Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տեղեկատու

$
0
0

ՀՈՐԻԶՈՆ կեդրոնի կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին` ԶՈՄ-ը պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ «Ընդունինք, ուղղենք, դաստիարակենք» թմրամոլութեան նախազգուշական համագումարին:

– ԶՈՄ-ի կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 10 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ընդունելութեան գրասենեակի տնօրէն Արինա Զոհրապեանին հետ, «Աբրահամ Աշճեան»  երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ:

– ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց  ZOMTalks-ի  իր առաջին հանդիպումը  ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2016-ին»: «Աբրահամ Աշճեան» ուսանողական-երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Talk-ը վարող, Հայաստանէն եկած «Թիչ ֆոր Արմինիա»-ի ներկայացուցիչ Թենի Աւագեան ներկայացուց «Կրթութիւնը Հայաստանի մէջ» նիւթը:  Ան խօսեցաւ Հայաստանի կրթական մարզի իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:

– Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն խումբ մը մասնակցեցաւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան զօրակցութեան ցոյցի մը:

– Այսօր` ուրբաթ 9 դեկտեմբերին 2016-ի երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի պիտի ունենայ Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկը`  «Վասպուրական» սրահին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>