Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Հայ Տուն». «Հայրս Կ՛ըսէր, Որ Եթէ Օտարի Հետ Ամուսնանաս, Կը Սպաննեմ Քեզ»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

jebejian-1_112916

Սանթիակօ, Չիլի: Նոյեմբեր 2016: Թէեւ Չիլին ֆութպոլային աշխարհին մէջ նաեւ ստեղծած է իրեն յատուկ առասպել մը` յար եւ նման Լատին Ամերիկայի իր դրացի երկիրներուն, բայց նաեւ ունի աշխարհագրական ու բնութեան իր տուեալներուն  իւրայատկութիւնները: Հետաքրքրական է նայիլ Չիլիի քարտէսին, Հարաւային Ամերիկայի հարաւ-արեւմտեան շրջանին, որուն ուղղահայեաց եւ բարակ-երկար տարածքը ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ունի բնութեան ստեղծած եւ շնորհած գեղեցկութիւնը: Եթէ Սանթիակօ մայրաքաղաքին ամբողջ տարածքը խճողուած է ծառերով եւ շրջապատուած է լեռներով, սակայն երկրին արեւմտեան ովկիանոսի շրջանը կը գլէ ու կ՛անցնի ամէն գեղեցկութիւն: Երկիրը զարգացած է եւ կամաց-կամաց սկսած է յառաջխաղացք արձանագրել ընկերային-տնտեսական բնագաւառին մէջ` անկախ իր մօտիկ անցեալի քաղաքական կեանքի որոշ վերիվայրումներէն:

Սոնիա Գրիթիսեանը ծնած է Չիլի: Հայրը Կելիպոլէէն եւ մայրը` Պուրսայէն, եւ Ցեղասպանութենէ ետք, անցնելով մէկ գաղթօճախէն միւսը, կայք հաստատած են Չիլի: Եւ Սոնիայի հօր ապրած Ցեղասպանութեան արհաւիրքը անոր մէջ կերտած էր ապրելու եւ կեանքը շարունակելու զօրաւոր հիմք: Ասկէ ալ կը բխի իր պատգամը, թերեւս «զգուշացումը»` իր դստեր Սոնիային: «Եթէ օտարի հետ ամուսնանաս, կը սպաննեմ քեզ»:

Սոնիան հնազանդած էր իր հօրը «պատգամին»: «Սպասեցի, եւ բախտս Ալպեր Էքմէքճեանն էր»: Ալպերը, որ Պէյրութի մէջ իր օրերուն վաստակ շահած հեծելարշաւի ախոյեան մարզիկ եղած էր, 1960-ական տարիներուն կը հաստատուի Չիլի` հայկական իր կեանքը շարունակելու տեսլականով:

«Հօրս համար ուրիշ լաւ բան չկար, քան` ուրիշ հայ մը»:

Նազար եւ Նատիա Պալոյեանները կը համարուին Չիլիի հայկական գաղութի երիցագոյն անդամներէն,  երեւի` ամէնէն երէցնե՞րը: Նազարին ծնողքը Խարբերդէն եկած է, իսկ Նատիան` Պոլիսէն գաղթած: Նատիային մէջ տակաւին կայ Վոսփորեան ջերմութիւնը եւ աշխուժութիւնը: «Յաջորդ այցելութեանդ քեզի պոլսական ճաշ պիտի պատրաստեմ», ըսաւ ինծի:

Նազարին հայրը ու իր նման համախոհեր 1950 թուականին Սանթիակոյի մէջ գնած ու հիմնած են Հայ տունը: Հոն, ուր հայեր պիտի համախմբուին: Բաւական մեծ տարածք` պարտէզ ու սրահներ ընդգրկող այս կեդրոնը կը գործածուի մօտաւորապէս երեք հարիւր հոգի հաշուող փոքրաթիւ հայ գաղութի հայկական կեանքին շարունակականութեան համար: Երբեմն-երբեմն կը մատուցուի Ս. պատարագ` այցելու հայ կղերականի մը կողմէ, նաեւ կը կազմակերպուի հաւաքոյթ, կը կատարուին խաղեր ու շաբաթ օրերը` հայերէն դասընթացք: Պարտէզին մէջ նաեւ զետեղուած է խաչքար եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող: Նոյն հայն է, որ որոշած է ապրիլ:

Ու` Նազարին յուշերը: «Հօրս համար ուրիշ լաւ բան չկար, քան ուրիշ հայ մը»: Եւ այդ «ուրիշ հայը» հայ պահելու համար ոչ մէկ ճիգ խնայած է կազմակերպելու համար այս հայկական գաղութը:

 

jebejian-2_112916

Շաբաթ, 12 նոյեմբեր 2016: «Հայ տուն»-ին մէջ նստելով` կը վայելեմ այս պզտիկ Հայաստանը: Թէեւ շատ հեռու է մեծ Հայաստանէն, բայց հայու կարօտը կը մօտեցնէ սրտերը, զգացումները, յիշատակները, պայքարը, սփիւռքեան մարտահրաւէրները: Թէեւ հայկական այս փոքր «գումարտակ»-ը կը մարտնչի ինքն ալ իր գոյապայքարին համար եւ իր ապրած իրավիճակին մէջ, բայց կայ գիտակցութիւնը: Թէեւ լեզուն կը նահանջէ, բայց տակաւին վառ կը մնայ զգացումը: Եւ «Հայ տուն»-ին մէջ, շրջապատուած հայկական այս փոքր խմբակով, կ՛ապրիմ այս «զգացումները»:

Նազելի Նազարը ծնած է Չիլի: Մեծ ծնողքը եկած են Չիլի Ցեղասպանութենէ ետք: Սիրած է երաժշտութիւն եւ հետեւած է ձայնամարզութեան: Կեանքի պայմանները եղած են տարբեր, եւ ան նետուած է լրատուական ասպարէզ, բայց միշտ պահելով իր առաջին սէրը` երաժշտութիւնը:

«Հայկականութիւնը զգացում է ինծի համար եւ ոչ թէ` միտք ու տրամաբանութիւն», Նազելին է խօսողը:  «Եւ որքան որ մեծնամ, մէջս այդքան աւելի կը զօրանայ այս հայկական զգացումը»: Նազելին կը ցաւի, որ հայերէն չէ սորված իր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն: Բայց իր մէջ զօրաւոր է Ցեղասպանութեան ցաւը: «Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն, երբ կ՛երգէի երգչախումբին հետ, սկսայ լալ: Գիտակցեցայ, թէ ցաւը որքան խորունկ չափով առկայ է իմ արեանս մէջ», ըսաւ Նազելին:

Վիգէն Բալայեանը Հայաստանէն է: Երիտասարդ հայորդի, որ ուսանած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: «Թափառած» է հայկական մէկ գաղութէն միւսը` հասնելու համար Սանթիակօ: Եւ չեմ գիտեր, թէ Սանթիակոն վերջին հանգրուա՞նն է երիտասարդ Վիգէնին համար: Բայց ան իր ստացած հայեցի ամուր դաստիարակութիւնը ի սպաս կը դնէ Չիլիի հայկական գաղութին: Ամէն շաբաթ օրերը կայ հայերէն դասընթացք, եւ Վիգէնը կը սորվեցնէ մայրենին:

Վերճինիա Էքմէքճեանը փոխատենապետն է հայկական գաղութի վարչութեան: Ան կը գիտակցի, թէ «Հայ տուն»-ը բոլոր հայերը միացուց: Ներկայ «Հայ տուն»-ը ծախած են,  բանակցութիւնները իրենց վերջնական փուլին մէջ են` նոր հողատարածքի մը գնման համար, աւելի լաւ վայրի մը մէջ եւ տարբեր յարմարութիւններով: Հոն պիտի կառուցեն եկեղեցի եւ կեդրոն, բայց գաղութը ներկայ տունը տակաւին կը գործածէ` մինչեւ նոր կեդրոնի վերջնական դասաւորումները:

Վերճինիան կը խօսի Ցեղասպանութեանը մասին: «Ցեղասպանութեան մասին կը խօսիմ արդարութեան եւ ճշմարտացիութեան համար եւ չեմ ուզեր, որ մարդիկ մեզի մեղքանան», ըսաւ ան: Վերճինիան խօսեցաւ նահատակներու սրբադասման մասին ալ: «Սրբադասումը հայկական նոր ուժ ներմուծեց մեր կեանքերուն»:

jebejian-3_112916

Այդ խմբակին մէջ է նաեւ չիլիցի Հիւկօ Տիազը, որ երաժիշտ երիտասարդ մըն է, կը նուագէ օպուայ երաժշտական նուագարանը: Եւ ան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջէն բացայայտած է, թէ օպուան սերած է հայկական տուտուկէն: Եւ իր մէջ սկսած է արթննալ մէկ կողմէ հետաքրքրութիւն, բայց նաեւ սէր` հայութեան եւ հայկական մշակոյթի համար: Հիւկօ կը սորվի հայերէն խօսիլ ու գրել:

Ուզեցի հետեւիլ հայերէն դասընթացքին, թէ ինչպէ՛ս Շաքէն եւ Էմիլիան` չափահասներ, հատիկ-հատիկ հայերէն տառերը կը սորվին ու կը գրեն: Հայուն գոյապայքարի ճանապարհն է, որ պէտք չէ ընդհատուի…

jebejian-4_112916

Պէտք էր, որ մեկնէի: Ուրախ էին տեսնելով, որ հայ մը եկած է եւ իրենց կ՛այցելէ: Իրենց աչքերուն եւ խօսքերուն մէջ կար այդ արտայայտութիւնը: Եթէ մէկ կողմէ քաջալերուած էին, բայց նաեւ կ՛անդրադառնային, որ իրենք ալ մէկ մասնիկն են հայկական մեծ ընտանիքին` Հայաստանին եւ սփիւռքին: Եւ զգացի, որ կ՛ապրէին այդ արժէքին պահը, թէկուզ կարճ հանդիպումով, բայց` իրական:

Եւ դարձեալ Նազարն է խօսողը, որուն առողջական վիճակը թէեւ  շատ քաջալերական չէ, բայց ան ուրախ մարդն է` զուարթ հոգիով: Ժպիտը դէմքին` ըսաւ ինծի. «Երեւի շուտով կը մեկնիմ… Բայց չեմ գիտեր, ո՞ւր պիտի երթամ…»:

Նազարին ձեռքը ամուր սեղմեցի եւ իր այդ ուրախ աչքերուն նայելով` ըսի իրեն. «Մեկնելէդ առաջ պէտք է, որ եկեղեցին եւ «Հայ տուն»-ը շինես: Հօրդ աւանդն է, որ պէտք է շարունակես»:

Չեմ գիտեր` ե՛րբ նորէն պիտի տեսնեմ Նազարը եւ Սանթիակոյի հայկական փոքր «գումարտակը»: Երեւի օրերը ցոյց կու տան: Բայց կայ «Հայ տուն»-ը, որուն ջերմութիւնը ապրեցայ ու պիտի շարունակեմ ապրիլ հեռուէն, որովհետեւ անիկա ապրող իրականութիւն է: Հայուն աւանդն է, հայուն հպարտութիւնը, այն հայուն, որ որոշած է ապրիլ:

«Հայ տուն»(եր)-ը: Չիլի եւ քիչ մը ամէն տեղ: Փոքր տուն(եր), որոնք միասին, քով-քովի գալով` կը կազմեն հզօր եւ մեծ Հայաստանը:

Եւ այս «Հայ տուն»(եր)-ը` Մեծ Հայաստանը, հայօրէն ապրելու եւ իբրեւ հայ գոյատեւելու գրաւական կը հանդիսանան, ուստի անպայման պէտք է գուրգուրալ անոնց ու պահպանել:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>