Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Լիբանանահայ Արուեստագէտ, Գեղանկարիչ Կիւվտէրի Յիշատակին

$
0
0

ՎԱՀԷ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

guvder-et-vahe_adobervb

Կիւվտէր, բուն անունով Ճոն Կիւվտէրէլեան,   հօրաքրոջս տղան կ՛ըլլայ: Հօրաքրոջս ընտանիքը եւ մենք ամառ մը Լիբանանի մէջ Պհամտուն գիւղը բարձրացած էինք, այդ օրերուն Կիւվտէր Փարիզէն կը վերադառնար հետը բերելով տետրակներ, զանազան տեսակի մատիտներ, եւ այլն: Մեզ` փոքրիկներս, կը նստեցնէր, որպէսզի մեր դիմանկարները գծէ: Յաջորդաբար կը գծէր ու մեզի կ՛ըսէր` «Ասոնք ուսումնասիրութիւններ են` étude-ներ»: Հինգ տարեկան էի, եւ Կիւվտէր արուեստին կայծը բռնկեցուց մէջս:

Կիւվտէր իտէալական մը եղաւ, երկու անձնաւորութիւններու տէր մարդ մը` հանրային եւ վանական, աւանդական եւ արդիական: Այս էութիւնը իրեն տուաւ արտակարգ կարողութիւն մը, որով կերտուեցաւ արուեստագէտը, ուսուցիչը: Ան միշտ եղաւ անկաշառ եւ նուիրական:

Կիւվտէր արտակարգ աշխատող մըն էր, աշխատանքի հզօր առիւծ մը: Միշտ կ՛ըսէր, որ ժամանակը անկայուն է, ամէն ինչ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, պէտք է արագ շարժիլ, միայն յարատեւ աշխատանքով է, որ կարելի կ՛ըլլայ թափանցել նիւթական եւ ոչ նիւթական աշխարհը: Իր իմացական աշխարհը կազմուեցաւ արուեստին շուրջ: Իրեն համար արուեստը ճամբայ մը եղաւ տեսնելու, սորվելու եւ ըլլալու:

Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարեց, վերադարձաւ Լիբանան, արուեստի միջավայրի մը պակասը զգաց, ինչ որ զինք մղեց իր արուեստին զուգահեռ դաստիարակչութեամբ ալ զբաղելու:

Կիւվտէր զարգացաւ նկարչութեամբ: Ուշադրութիւնը կեդրոնացուց բնութեան ու անոր զանազանութեան հարստութեան վրայ: Գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը մաս կը կազմէին անոր կեանքին: Միշտ հարց կու տար, թէ ինչի՞ պիտի ծառայէ իմաստութիւնը, եթէ պիտի չկարենանք հասնիլ նոր նուաճումներուն, եթէ չարաչար աշխատանք չտանինք,  բան չենք շահիր: Կ՛ըսէր. «Նոյնիսկ սէրն ու ուրախութիւնը ծուլութեան չեն մօտենար»:

Բնութեան մէջ կերպերը, բուսական, անասնական, եւ այլն, իրեն համար դպրոց մը եղան: Արդի ճարտարարուեստի աշխարհէն կերպեր ալ օգտագործելով հասաւ նորանոր արտայայտութիւններու: Միշտ կ՛ըսէր ու կը կրկնէր.  «Եթէ կ՛ուզես հասնիլ նոր նուաճումներու, պէտք է նիւթ մը հարիւրաւոր անգամներ կրկնես, կերտես, նորէն կրկնես»: Բնութենէն առնուած ամէնէն պարզ իր մը կը խանդավառէր ու կը յուզէր զինք, աշխատանքի կը մղէր, նոր աշխատանք մը ստեղծելու կը տանէր: Արտակարգ ուժ մը ունէր նոր մթնոլորտ մը ստեղծելու, վայր մը ապրեցնելու, անոր հարուստ թանգարանային նկարագիր մը տալու:

«Շրջապատուած եմ հարիւրաւոր գիրքերով, իրերով, կ՛օգտագործեմ զանոնք, արուեստիս պահանջներուն համաձայն, ուզածիս պէս, ազատօրէն, մէկու մը հաշիւ չունիմ տալիք: Արուեստագէտին ազատութիւնը կարեւոր է»:

«Ուսուցչական գործունէութիւնս կեանքիս մաս կը կազմէ, անկէ ես ալ շատ բան կը սորվիմ: Կը սիրեմ ապրիլ, կեանքը անուշ է: Երբ մեռնիմ կ՛ուզեմ մարմինս հողին նուիրել, կ՛ուզեմ հոգիս ուրիշ աշխարհի մը մէջ գտնել ու միանալ մեծ հոգիներուն, որոնք կերտեցին իմ հոգեկան աշխարհս: Հիմա անծանօթը դուռին ետեւ կեցած է ու կը սպասէ. չեմ ուզեր, որ զիս տանի»:

«Արուեստը այնքան հզօր է, որ երբեմն չեմ կրնար հասկնալ զայն. բացասական ուժեր կ՛ուզեն հոգիս հեռացնել անկէ, բայց կը պայքարիմ, կը փաթթուիմ արուեստին, որ չանջատուիմ, քանի ան իմ կեանքս է: Էութիւնս նուիրուած է արուեստին»:

Տարիներով մեր միջեւ հոգեկան եւ իմացական յարաբերութիւն մը հաստատուած էր: Բանաստեղծութեան, փիլիսոփայութեան, արուեստի նուիրուած գիրքերու… մեծ ընթերցող մըն էր: Սիրահար էր Պոտլէրի բանաստեղծութիւններուն, մեծ սիրահար մը Ռամպրանթի գծագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Փիքասոյին: Այս երեք հեղինակները եղան Կիւվտէրին հոգեւոր հայրերը: Տարիներով գիրքերը, զոր կը գնէի Փարիզի գրատուներէն,  յաճախ զոյգ օրինակներ կ՛ըլլային` մէկը Կիւվտէրին, միւսը ինծի համար: Գիրքերը կարդալէ վերջ վերլուծումի երկար զրոյցներ կ՛ունենայինք միասին:

Կիլիկիոյ պարպումին ժամանակ, երբ վերջին հայ ընտանիքները կը լքէին իրենց պապենական տուները. գաղթականներով լեցուն նաւու մը մէջ, որ կ՛ուղղուէր դէպի Լիբանան, կը ծնի Ճոն Կիւվտէրէլեան (Կիւվտէր): Ճոն անունը փոխ առնուած է այդ նաւուն նաւապետէն, որուն շնորհիւ գաղթականները կը հասնին լիբանանեան ցամաքը:

Ծովը եղաւ իրեն համար մնայուն դրացին: Կ՛ըսէր` ծովուն ու ալիքներուն մէջ բնութեան գրգռութիւնները փոխակերպում կը բերեն…, երկար ատեն աչքերս կեդրոնացնելով այդ շարժումներուն վրայ բնութեան հոգիէն մէջս կ՛անցնի հիւթ մը եւ այդ ուժով կ՛աշխատիմ երկա՜ր ժամանակ…:

«Վահէ՛, ես այսօր որոշ տարիքի մը հասայ, որ արուեստը, չարաչար աշխատանքս աւելցուց հաւատքս, կարծես երկնային ուժ մը կը մտնէ մարմինիս մէջ ու կեանքս կը վերածուի հրաշքի: Ունեցայ ուրախութեան ու տառապանքի պահեր: Սիրտս բացի ու տուի ամէն ինչ որ ստացայ: Հասած եմ աննիւթական կեանքի մը…»:

Կիւվտէր մահացաւ 21 հոկտեմբերին, 93 տարեկանին: Արդէն մահուան քառասունքն է: Միշտ ներկայ են տարիներով Կիւվտէրին հետ ունեցած զրոյցներս` բանաստեղծութեան, կեանքի եւ մանաւա՛նդ արուեստի վերաբերող նիւթերու մասին: Կարելիութեան սահմաններուն մէջ զանոնք գրի առած եմ եւ ծրագրած եմ հրատարակել հատորով մը:

Փարիզ, նոյեմբեր 2016

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>