խմբագիր եւ այլն: 1982-ին «Հայկական շրջուն թատերախումբ»-ին հիմնական մասնակից դերասանն էր Մանուէլ Մարգարեանը եւ սկսած էր գլխաւոր դերերու գլուխը անցնիլ, ինչպէս` «Գահը» թատերախաղին մէջ կամ մանկական «Կար ու չկար»-ին մէջ»:
Ատրունի կը յայտնէ, որ երբ թատերախումբով 80-ական թուականներուն երկրորդ կիսուն Հայաստան շրջագայութեան գացած են, օրուան մասնագէտները մօտէն ծանօթանալով Մանուէլին` բարձր գնահատած են անոր խաղարկութիւնը: Ատրունի կը յայտնէ. «Համատեղ համաձայնութեան եկանք, որ ինքը գոնէ որպէս ազատ ունկնդիր մաս կազմէ Հայաստանի թատերական հիմնարկի դասընթացքներուն: Պէտք է նշել եւ գիտակցիլ այն իրողութեան, որ Մանուէլին թատրոնը սիրողական մակարդակի եղած է եւ թատերական ուսում ստանալով բեմ չէ բարձրացած Մանուէլ` մինչեւ Հայաստան մեկնիլը»:
Վկայելով Մարի-Ռոզ Մանուկեանին մասին Զաւէն Պաաքլինին եւս կը մատնանշէ, որ Մանուկեանը բնաւ չէ ստացած մասնագիտական ուսում, այլ Վարուժան Խտըշեանին դպրոցը եղած է իր մասնագիտացման աղբիւրը: Մարի-Ռոզ Մանուկեան եղած է այն դերասանը, որ մասնագիտական ուսում չունենալով հանդերձ, շնորհիւ իր տաղանդին, տիրացած է գլխաւոր դերակատարութիւններու եւ մագնիսացուցած է հանդիսատեսը իր ստեղծած կերպարներուն մէջ, մինչեւ իսկ ամբողջովին իւրացնելով դերը:
Փորփրելով իր յիշողութիւնը` Զաւէն Պաաքլինի կը պատմէ հետեւեալ դրուագը. «Մարի-Ռոզ Մանուկեանին եւ հանգուցեալ Ճոնի Այնեճեանին հետ «Չորս պատկեր» ներկայացումը շատ գեղեցիկ ձեւով դուրս եկաւ: Ներկայացման գիշերներէն մէկուն ընթացքին, երբ ես պէտք էր նուաղէի եւ Մարի-Ռոզն ալ իմ վրաս իյնար ու նուաղէր, պատահեցաւ, որ այնքան ոգեւորուած կը խաղայինք բեմին վրայ դրուած ամպիոնին վրայ, որ ես ինքզինքս վար ձգելէ ետք, գլուխս զարնելով, իսկապէս նուաղեցայ. այս տեսնելով` Մարի-Ռոզն ալ հետս ինկաւ վրաս եւ ան ալ իսկապէս նուաղեցաւ: Հոս վարագոյրը փակուեցաւ եւ երկուքս ալ հիւանդանոց փոխադրեցին: Այնպէս որ, ան իսկապէս կ՛ապրի դերերուն կերպարները եւ բեմին վրայ լիակատար արժէքը կու տայ կերպարին»:
Գնահատելով Մանուէլ Մարգարեանը, Ատրունի կը յայտնէ. «Ես զուսպ եմ իմ գնահատանքներուս մէջ, բայց կը կարծեմ, որ Մանուէլ Մարգարեան այն առանձնայատուկ դէպքն է, երբ ենթական կը դրսեւորէ ինքզինք որպէս բացարձակ շնորհալի դերասան: Ասիկա ընտրուած ամէնէն բարձր գնահատականներէս մէկն է որեւէ մէկուն: Ան մեծ յաջողութիւն ունէր թէ՛ կատակերգական եւ թէ՛ ողբերգական կերպարներու մարմնացումով»:
Վաչէ Ատրունի կը շարունակէ. «Աստուածատուր արժէք մը ունի Մանուէլ Մարգարեանը: Ոչ միայն լիբանանահայ, այլ սփիւռքահայ թատրոնի մէջ ան եզակի եւ հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն մէկն է, որ բարձր դերասանական արժէքներով օժտուած է: Խոր սէր ունի թատրոնի նկատմամբ եւ երկար տարիներ առանց նիւթական վարձատրութեան իր ժամանակը տրամադրած է թատրոնին: Իր քով պաշտամունքի աստիճանի հասած էր թատերաբեմը եւ հոն է իր մեծութիւնը: Անշուշտ ունինք նոյնքան ատակ դերասաններ, բայց անոնք մասնագէտներ են: Յոյս ունինք, որ ինքզինք վերագտնէ եւ բեմ վերադառնայ: քանի որ բեմը տարիք չի ճանչնար, գինիի պէս է, որքան հիննայ, այդքան կը համովնայ…»:
Դերասան Զաւէն Պաաքլինի վկայելով Մարի-Ռոզ Մանուկեանին մասին` կ՛ըսէ. «Առաջին անգամ զինք թատրոն բերաւ դերասան Յակոբ Թոքաթլեանը, իսկ Մարի-Ռոզ ինքզինք այնքան լաւ փաստեց, որ արդէն տարիներ ծառայեց բեմին` մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալով անոր»:
«Մարի-Ռոզ Մանուկեանը այն դերասանն է, որ ունենալով մէյ մը մայրը եւ մէյ մըն ալ թատրոնը որպէս մտերիմ ընկերներ` բնաւ չէ մերժած նետուիլ թատրոնի կեանք, երբ որ ըլլայ ատիկա: Միշտ ալ համեստաբար բեմ բարձրացած է մատուցելու իրեն վստահուած դերերը, որոնք բոլորն ալ գլխաւոր դերեր կ՛ըլլային: Աւելի բացատրելու համար անոր նուրիուածութիւնը եւ կարողութիւնը` կրնամ ըսել, որ ինծի համար ան լիբանանցի արուեստագէտ Ֆրիալ Քերիմ մըն էր եւ նոյնիսկ աւելին` ամբողջովին նուիրուած արուեստին եւ թատերաբեմին: Իր յատկանիշներէն մէկն ալ այն է, որ ան ուղղակի կատակերգութեան թագուհին է, իրեն տրուած է ատիկա: Ատկէ բացի, Վարուժան Խտըշեանը իրեն վստահած էր բաւական համարձակ դերեր, որոնք այդ թուականներուն իսկական երեւոյթ մըն էին: Պէտք է նշել, որ այդ ժամանակ գաղութին մէջ Մարի-Ռոզի նման մարդիկ իրենց ժամանակը կը զոհէին իրենց սիրած թատրոնին եւ այս ծառայութեան ընդմէջէն կը մասնագիտանային: Ատիկա բարձրագոյն արժէք մըն է արդէն»:
Մանուէլ Մարգարեանն ու Մարի-Ռոզ Մանուկեանը միասնաբար ալ բարձրացած են բեմ` զանազան գործերու մէջ, ինչպէս` «Սալեմի վհուկները»: Մանուէլ Մարգարեանին վաստակէն կը յիշենք` «Կայսրը», «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ», «Շողոքորթը», «Ստախօս կ՛ուզուի», «Մեծապատիւ մուրացկաններ», «Ծառը», «Բարեկենդան», «Փայտոջիլներու պահարանը», «Թաքսի-թաքսի», «Մանուէլիկն ու Ռոզալիկը», «Պաղտասար Աղբար», «Եկէ՛ք` թատրոն-թատրոն խաղանք», «Աշխարհը տանիքէն դիտուած», «Անաւարտ սկիզբ», «Կար ու չկար», «Հնամաշ պայուսակ», «Հորովել», «Գիքորը» եւ այլն: Իսկ Մարի-Ռոզ Մանուկեանի վաստակէն կը յիշենք` «Ալաֆրանկա», «Մարա Սատ», «Արեւելեան ատամնաբուժ», ««Է» Գիշեր մը դուրս», «Իտալական յարդէ գլխարկը», «Չորս պատկերներ», «Պարտէզին մէջ բոպիկ», «Պողոտային բանտարկեալը», «Երկինքի ճամբով», «Եսի Մարդը», «Շերի նուար», «Մինչեւ ո՞ւր» եւ այլն: Ան դերեր ստանձնած է նաեւ մանկական թատրոններու մէջ, ինչպէս` «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբին մէջ եւ յատկանշական է 2015-ին «Հրամէցէք» անունով կարճ ժապաւէի մը մէջ խաղացած իր դերը:
Այսօր` երեքշաբթի, դեկտեմբեր 13-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, թատրոնի շուրջ հաւաքուած հասարակութիւնը, իր տարբեր շերտերով, հրաւիրուած է «Յակոբ Տէր Մէլքոնեան» բեմին վրայ հանդիպելու, յիշելու եւ մեծարելու լիբանանահայ գաղութէն ծնած դերասաններ Մանուէլ Մարգարեանն ու Մարի-Ռոզ Մանուկեանը: Բեմին վրայ անոնց հետ ըլլալով` առիթ պիտի ունենանք միախառնուելու անոնց բեմին ու քուլիսին ու անցնելու անոնց տարիներու ասպարէզին ընդմէջէն: