Շ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Նախ իրենց լայն ափին մէջ կը ծլին սերմերն համօրէն
«Մշակները» – «Հացին երգը»,Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Դպրոցական տարեշրջանի մը սկիզբը, բնականօրէն, դաստիարակչական, կրթական, անհատի կազմաւորումին վերաբերեալ հարցերը ուշադրութեան առարկայ կը դառնան ինքզինք ընկերային հոլովոյթին առնչակից համարող ոեւէ անհատի: Երբ այդ «ընկերութիւն»-ը հայկական է (ո՛ր աստղին տակ ալ գտնուի), հայկական այդ ընկերութեան հոլովոյթով, հայ աշակերտին կազմաւորումով շահագրգռուած մարդիկ իրենք զիրենք պիտի գտնեն հետեւեալ հիմնական հարցադրումին դիմաց` ինչպիսի՞ հայ անհատ կ՛ուզեն պատրաստել, որո՞նք են կազմաւորուող հայ մարդու իրենց մտատեսիլին յատկանիշները: Հայ հաւաքականութեան մը մէջ գործող կրթական, դաստիարակչական որեւէ բջիջ, հիւսկէն, մարմին, հայ կեանքի յարատեւումին ինքզինք օղակած ոեւէ մտածող, գործող անձ իր դաստիարակչական աշխատանքին մեկնարկ իբրեւ` պիտի հաստատէ վերի հարցադրումը, տա՛յ իր պատասխանը ու գործէ ատոր հիման վրայ:
Այս գործընթացին որոշապէս հետեւած են «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք ու գրականութիւն» հայոց լեզուի ու գրականութեան դասագիրքերու զոյգ շարքերը, պատրաստուած` Յ. Քիւրքճեանի կողմէ («Հայրենի աղբիւր»-ի առաջին երկու գիրքերուն հեղինակակից է Մ. Գալայճեան-Քիւրքճեանը): Ի՞նչ տիպի հայ մարդու մտապատկերով կ՛առաջնորդուին այս դասագիրքերը, միջնակարգ-երկրորդականի մէջ ի՞նչ յատկանիշներ անոնք կը ձգտին զարգացնել հայ աշակերտին մէջ:
Բայց նախ հաստատենք ուշագրաւ երեւոյթ մը, որ ինքնի՛ն ձեռնարկի լրջութեան ու յաջողութեան գրաւականն է: Հայ աշակերտի գիտելիքի պաշարին հարստացման եւ անհատականութեան այլազան երեսներուն բնական փթթումին կը միտին կեդրոնացեալ ու համապարփակ կերպով, դասագիրքերուն բոլո՛ր բաղկացուցիչ տարրերը: Խօսելով «Հայրենի աղբիւր»-ի մասին` բնաբաններու եւ հատուածներու ընտրութիւնը (արեւմտահայերէնի կողքին` նաեւ զգալի չափով արեւելահայերէն), մանրամասնային, վերլուծական հարցումներն ու անոնցմէ ետք, համադրական, խորացման տանողները, լեզուական-գործնական աշխատանքները, Հայաստանի ու սփիւռքահայ կեանքի վրայ բացուող մամուլի պատուհանները, առօրեայ հայերէնի պարապմունքները, «Կը կարդա՞նք… Թերթ… Գիրք… Համացանց…» էջերը, լսողա-տեսողական արձագանգները, ու այնքան կարեւո՛ր` էջերու գեղագիտական նրբաճաշա՛կ ձեւաւորումը, յագեցած` հայկական մանրանկարչութեան եւ քանդակներու գեղեցիկ նմուշներով, հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններով:
Այս բազմաթիւ շառաւիղներու հատումէն մէջտեղ կու գայ ներդաշնակ ամբողջութիւնը անհատի մը, որ բաբախուն է կեանքով, ունի նուրբ զգացողութիւն եւ սուր, թափանցող միտք: Ան ոտքերը ամրօրէն խրած հայկական իր անցեալի ու ներկայի «ածու»-ին մէջ` կը կարդայ, կ՛իմանայ, կը հարցադրէ, կը փնտռէ. կը կերտէ իր անհատականութիւնը, մարդկային հիմնահարցերու լայն պաստառի խորքին վրայ:
Դասագիրքերու երկու շարքերուն վերնագիրներն իսկ ցոյց կու տան հեղինակին յանձնառութիւնը` կրթական պահը կեանքին կապելու: «Հայրենի աղբիւր»` ազգային ինքնութեան հարազատ ակ անշուշտ, բայց երբե՛ք քարացած, կերպընկալով փաթթուած սառոյց, այլ` շարժուն, կայծկլտուն հոսք: «Հայ կեանք եւ գրականութիւն», նախ` Կեա՛նքը, մեր դժուար, վերիվայրումներով լի կեանքը, որ ստեղծագործական կիրքին զուգորդուած` ապրեցաւ զարթօնք ու ծնաւ նոր լեզու ու գրականութիւն:
Կեանքը, կեանքի փորձը ստանձնուած է նաեւ դասագիրքերու հեղինակային աշխատանքին մէջ: Յ. Քիւրքճեանի հայոց լեզուի ձեռնարկներու պատրաստութեան բազմամեայ աշխատանքը ուշագրաւ է իր յարատեւ փորձարկումի վարքով: Եօթանասունականի վերջերէն, գրական հատուածներ, իրենց յարակից քերականական տուեալներով, փորձարկուած են Ն. Փալանճեան Ճեմարանի միջնակարգի դասարաններուն մէջ: Իսկ իննսունականներէն ի վեր յաջորդական վերահրատարակութիւնները նկատի ունեցած են դասագիրքերը կիրարկող ուսուցիչներուն նկատողութիւնները:
Ճկուն եւ բաց` ուրեմն. միաժամանակ, սակայն, ամրօրէն կառչած` այն սկզբունքին, որ կը մերժէ հայերէնի դասաւանդութիւնը զեղչ-վաճառքի հանել, խեղճ բառապաշարով, տափակ, ճապաղ նախադասութիւններով գոհանալ: Ի հարկին բարդ, բայց ճշգրիտ ու նրբերանգներով հարուստ բառապաշարի գործածութիւնը, մտածումի, տրամաբանութեան երբեմն ոլորուն նաւարկումի տիրապետումը կը կազմաւորեն սուր, պայծառ, վերլուծող-խորացնող միտքը:
Գիտելիքին քով կայ մտքի սնո՛ւնդը: Ան տեղեկութիւն-գիտելիքի չոր սահմանէն անդին կը ցատկէ, կապ ու կապակցութիւն, յարակցութիւն, նմանութիւն, տարբերութիւն, բաղդատական եզրեր, այլազան ոլորտներ, ժամանակներ կը նշէ. իրարու կը կապէ, համադամներով հարուստ մտքի խնճոյք կը սարքէ: Նշեցինք վերը «Հայրենի աղբիւր»-ի էջերու ձեւաւորումի, պատկերազարդումի նուրբ ճաշակը. ընտրուած գեղանկարները, քանդակազարդ երիզները, մանրանկարչական ծաղկումները, փոքր կամարները ինքնանպատակ չեն, էջը «գունաւոր», իբր թէ «ակնահաճոյ» դարձնելու սին փորձով չեն տարուած. անոնք հոս ամբողջ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն, ապրող հիւսկէն մը` հայկական մշակութային ժառանգութեան: Նոյն գծով, դասագիրքերու երկու շարքերուն մէջ ալ ներ-հատուածային կապերը մտքի գրգիռ կը ստեղծեն, կամ յաւելեալ «Ընթերցում»-ի էջերը «Հայրենի աղբիւր» 1-ի մէջ, օրինակ, աշակերտին կարդալ կու տան 1211-ին, գերմանացի վարդապետի մը կողմէ նկարագրուած… հայկական Ծնունդի մասին, իսկ «Կամուրջներ… կապեր» բաժինները «Հայ կեանք եւ գրականութիւն»-ի մէջ աշակերտին մտքի հորիզոնը կ՛ընդլայնեն` զայն փոխադրելով օտար ժողովուրդներու քով (թարգմանութիւն), կամ հաստատելով յարակցութիւն գրականութեան եւ այլ արուեստներու միջեւ, ինչպէս` երաժշտութեան, շարժարուեստի:
«Հայրենի աղբիւր» շարքը, դասագիրքերու կողքին ունի «Աշխատանքի տետրակ»-ներ, ուր քերականութիւնը կ՛աւանդուի կենդանի եւ հաճելի ձեւով, միշտ հաւատարիմ` աշակերտին ուղեղը կազմաւորելու եւ ո՛չ լեցնելու սկզբունքային մեկնարկին: Այլապէս շահեկան է, խտացուած-պարզացուած, խաղ-հարցարաններով օժտուած` «Հայրենի աղբիւր»-ի գրադարանը, որ կը պարփակէ արժէքաւոր գիրքերու անուններ` «Կայծեր», «Իմ գիրքը», «Յովազաձորի գերիները»…
Մեկնեցանք հայ հաւաքականութեան համար կենսական` հայ անհատի տիպարի մտատեսիլին որոշադրումէն, ըստ այնմ զայն կազմաւորելու անհրաժեշտութենէն ու փորձեցինք ներկայացնել այդ ճամբուն վրայ գործող, հայ աշակերտէն, մարդու եւ հայու իր յանձնառութիւնները արժանաւորապէս կրելու ատակ ա՛նձ պատրաստող դասագիրքերու զոյգ շարքեր:
Չմոռնանք սակայն, որ դասագիրքերու կողքին, առողջ ու դրական հայ անհատի կազմաւորումի գուռը հայ դպրոցն է, հայերէնի դասապահը, ուր մեր լեզուն կը դառնայ մեր «Հացի երգ»-ը:
Պէյրութ, 19-11-2016