Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըրը

$
0
0

hh-aram-i_dr-locher_112316

Երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ զուիցերիական եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեանց եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով զուիցերիական եկեղեցիներուն կողմէ կատարուած շարք մը նախաձեռնութիւններուն եւ այդ ծիրէն ներս` վեհափառ հայրապետին Զուիցերիա տուած այցելութեան:

Նորին սրբութիւնը եւ դոկտ. Լոխըրը նաեւ քննարկեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարելիութիւնները:

Ապա դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրը ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին:

Յայտնենք, որ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան շրջանէն սկսեալ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն միջեւ: «Արմենոֆաս» մարդասիրական կառոյցը յիշեալ գործակցութիւնը կը շարունակէ բնականաբար նոր մօտեցումներով եւ առաջնահերթութիւն տալով մեր օրերու ընկերային ծառայութեան կարիքներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles