Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հալէպահայ Աւօ Գաբրիէլեան` Մրցանակակիր Թորինոյի Շարժապատկերի Փառատօնին

$
0
0

1129avo-kaprielian

Հալէպի մէջ հրատարակուող մեր պաշտօնակից «Գանձասար» թերթը կը հաղորդէ, որ հալէպահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանի «Տուներ` առանց դռներու» ժապաւէնը արժանացաւ Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի 34-րդ շարժապատկերի միջազգային փառատօնի վաւերագրական ժապաւէններու գլխաւոր մրցանակին:

Փառատօնի դատակազմը բարձրօրէն գնահատեց Աւոյին հեղինակած ժապաւէնը, յատկապէս նկատի առնելով, որ ան պատերազմական պայմաններու մէջ յաջողած է իր տան պատշգամէն աշխարհին ներկայացնել պատերազմին ողբերգութիւնը եւ շեշտել, որ Սուրիոյ հայ եւ արաբ բնակչութիւնը հաւասարապէս զոհ են բարբարոսական արարքներուն:

Փառատօնին ներկայացուած էին նաեւ թրքական, գերմանական, յունական, հոլանտական, արժանթինեան եւ այլ ժապաւէններ:

Աւօ Գաբրիէլեան այս շարժապատկերը նուիրեց Հալէպին` ըսելով, որ` «Հալէպը իր մօրը` Սուրիոյ, գիրկին մէջ կ՛արիւնի», եւ աւելցնելով, որ այս մրցանակը պարզապէս քայլ մըն է հասնելու այն արդարութեան, որուն կը ձգտի հայ ժողովուրդը հարիւր տարիէ ի վեր:

Աւօ նաեւ հաստատեց. «Հայերը յաճախ կը շեշտեն, որ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը պիտի չապրին, սակայն, ցաւ ի սիրտ, այսօր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի ոչ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ Իրաքի ու Պաղեստինի ժողովուրդը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>