Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Հարցազրոյց «Թիչ Ֆոր Արմենիա» Կազմակերպութեան Հաւաքագրման Եւ Ընտրութեան Տնօրէնի Թենի Աւագեանին Հետ

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԻԼՎԻ ԱԲԵԼԵԱՆ

11143495_10152927748091050_7757679073828129643_o

«Թիչ ֆոր Արմենիա»-ն երկամայ դասաւանդման ծրագիր է, որ կը միտի բացայայտել մասնակիցներուն մասնագիտական եւ առաջնորդական ներուժը` միաժամանակ նպաստելով գիւղական շրջանակներու զարգացման: Ծրագիրին մասնակիցները կը տեղաբաշխուին Հայաստանի տարբեր մարզերու դպրոցներուն մէջ, ուր կայ համապատասխան երիտասարդ ուսուցիչներու պակաս: Մասնակիցները իրենց հետ բերելով նորարար միտքեր եւ մեթոտներ` ընկալելի կը դարձնեն կրթական նիւթերը աշակերտներուն համար, կ՛ոգեշնչեն երեխաները եւ կը նպաստեն կրթութեան որակի բարելաւման:  «Թիչ ֆոր օլ»-ը միջազգային ցանց է, որ 25 տարուան պատմութիւն ունի:  Ծրագիրը կը կիրարկուի աշխարհի շուրջ 40 երկիրներու ազգային անկախ կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք կը համախմբուին, որպէսզի ստեղծեն հարթակ մը, ուր հնարաւոր կ’ըլլայ կիսել կրթական լաւագոյն փորձը եւ գիտելիքները:

Անցող օրերուն Լիբանան կը գտնուէր «Թիչ ֆոր Արմինիա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Թենի Աւագեան, որուն հետ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ` ծանօթանալու ծրագիրի նորութիւններուն, յաջողութեան ու աշխատաքներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` խօսինք կազմակերպութեան միամեայ գործունէութեան մասին:

ԹԵՆԻ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Անցեալ տարի երկրորդ տարին էր, որ մենք կը հաւաքագրէինք մասնակիցներ «Թիչ ֆոր Արմենիա» ծրագիրին համար: Աւելի քան 350 հոգի դիմած էր` Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն: Այսօրուան դրութեամբ, ծրագիրին մասնակից են 29 անդամներ, այսինքն մեր ընտրութեան փուլերը դիւրին չէ անցնիլ, որովհետեւ մենք կը փնտռենք իրօք լաւ մասնակիցներ ոչ միայն ակադեմական, այլեւ` իրենց ունեցած հմտութիւններու եւ կարողութիւններու առումով: 2017-ի ծրագիրին համար 45 մասնակից կը փնտռենք: Սա կը նշանակէ, որ մեր ջանքերը, ոչ միայն Հայաստանի տարածքին, այլեւ սփիւռքի մէջ աւելին պիտի ըլլան, քան` նախորդ տարին: Լիբանանը մեզի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ առաջին պայմաններէն մէկը ծրագիրին մասնակցելու` հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլն է, եւ Լիբանանի հայ հասարակութիւնը, համեմատաբար միւս երկիրներուն, հայերէնի առումով շատ աւելի լաւ է: Միակ խնդիրը այն է, որ մասնակիցները պէտք է ունենան համալսարանական վկայական, կամ եթէ 4-րդ տարուան ուսանող են, կրնան դիմել, որովհետեւ մինչեւ ամառ կրնան աւարտել ուսումը: Հայաստանի  մէջ պէտք է կեցութեան եւ աշխատանքային թոյլտուութիւն ստանալ, որ հեշտութեամբ կը տրամադրուի:  Մենք ունինք Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Ամերիկայէն տարբեր առարկաներ դասաւանդող մասնակիցներ, որոնք շատ յարգուած եւ սիրուած են մեր համայնքներուն մէջ: Երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար շատ մեծ բան է, երբ մարդ ձգէ իր տունն ու տեղը, իր ապրած երկիրը եւ գայ իրենց ապրած վայրը եւ կրթութեան ոլորտին մէջ օգտակար դառնայ երեխաներուն.  բնական է, որ երեւոյթը շատ գնահատուի:

Այս տարի Լիբանանէն քանի մը դիմումներ կային: Ընդունուեցաւ Արշօ Յովհաննէսեանը, որ աւարտած է Լիբանանեան պետական համալսարանը: Ան ներկայիս կ՛ապրի Տաւուշի մարզի Բերդ գիւղին մէջ եւ կը դասաւանդէ անգլերէն: Աշակերտները շատ կապուած են իրեն, իսկ ինք արդէն յարմարած է միջավայրին: Արշոն իրականութեան մէջ միայն մէկ անգամ եկած էր Հայաստան մինչ ծրագիրին դիմելը, այսինքն շատ լաւ չէր գիտեր, թէ ո՛ւր կու գար, կամ գործնականօրէն իրեն ի՛նչ կը սպասէր: Վստահ եմ, որ դժուարութիւններ եղան սկզբնական շրջանին, բնականաբար մինակ ալ զգաց մինչեւ համայնքին հետ լաւապէս ծանօթանայ: Բայց հիմա կը հաստատեմ, որ գիւղի բնակիչներուն հարազատ մէկ անդամը դարձած է Արշօ Յովհաննէսեանը: Մեր մասնակիցները բնաւ մինակ չեն, որովհետեւ մենք կանք իրենց կողքին, կայ նաեւ մասնակիցներու մեծ համայնքը, որ կը հաշուէ 43 հոգի, որոնք միշտ կապի մէջ են իրարու հետ: Յաճախ Երեւան կու գան եւ մեր կազմակերպած ձեռնարկներուն կը մասնակցին: Այնպէս որ, դժուարութիւնը այնքան է, որքան դուն կ՛ուզես, որ անիկա ըլլայ: Ամէն դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել, եթէ անձը ուզէ:

«Ա.».- Յառաջիկայի ձեր  ծրագիրներուն մասին կրնա՞ք անդրադառնալ:

gohar_120616

Թ. Ա.- Անցեալ տարի մենք կ՛աշխատէինք 12 դպրոցի հետ, իսկ այս տարի արդէն`  35 դպրոցի հետ: Անցեալ տարի ներկայ էինք չորս մարզերու մէջ` Արմաւիր, Տաւուշ, Լոռի եւ Գեղարքունիք, իսկ այս տարի աւելցաւ Արագածոտնի մարզը: Եթէ 45 մասնակիցներ եւս աւելնան յառաջիկայ կրթական շրջանին, մենք կը մտածենք աւելցնելու Շիրակ, Սիւնիք եւ Վայոց Ձոր մարզերը: Վստահ եմ, որ օր մը Հայաստանի բոլոր մարզերը պիտի ընդգրկուին մեր ծրագիրին մէջ: Ներկայ պայմաններուն մէջ, որպէսզի կարենանք ճիշդ ձեւով մատուցել մեր ծառայութիւնները բոլոր մասնակիցներուն, կը փորձենք որոշ չափով համախմբուած ըլլալ :

Բնական է` որքան մասնակիցներուն թիւը աւելնայ, այնքան պարտաւոր ենք աւելցնելու մեր կարողութիւները: Մինչ օրս մեր գրասենեակը Երեւանի մէջ է, բայց այս տարի կը մտածենք ունենալ մարզային ներկայացուցչութիւններ, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ մեր մասնակիցներուն համար որեւէ հարցի պարագային: Մենք ծրագրած ենք աւելի լայնցնել մեր համագործակցութիւնը Կրթութեան նախարարութեան հետ: Մենք  կ’աշխատինք մեր ներդրումը ունենալ կրթական համակարգի ընդհանուր բարելաւման մէջ: Ներկայիս կրթութեան նախարարը աւելի քան բաց է մեզի հետ համագործակցելու եւ ծրագիրին աջակցելու: Մենք մեր կարգին կ’ողջունենք իր պատրաստակամութիւնը:

«Ա.».- Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ ծրագիրը:

14169480_10154207706585589_1155859061_n-2Թ. Ա.- Նախքան մեր մասնակիցին դպրոց մտնելը մենք բոլոր երեխաները քննութեան կ՛ենթարկենք, ապա տարի մը ետք նորէն կը քննենք, որ իմանանք ի՛նչ արդիւնքներ արձանագրուեցան. օրինակ, անցեալ տարուան տուեալներով, 230 տոկոս ակադեմական յառաջդիմութիւն արձանագրած են երեխաները: Այս արդիւնքը հոյակապ է: Իրականութեան մէջ մեր հանդիպած միակ դժուարութիւնը երեխաներու կրթական մակարդակին հետ կապուած է, այսինքն, երբ մեր մասնակիցները կը մտնեն դասարան ու կը սկսին դասաւանդել, կը պարզուի, որ աշակերտներուն գիտելիքները չեն համապատասխաներ տուալ դասարանին: Բարեբախտաբար մեր մասնակիցները կը յաջողին այդ երկու տարին համալրել ու բացթողումները լրացնել, որպէսզի տարուան աւարտին աշակերտները գտնուին ճիշդ մակարդակին վրայ:  Կը պատահին դէպքեր, երբ  երեխաները կը հասնին որոշ աստիճանի մը դպրոցին մէջ, բայց իրականութեան մէջ իրենց գիտելիքները բաւարար չեն: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ կայ այս կրթական խնդիրը. այնպէս չէ, որ ասիկա միայն Հայաստանին բնորոշ է. բայց մեր գործը այն է, որ փորձենք ընել ամէն ինչ, որպէսզի երեխաները իրօք ըլլան կրթական լաւ մակարդակի վրայ` իրենց եւ երկրի ապագային համար: Մենք անցեալ տարի 14 մասնակիցով մօտաւորապէս 1000 աշակերտի հետ կ’աշխատէինք, իսկ այս տարի 43 մասնակիցով 3500-4000 աշակերտի կրցանք հասանելի դարձնել կրթութիւնը: Հետաքրքրականը այն է, որ մեր մասնակիցները անպայման արտադասարանային աշխատանքներ կ՛ունենան աշակերտներուն հետ, դպրոցի ժամերէն ետք, կ՛ունենան ակումբներ, պարի խումբեր, առաջնորդութեան խմբակներ, լեզուի խմբակներ, նայած` մասնակիցին կարողութիւններուն ու ցանկութիւններուն եւ մանաւանդ երեխաներուն պահանջին: Գիտէք, մարզերու սահմանամերձ շրջաններուն եւ հեռաւոր գիւղերուն մէջ, դպրոցէն բացի, գործունէութիւններ եւ զբաղմունքի կեդրոններ գրեթէ չկան: Շատ յաճախ ընտանիքները նիւթական կարողութիւն ալ չունին, որ իրենց երեխաները տանին քաղաք` մասնակցելու արտադասարանային աշխատանքի եւ ապա վերադառնայ գիւղ: Ահա մեր մասնակիցները այդ արտադասարանային հետաքրքրական ծրագիրները կը բերեն դպրոց: Հետաքրքրականը այն է, որ եթէ մենք նախատեսած ենք անգլերէն լեզուի խմբակ 6-7-րդ դասարանի համար, շրջանաւարտներն անգամ կու գան եւ ցանկութիւն կը յայտնեն մասնակցելու. օրինակ` ունինք մասնակից մը, որ կը դասաւանդէ համակարգչային գիտութիւն: Ան ունի խմբակներ թէ՛ աշակերտներուն համար, թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ՛ ծնողներուն համար. տեսէ՛ք` որքա՜ն զարգացման կը տանի գիւղի մը մէջ մէկ անձը առանձին: Համայնքները փոքր են, ընդամէնը մէկ անձը շատ մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: Շրջաններուն մէջ մեր ծնողները աւելի պահանջկոտ դարձած են մեր համակարգին նկատմամբ, անոնք կը պահանջեն, որ իրենց երեխաներուն աւելի գիտութիւն մատուցուի, քան ինչ որ կը մատուցուէր: Իրօք դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ձգել քաղաքը ու երթալ գիւղ ապրիլ: Գիւղը մեծ ընտանիք է: Մեր մասնակիցները կը մտնեն մեծ ընտանիքի մէջ եւ որպէս ընտանիքի անդամ` երկու տարի կ՛ապրին գիւղական հարազատ ու ջերմ միջավայրի մէջ: Մեր մասնակիցները գոհունակութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը եւ կ՛իրականացնեն «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրը: 2017-ին մայիսին առաջին խումբը, որ մտած է դպրոց, կ՛աւարտէ ծրագիրը, եւ մենք կ՛ունենաք մեր առաջին շրջանաւարտներու խումբը, որ ամբողջացուցած պիտի ըլլայ երկամեայ ծրագիրը: Անհամբեր եմ տեսնելու, թէ իրենց յաջորդ քայլը ի՛նչ պիտի ըլլայ:  Մենք արգելք չունինք, որ երկամեայ ծրագիրը աւարտած մասնակիցները մնան դպրոց, եթէ իրենք յայտնեն այդ ցանկութիւնը: Մեր մասնակիցներուն մեծ մասը չունի մանկավարժական կրթութիւն, եւ մենք ճիշդ այդ նպատակով ալ անվճար կը տրամադրենք մանկավարժական կրթութիւն  (մագիստրոս-master)` մեզի հետ գործակցող համալսարաններէն մէկուն մէջ: Այս տարի մենք կը համագործակցինք Գիւմրիի պետական մանկավարժական եւ Բրիւսով անուան լեզուաբանական համալսարաններուն հետ: Երկու տարուան աւարտին մասնակիցները կ՛ունենան մագիստրոսական կրթութիւն` իրենց դասաւանդած ճիւղին մէջ: Մեր մասնակիցներուն համար ամէն ամիս կը ստեղծենք սեմինարներ, առիթներ, որպէսզի հանդիպին մեզի համագործակցող կազմակերպութիւններուն հետ: Հանդիպումներ կը կազմակերպենք ոչ միայն կրթական ոլորտէն  մասնագէտներու հետ, այլ` տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ եւս: Մենք կը փորձենք ստեղծել առիթ, որ կազմակերպութիւնները ծանօթանան մեր մասնակիցներուն, իսկ մեր մասնակիցները տեսնեն, թէ որո՛նք են մեր կազմակերպութեան աջակիցները, եւ այսպիսով առիթ ստեղծուի իրենց համար , որ կողմնորոշուին, թէ ի՛նչ կը ծրագրեն ընել երկու տարի ետք: Կրնամ հաստատել, որ շատեր արդէն  հետաքրքրուած են մեր մասնակիցներուն հետագայ աշխատանքի առումով:

«Ա.».- Ի՞նչ յարաբերութեան մէջ է «Թիչ ֆոր Արմենիա»-ն «Թիչ ֆոր օլ» միջազգային կազմակերպութեան հետ:

Թ. Ա.- Մեր կազմակերպութիւնը շատ արագ կը մեծնայ. յոյսով ենք, որ կրնանք նոյն թափով շարունակել մեր աշխատանքը եւ` աւելին: «Թիչ ֆոր Արմենիա»-ն, որ կը պատկանի «Թիչ ֆոր օլ» միջազգային ցանցին, անկախ է իր գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ որոշումներուն մէջ: Մենք մեր գումարները կը հայթայթենք: «Թիչ ֆոր օլ»-ը մեզի կը տրամադրէ իր փորձառութիւնը, կը կիսէ կրթական ոլորտին մէջ իր նորութիւնները, ինչ որ մեզի համար մեծ բան է: «Թիչ ֆոր օլ»-ը 40 երկրի մէջ աշխատող ծրագիր է, որոնց մէջ նաեւ` Լիբանանը: Եթէ նայինք զուտ ակադեմական յառաջդիմութեան առումով, «Թիչ ֆօր օլ» ցանցի մէջ «Թիչ ֆոր Արմենիա»-ն առաջատարներէն է, հակառակ անոր որ  համեմատաբար նոր կազմակերպութիւն է: Մեր յառաջդիմութիւնը, որ ցոյց տուած ենք դասարաններուն մէջ, իրօք չէ տեսնուած այսքան երիտասարդ կազմակերպութեան մը համար: Ամէն տարի տեղի կ՛ունենան միջազգային խորհրդաժողովներ, որոնց կը մասնակցին «Թիչ ֆոր Արմենիա»-ի դասաւանդող աշխատակազմը, ամէն մէկը` իր ոլորտին մէջ: Բնական է, որ ոչ միշտ այլ երկիրներու փորձը կարելի է կիրարկել Հայաստանի մէջ, եւ` հակառակը, թէեւ կան կրթական հարցերուն վերաբերող նմանութիւններ ու խնդիրներ: Սեմինարները հնարաւորութիւն կու տան կազմակերպութիւններու նոր եւ հետաքրքրական մօտեցումները տեսնել եւ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կրցած են յաղթահարել խոչընդոտները եւ անկէ  օգտուիլ հայաստանեան իրականութեան համար: Հետաքրքրական է նաեւ, որ «Թիչ ֆոր օլ»-ի ներկայացուցիչները պարբերաբար կ՛այցելեն մեզի` Հայաստան, որպէսզի ծանօթանան հայաստանեան իրավիճակին եւ կարենան մեզի աջակցիլ եւ ուղղութիւն տալ պէտք եղած ժամանակ: Իմ ամէնէն սիրած առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ երբեմն  կրնանք այցելութիւններ կատարել միւս երկիրներու կազմակերպութիւններուն ու դիտել` ինչպէ՛ս կը կազմակերպեն իրենց աշխատանքը:

Մեր մասնակիցները կը մտնեն դասարան` մտածելով, որ իրենք շատ ազդեցութիւն պիտի ունենան երեխաներուն վրայ, բայց վստահ եմ, որ երկու տարին ամբողջանալէ ետք մասնակիցները պիտի հասկանան, որ երեխաներն ալ իրենց վրայ շատ ազդեցութիւն ձգած են, եթէ ոչ` աւելի: Իմ կոչս է մեր հայ երիտասարդներուն, ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ`  ամէնուրեք, որոնք կը ձգտին գործ ունենալ, բարձր պաշտօններու հասնիլ, ինչո՞ւ չսկսիլ գործ մը, որ նոյն ատեն օգուտ կը բերէ մէկ այլ երեխայի: Մենք` իւրաքանչիւրս, ունեցած ենք մարդ, որ մեզի հաւատացած է,  մարդ, որ մեր կեանքին մէջ մեզի աջակցած է որոշ չափով տեղ հասնելու: Ինչո՞ւ չըլլալ այդ անձը մէկ ուրիշ երեխայի համար, ինչո՞ւ չընել այդ մէկը քու հայրենիքիդ` Հայաստանի մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>