«Սկսա՜նք…»:
Այս ուրախ բառով շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2016-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտներս միաժամանակ սկսանք մեր գեղարուեստական յայտագիրն ու տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը:
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբէն ներս, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան ներկայութեամբ, տեղի ունեցան` սկաուտական տողանցք, պաշտօնական արարողութիւններ եւ գեղարուեստական յայտագիր, որոնցմով նշեցինք 2016-2017 տարեշրջանի սկիզբը:
Ակումբի մուտքին ներկաներուն բաժնեցինք մեր պատրաստած փոքր ձեռային աշխատանքը, իսկ դաշտին մէջ շինած էինք սկաուտական մեծ ձեռային մը` լուսաւորուած եւ հարուստ պարանի խաղերով:
Տողանցքէն եւ փոխանցման ու դրօշակի արարողութիւններէն ետք, խօսք առին յաջորդաբար Շրջանային խմբապետութիւնը, մասնաճիւղիս սկաուտական խորհուրդը եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեանը: Մեծ ուրախութիւն էր տեսնել մասնաճիւղիս վերակազմուած մարզական խումբերը, որոնք մեզի միացան արարողութենէն ետք` մասնաճիւղային խմբանկարին: Քահանային քաջալերական խօսքերէն եւ խմբանկարէն ետք ընթացք առաւ ֆլաշմոպ ոճի թատերական անակնկալներով լեցուն յայտագիրը: Հետաքրքրական էր, որ գեղարուեստական յայտագրի առաջին մասը հիմնուած էր «սկսա՜նք» բառին վրայ. շփոթ ստեղծող, իրարու յաջորդող թատերական արարքներ ի վերջոյ յանգեցան մասնաճիւղի բոլոր անդամներու մասնակցութեամբ ներկայացումի մը սկզբնաւորութեան, որուն կ՛ընկերակցէր «Սկսա՜նք» գրութեամբ պաստառի մը պարզումը, որ կ՛ակնարկէր տարեշրջանը սկսելուն: Մեր մարմիններով ձեւաւորուած մարդկային ժամացոյցին համրանքէն ետք ներկայացուցինք ձեռքերու եւ ոտքերու հարուածներով ստեղծուած բարդ կշռոյթ մը: Վերջաւորութեան, հայկական խանդավառող եղանակի մը ընկերակցութեամբ, մասնաճիւղի բոլոր անդամներով պարեցինք եւ այդպէս փակեցինք մեր վերամուտի յայտագիրը:
Յայտագիրը փակեցինք, բայց տարեշրջանը նոր սկսանք, եւ դեռ շա՜տ նման հաւաքոյթներ, ներկայացումներ եւ նոր յայտագիրներ կը սպասեն մեզի: Ի դէպ, պաշտօնական վերամուտէն մէկ շաբաթ ետք, շաբաթ, 5 նոյեմբերին, քաղաքի Ճեմարանի շրջափակէն ներս կազմակերպեցինք միջազգային ընթրիքի երեկոյ մը: Հինգ տարբեր երկիրներու ճաշատեսակներով, հայկական կամ այլ մշակոյթներու պատկանող երաժշտութիւններով, եւ ներկայութեամբ մեր ծնողներուն ու բարեկամներուն, պարեցինք, կերանք, զրուցեցինք եւ անցուցինք շատ հաճելի ընկերական մտերմիկ ժամեր:
Պաշտօնական վերամուտի եւ ընթրիքի խանդավառ մթնոլորտները պիտի ընկերակցին մեզի այս տարեշրջանի բոլոր հաւաքներուն, բանակումներուն եւ տարբեր հանդիպումներուն: Կը սպասենք, որ դուք ալ վայելէք այս մթնոլորտը. մաս կազմեցէ՛ք մեր աշխատանքներուն:
Մեր հաւաքները տեղի կ՛ունենան ամէն շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:30, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբէն ներս, Զոքաք Պլաթ:
ՍԿԱՈՒՏ