Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Միա՛յն Կամաւորը Արքայ Կ՛ըլլայ

$
0
0

gamavor-2126

ՏՕՆԻԿ Տ.

Կամաւորը անուն չունի, անոր վեհութիւնը կ՛ընդգրկէ բոլոր անունները:

Յաճախ խօսուած է «կամաւոր»-ի գործի արժէքին մասին, այդ գործին արդիւնքին, չափին մասին, թէ կամաւոր աշխատանք մը որքանո՞վ եւ ի՞նչ տարողութեամբ իր ազդեցութիւնը ձգած է անհատի մը, հաւաքականութեան մը, կամ նոյնիսկ համամարդկային արժէքի մը վրայ:

Շրջենք պատկերը: Կամաւոր աշխատանքով մը որքա՞ն ճիգ թափուած է ազդեցութիւն մը, կամ փոփոխութիւն մը կատարելու: Ճի՞շդ է այն վարկածը, որ կ՛ըսէ, թէ չկան փոքր ու մեծ կամաւոր աշխատանքներ. կամաւորը կամաւո՛ր է:

Ասիկա կը նմանի Աւետարանին մէջ նշուած այրի կնոջ, որ իր ամբողջ ունեցածը տուաւ իր հաւատացած գործին համար: Կամաւոր աշխատանքը այն է, երբ գործի մը ձեռնարկման սկզբնակէտն ու դրդապատճառը ըլլայ առաւելագոյն անկեղծութեամբ, արդիւնքը` ոչինչ, քիչ մը, թէ շատ փոփոխութիւն, ի՜նչ որ ըլլայ…

Կամաւոր աշխատանքը արժէք չունի, անիկա կ՛ընդգրկէ բոլոր արժէքները:

Նուիրուածութիւն, անձնազոհութիւն, ազնուութիւն, պարկեշտութիւն, խոնարհութիւն եւ… հաւատքի հզօրութիւն: Կամաւորը ան է, որ կը հաւատայ, իսկապէ՛ս կը հաւատայ իր կատարած գործին վեհութեան` առանց դոյզն չափով փոխադարձը սպասելու, առանց նենգութեան «ծանօթ» ըլլալու:

Կամաւորը անուն ՈՒՆԻ, ան արքան է, որուն գործին մէջ կը տեսնուին արքայական արժէքներ, որուն մէջ կ՛ապրի կամաւոր աշխատանք մը կատարելու բոլոր տուեալները` առաւելագոյն անկեղծութեամբ: Կամաւորը ան է, որուն մէջ կ՛ապրի արքայական ոգին, կամաւորութիւնը իր սրտէն կը ծնի, իր երակներէն կը բխի:

Կամաւորը անուն ՈՒՆԻ: Իբրեւ արժէք` կամաւորը արքայ է:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>