Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գրական Փառատօն` Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ

$
0
0

1126armeniangenocide

Նոյեմբեր 20-23 հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մշակութային մայրաքաղաքը հանդիսացող Սուլէյմանիէի մէջ տեղի ունեցաւ «Կալաուէժ» քառօրեայ փառատօնը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրականութեան եւ հայ-քրտական յարաբերութիւններուն:

Հայկական պատուիրակութեան անդամ, լրագրող Աստղիկ Աւետիսեան նշեց, որ փառատօնը բացուած է ցուցահանդէսով մը, ուր ներկայացուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան նմուշներ:

Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կցորդ-հիւպատոս Սմբատ Խաչատրեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քրտական համայնքին` նշելով, որ համայնքի անդամները հայկական հասարակութեան լիիրաւ անդամ են, անոնց սեփական լեզուն, կրօնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները պաշտպանուած են սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած իրաւունքներով:

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումը վարեց լրագրող ու քաղաքական մեկնաբան Հեմն Մամրաշ:

Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական բնակչութեան կարգավիճակի հարցը, ինչպէս նաեւ` թրքական իշխանութիւններուն կողմէ շարունակուող հակահայ քաղաքական իրողութիւնը:

Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-քրտական կապերու բաժինի վարիչ Վահրամ Պետրոսեան զեկոյց մը ներկայացուց` հայ-քրտական յարաբերութիւններու հիմնական փուլերուն, առկայ հիմնահարցերուն եւ համագործակցութեան ներուժին մասին: Մասնաւոր կարեւորութիւն տրուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին միջեւ յարաբերութիւններուն: Բանախօսը յոյս յայտնեց, որ Քիւրտիստանի հայրենակցական միութիւնը իր նպաստը կը բերէ ո՛չ միայն Իրաքեան Քիւրտիստանի, այլ նաեւ Իրաքի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու ուղղութեամբ բանաձեւի մը վաւերացման:

Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Ատոմ Մխիթարեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ձեւաւորուած սփիւռքին: Ան նշեց, որ սփիւռքը մեծ ազդեցութիւն ունի Հայաստանի տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ կեանքի միւս բնագաւառներուն վրայ, ապա մէջբերեց նաեւ այժմ ձերբակալեալ քիւրտ կուսակցապետ եւ երեսփոխան Սալահէտտին Տեմիրթաշի խօսքերէն` նշելով, որ Տեմիրթաշ կոչ ուղղած էր, որ Թուրքիա առերեսուի իր պատմութեան հետ ու ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ քիւրտ փորձագէտներ, ապա բուռն քննարկումներ կատարուեցան: Քիւրտ մասնագէտները չժխտեցին այն փաստը, որ քիւրտերը մասնակցած են Ցեղասպանութեան իրագործման, բայց միաժամանակ յոյս յայտնեցին, որ 20-րդ դարու արհաւիրքը այսօր խոչընդոտ չի հանդիսանար հայ-քրտական յարաբերութիւններու զարգացման:

Փառատօնին մասնակցեցան տեղական քաղաքական ու մշակութային յայտնի գործիչներ, Իրաքեան Քիւրտիստանի փոխվարչապետը, Իրաքի մշակոյթի նախարարը, Իրաքեան Քիւրտիստանի կրթութեան ու գիտութեան, մշակոյթի նախարարները, Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան գործադիր մարմինի ղեկավարը, ինչպէս նաեւ` քիւրտ մտաւորականութեան ազդեցիկ ներկայացուցիչներ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>