Երկու տասնամեակէ ի վեր լիբանանահայութիւնը իր ազգային, կրթական, հոգեւոր, ընկերային բոլոր կառոյցներով, հասարակութեան բոլոր խաւերով կ՛արձագանգէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կոչերուն եւ իր արժանի մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ու հզօրացման համար կազմակերպուած ծրագիրներու իրականացման:
Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնը կը կրէ «Իմ Արցախ» կարգախօսը: Դրամահաւաքը ընթացք պիտի առնէ այսօր` 7 դեկտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինի ատենապետ Սագօ Արմէնեանին հետ` իրազեկ դառնալու կատարուելիք աշխատանքին եւ 2016-ի հասոյթի տրամադրուելիք ծրագիրներուն մասին:
«ԱԶԴԱԿ».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2016 – դրամահաւաքը կը կրէ «Իմ Արցախ» կարգախօսը: Ի՞նչ նպատակի պիտի տրամադրուի այս տարուան հասոյթը:
ՍԱԳՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարուան իր դրամահաւաքին հասոյթը պիտի յատկացնէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով աւերուած Արցախի բնակավայրերու վերանորոգման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բնակարաններ տրամադրել: Անցեալ տարի բաւականաչափ բնակարաններ տրամադրուեցան բազմազաւակ ընտանիքներուն, այս տարի ալ դրամահաւաքէն գոյացած գումարին մէկ մասը այդ ծրագիրին պիտի տրամադրուի:
Յայտնեմ նաեւ, որ մենք Մատաղիս գիւղին մէջ մանկապարտէզ մը նորոգած եւ կահաւորած էինք: Այդ գիւղը քառօրեայ պատերազմին վնասուեցաւ, ու դպրոցը քանդուեցաւ: Ըստ լուրերուն, ընտանիքներ կ՛ուզեն վերադառնալ Մատաղիս: Մանկապարտէզի կողքին կան քանդուած տուներ, ծրագիր ունինք այդ տուները նորոգել կամ գէթ բնակարան հայթայթել այն ընտանիքներուն, որոնց տուները քանդուած են:
Պէտք է նշեմ նաեւ, որ այս տարի պիտի աւարտին Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի վերակառուցման աշխատանքները, եւ ամրան արդէն բացումը պիտի կատարուի մայրուղիին:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս պիտի ընթանան այս տարուան դրամահաւաքի աշխատանքները, եւ ի՞նչ են ձեր ակնկալելիքները:
Ս. Ա.- «Վանայ ձայնը»-ը արդէն ստանձնած է ամբողջ աշխատանքը, որ պիտի սկսի առտուան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: Պիտի կատարուին հարցազրոյցներ, պիտի ըլլան հանդիպումներ, յայտարարութիւններ, ծանուցումներ եւ այլն: Դրամահաւաքին մասնակից պիտի ըլլան նաեւ վարժարանները, համալսարանականներ եւ լիբանանահայ ուսանողութիւնը: Այս նուիրահաւաքին մենք նկատի առած ենք 1000 հոգիի մասնակցութիւնը, որ ինքնին բաւական կոկիկ գումար մը կը խոստանայ:
Ամէն մարդ, ամէն շրջան իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը մասնակցի դրամահաւաքին: Հակառակ Լիբանանի տնտեսական վատ պայմաններուն, բաւական կոկիկ գումարներ կը հաւաքենք ու կը ղրկենք հիմնադրամին` որոշ ծրագիրի մը գործադրութեան համար, եւ միշտ կ՛որոշենք, թէ ինչի՛ պիտի յատկացուի մեր գաղութին հանգանակած գումարը: Կը հաստատեմ, որ մեր ժողովուրդը գիտակից է, տարիներէ ի վեր որու որ դիմած ենք, չեն մերժած: Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ, որ մասնակցողները պարտադրաբար չեն կատարեր իրենց նուիրատուութիւնը, այլ սիրայօժար եւ գիտակից, որ բարի նպատակի համար ներդրում կ՛ունենան: Դիտողութիւն մը ունիմ այն ազգայիններուն, որոնք խոստումներ կու տան հեռաձայնով եւ դժբախտաբար չեն յարգեր: Ամէն տարի կը պատահի այս երեւոյթը, բայց բարեբախտաբար այդ խոստացուած գումարները հարիւրէն հինգ չեն կազմեր:
Մեր վարչութիւնը, որ 11 տարիէ կը գործէ, կամաւորաբար կը տանի բոլոր աշխատանքները: Դրամահաւաքի մեր ծրագիրը սկսած է Հայաստանով, անցած է Արցախ: Տեղին է նշել, որ Սուրիոյ պատերազմի երկրորդ տարին մեր Գործադիր մարմինը օգտակար եղաւ նաեւ սուրիահայութեան` իր խնայողութիւններէն 100 հազար տոլար փոխանցում կատարելով: Մենք կ՛աշխատինք նաեւ լիբանանահայ գաղութին ալ օգտակար դառնալ` դպրոցներուն, մամուլին, ձայնասփիւռին: Ահա ա՛յս է մեր նպատակը:
Այս տարի մենք մեր կարելին պիտի ընենք, որ դրամահաւաքի արդիւնքը աւելի լաւ ըլլայ, քան նախորդ տարուան: Յոյսով եմ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի ընդառաջեն մեր կոչին, խոր համոզումով իրենց լուման պիտի դնեն կենսական եւ ազգօգուտ այս ծրագիրներու իրագործման: