Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17569

Հերոսամարտին Իմաստը

$
0
0

ԱՐԱՄ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Ourfa_121115

Չենք ուրանար Ուրֆայի անցեալ պատմութիւնը, սակայն կը նկատենք, որ հասնող սերունդը անմիջական երէկն է, որ կը փնտռէ, անով ինքզինք հպարտ զգալու համար:

Հայկն ու Արամը` հին դարերուն խանդավառած են մեր պապերը: Այսօր եթէ անոնց կողքին նորերը չունենանք ներկայացնելիք, ցեղին ազնուականութիւնը եղծանուած պիտի նկատուի մեր զաւակներուն կողմէ:

Վերջին կէս դարու մեր պատմութիւնը թուական մը ունի, որ, առանց Ուրֆաներու զովացնող աղբիւրին, տեւական կերպով պիտի այրէր մեր սիրտը` հրատոչոր կրակներու մէջ:

Ապրիլեան Եղեռնին կ՛ակնարկենք, որմէ բխող մեր ամէնէն մեծ ցաւը պիտի մնայ պատուհասին որդեգրուած ընդհանուր համակերպութիւնը:

Ու եթէ քանի մը վայրերու մէջ հայութեան բռունցքը չբարձրանար, այդ ցաւը պիտի առաջնորդէր մեզ խորունկ կասկածի մը` ցեղին առաքինութիւններուն հանդէպ:

Այս հաստատումը կ՛ընենք, քաջ գիտնալով երիտասարդութեան հոգեբանութիւնը, որ իր հայրերուն մօտ նախ եւ առաջ կը փնտռէ առնականութեան այն արժանիքը, առանց որուն, ազգի մը իրաւունք տրուած չէ ապրիլ արեւուն տակ:

Ժողովուրդ մը, որքան ալ օժտուած ըլլայ բարձր արժանիքներով, երբ կը տեսնէ կեանքը պայմանաւորող ուժը իր պատմութենէն բացակայ, անխուսափելի կերպով կ՛իյնայ ազգերը անհետացնող յուսալքութեան գիրկը:

Բարեբախտաբար այդ ուժը յաճախ երեւան բերուած է հայութեան կողմէ, մեր պատմութեան ամէնէն մռայլ օրերուն անգամ ու փրկած ցեղին պատիւը:

Այդ ուժը եւ բռունցքը եղաւ նաեւ Ուրֆան, որ 1915-ի դաժան օրերուն բարձրացաւ գազանին դէմ:

1965


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>