Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Կամաւոր Հայ Խաչուհին` Մշտավառ Կանթեղը Հայուն

$
0
0

ԳՈՀԱՐ ՈՒՆՃԵԱՆ-ԿԻՒՎԼԷՔՃԵԱՆ

1910-ին հիմնադրուեցաւ Հայ օգնութեան միութիւնը, որով առաւել իմաստաւորուեցաւ կամաւոր բառը: 1930-ին հիմը դրուեցաւ ԼՕԽ-ին, որ հետզհետէ ընդարձակեց իր աշխատանքային դաշտը` 26 մասնաճիւղերուն ընդմէջէն: Անիկա ո՛չ միայն լծուեցաւ ժողովուրդին ծառայութեան, այլ նաեւ անոր մէջ վառ պահեց պահանջատիրական ոգին:

Պարման տարիքիս` 1975-ին, կը յիշեմ, որ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով դուռը կը թակէին գեղադէմ տարեց ու երիտասարդ կիներ, որոնք ժպտուն դէմքերով կը հարցնէին, եթէ մայրս տունն էր: Մայրս սիրով զանոնք ներս կ՛առաջնորդէր, կը զրուցէին միութենական տարբեր հարցերու մասին, անոնք իրենց հետ բերած կ՛ըլլային օրացոյց, ձեռնարկներու տոմս, հանգանակութիւն կը հաւաքէին, «Պնակ մը կերակուր»-ի կտրօններ կը ծախէին եւ այլն: Մայրս միշտ սիրայօժար կը քաջալերէր զանոնք: Անոնց մեկնումէն ետք կը հարցնէի մօրս, թէ ովքե՞ր են այդ կիները: Ան կը բացատրէր, որ այս ընկերուհիները առաքինի կամաւոր աշխատող ԼՕԽ¬ականներ են, Թրատի շրջանի «Շուշանիկ» մասնաճիւղէն, որուն կը պատկանէր մայրս: Լաւապէս կը յիշեմ, թէ որքա՛ն ոգեւորուած եւ բարձր տրամադրութեամբ կը վերադառնայի ԼՕԽ-ի կազմակերպած ձեռնարկներէն, որոնց ընդմէջէն բաւական գաղափար կազմեցի միութեան գործունէութեան մասին:

Լիբանանի պատերազմի առաջին օրերուն, երբ  դպրոց կը յաճախէի, կը յիշեմ, թէ Թրատի եւ Պուրճ Համուտի միջեւ գտնուող ԼՕԽ-ի դարմանատունը` շոգեկառքի գիծին կողքին, հին կառոյցի առաջին յարկին վրայ, միշտ լեցուն կ՛ըլլար ԼՕԽ-ականներով, որոնք միշտ կամաւոր ներկայութիւն եղան պատուաւոր միութեան յարկին տակ:

Կեանքիս երկրորդ հանգրուանին` 18 տարեկանիս, երբ ամուսնացայ եւ մեկնեցայ հիւսիսային Լիբանան` Թրիփոլի, շատ յուզիչ ներաշխարհ մը ունեցայ` Պէյրութի հայահոծ շրջանէն նման վայր մը փոխադրուելով, օտարութեան մէջ: Սակայն շուտով անդամագրուեցայ «Նաւասարդ» ակումբի ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղին: Այն ատեն սփոփուեցայ, որովհետեւ ինքզինքս գտայ գրկաբաց հայ մեծ ընտանիքի մը մէջ: Կարճ ժամանակ ետք ստանձնեցի վարչութեան ատենադպրութիւնը` լիովին զգալով եւ ապրելով կամաւոր բառին խորհուրդը: 36 տարի է անդամ եմ այս միութեան, իսկ 28 տարի է` վարչական:

Եւ ինչե՜ր չըրաւ այս միութիւնը` թէ՛ հայ կնոջ, եւ թէ՛ հայ ազգին: Անիկա հայ կինը դուրս բերաւ իր խոհանոցային առօրեայէն, մղեց զայն կամաւոր աշխատանքին ընդմէջէն մասնակից դառնալու ընկերային եւ քաղաքական կեանքին, գաղութի գոյատեւման ու պայքարին: Նաեւ հասաւ հայրենիք, Արցախ, ուր կատարեց բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, նիւթական եւ բարոյական նեցուկ հանդիսացաւ շատերու, իրականացուց բազում ծրագիրներ:

