Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Կամաւորին Վարձքը Կատար»

$
0
0

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Ամէն տարի դեկտեմբերի առաջին շաբաթը կը նշուի Օգնութեան խաչի կամաւորներու օրը: Այդ հանդիսութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ հայ ժողովուրդը որքա՛ն մօտ կը զգայ այս մեծ կազմակերպութեան, որ ծնած է իր իսկ գաղութէն, հասակ նետած` մեր գուրգուրանքով եւ ուռճացած` տարուէ տարի ընդարձակելով իր գործունէութեան դաշտը:

Կամաւորներու օրը նշելով` Օգնութեան խաչը իսկական արժէքը կու տայ այդ անձնուէր գործունէութեան ծառայող անդամուհիներուն: Օգնութեան խաչէն ներս պէտք է ըլլալ` անդրադառնալու համար գործին մեծութեան եւ մասնաւորաբար կարեւորութեան:

Երեք հազարէն աւելի անդամներու կնոջական հսկայ բանակ մը եղած է ԼՕԽ-ը: Կազմակերպուած ուժ մը, յարգանքի արժանի` յատկապէս կրթական ու խնամատիրական մարզերուն մէջ:

Ազնուօրէն բարձրացած` կը ծառայեն միութեան մարդկայնացման ուղիով, ամբողջական նուիրումի ու զոհաբերութեան ոգիով` ժողովուրդին համար:

Ի՞նչն է գաղտնիքը այն ուժին, որ հայ կինը կը կապէ այս միութեան:

Հայուհին իր անսահման նուիրումին կնիքը դրաւ այս միութեան վրայ, անով արժեւորուեցաւ, կազմակերպուեցաւ իբրեւ հաւաքականութիւն` դառնալու համար նկատառելի, պատկառելի ուժ մը մեր իրականութեան մէջ:

Պետականօրէն գնահատուած ըլլալը իւրաքանչիւր հայ կնոջ, անոր ծառայութեան ոգիին ու անսակարկ նուիրումին վարձատրութիւնը եղած է:

Հանդիսութիւնները խթան կը ծառայեն Օգնութեան խաչին եւ հանրանուէր վարիչներուն աւելի բուռն թափով շարունակելու այս կենսական գործը` նոր սերունդներու դաստիարակչական, ֆիզիքական, առողջութեան եւ հոգեկան սնունդին համար:

Էականը, ի հարկէ, ձեռք բերուած նուաճումները չեն այնքան, որքան ձգտումը` աւելի կատարեալին,  գլխագիր նուիրումին:

Մեզմէ կ՛ակնկալուի մեր բոլորանուէր աջակցութիւնը` միութեան գլխաւոր նպատակներուն իրականացման համար:

Վարձքերնիդ կատա՛ր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>