Լիբանանի օգնութեան խաչ® երեք բառեր, զորս կը կրեմ իմ երակներուս մէջ, ականատես եղած եմ անոր գործունէութեան բոլոր դաշտերուն, տեսած եմ, թէ լաւ ու վատ օրերուն, ուրախ ու դժուար օրերուն միութեան անդամները ինչպէ՛ս նեցուկ ու ապաւէն հանդիսացած են բոլորին անխտիր` կամաւորաբար, տալով իրենց անձէն, ժամանակէն, ներուժէն: Իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական լաւապէս կը գիտակցի, որ ինք արիւնակից կարօտեալին հանդէպ պէտք է ըլլայ հոգածու եւ գուրգուրոտ, կը գիտակցի, որ ազգային արժանապատուութիւնը անհատական ամէն տեսակ հանգիստէ վեր է ու վսեմ:  Զոհաբերութիւն, զոհողութիւն, աշխատանք, մասնակցութիւն եւ օգնութիւն® ասոնք են ԼՕԽ-ականի մը հիմնական յատկանիշները: ԼՕԽ-ը միայն երկու ձեռք չունի, այլ անհամար ձեռքեր, որոնք կը ծառայեն տարբեր ձեւով ու տարբեր ուղղութիւններով:

Ո՞վ չի ճանչնար ԼՕԽ-ը. ԼՕԽ-ական մը կայ ամէն տան մէջ` մեծ մայր, մայր, քոյր, հօրաքոյր կամ մօրաքոյր, որոնց նպատակն է կամաւորաբար մասնակցիլ մարդասիրական այս միութեան գնահատելի եւ սքանչելի գործունէութեան, որ 86 տարիէ կը գործէ լիբանանահայ իրականութեան մէջ` ծառայութեան ու նուիրումի ամէնէն բարձր գիտակցութեամբ:

ԼՕԽ-ը կառոյց չէ, այլ եզակի երեւոյթ է, որ իսկապէս վճռորոշ դեր կատարած է մեր կեանքին մէջ, յատկապէս սփիւռքի մէջ. ԼՕԽ-ի կամաւոր գործին վկայած եմ անձնապէս, իսկ երբ կը խօսիս այդ աշխատանքին մասին, տարբեր ներշնչում, ոգեւորութիւն ու գոհունակութիւն կ՛ապրիս: ԼՕԽ-ը ոգի է, կամք` ծառայութեան, առանց սպասումի: Այդ պատճառով ալ ԼՕԽ-ը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունի, վճռական ներդրում, հաւաքական սիրտ ու տեսիլք կը կրէ իր մէջ: Անիկա վիթխարի Արարատին նման ամուր կանգնած է հայկական իրականութեան մէջ` քաջ գիտակցելով, որ իր ճամբան երկար է ու դժուար, սակայն իր արձանագրած յաջողութիւններուն, մարդասիրական ուրոյն իրագործումներուն ի տես ան վեհ ճակատով կը շարունակէ իր երթը` անկոտրում կամքով: ԼՕԽ-ը լոկ միութիւն մը չէ, այլ ապրելու, ծառայելու, ապրեցնելու եւ գոյատեւման երթը երաշխաւորելու ամրոց է, որ իմաստ կու տայ մեր առօրեային: Անիկա կ՛ապրի ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար, լիբանանահայ իրականութեան մէջ կը հանդիսանայ միակ կազմակերպութիւնը, որ կը ծառայէ ամբողջովին կամաւորաբար, կը համախմբէ առանց խտրականութեան, կը հասնի բոլորին` հայ թէ օտար, նաեւ իր անդամուհիները կը մղէ վայելելու կամաւոր աշխատանքին առթած գոհունակութիւնը:

Այս միութիւնը կոչուած է ծառայելու բոլորին` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի մէջ, իսկ վերջերս` նաեւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակին պատճառով Լիբանան հասած սուրիահայ մեր հարազատներուն:

Ընդարձակ է գործունէութեան դաշտը, անիկա կը ներառէ նաեւ հայկական արժէքներու պահպանում եւ փոխանցում` հինը պահելով, զայն նորովի ներկայացնելով:

ԼՕԽ-ը կամաւորներով հովանաւորուած զօրաւոր բռունցք է, որուն զօրութիւնը իր միասնականութեան եւ հաւաքական աշխատանքին մէջ է:

Հայ օգնութեան խաչուհիներո՛ւն,

Մնա՛ք յաւիտեան մշտավառ ջահը հայութեան:

Թրիփոլի

(Հատուածներ)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>