ԱՐՄԷՆՈՒՀԻ ՄԽՈՅԵԱՆ
8 նոյեմբերին Գիւմրիի «Երեխաներու տուն» մանկատան 124 սաները մկրտուեցան: Երեխաներուն կնքահայրեր դարձան Շիրակի մարզպետ` Յովսէփ Սիմոնեան եւ փոխմարզպետներ` Յարութիւն Արշակեան եւ Սէյրան Պետրոսեան: Մկրտութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեանի ձեռամբ:
Մանկատան 0-7 տարեկան սաները ունին առողջական խնդիրներ, այդ պատճառով ալ ծնողները ծննդատան մէջ իսկ հրաժարած են իրենց զաւակներէն:
Մկրտութեան արարողութենէն ետք Շիրակի թեմի առաջնորդը ըսաւ. «Քաջալերական է, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները կնքահօր պարտականութիւնը ուրախութեամբ ստանձնած են: Թող Աստուծոյ աջը այս մանուկներուն վրայէն անպակաս ըլլայ, քանզի փոքրիկները արդէն հոգեւոր իմաստով չեն անտեսուած»:
Շիրակի մարզպետը լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այսօր յուզիչ ու պատասխանատու օր է, ես առանց վարանելու եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցի այս փոքրիկներուն կնքահայրը դառնալու առաջարկը, որովհետեւ եթէ շատ պարագաներու տարբեր հանգամանքներու բերումով կնքահայր ու սանիկ կապ հաստատուի, ատիկա անշահախնդիր ու աստուածահաճոյ գործ մըն է: Այս փոքրիկներուն կեանքը արդէն իսկ լեցուն է դժուարութիւններով` զրկուած են ծնողական խնամքէն եւ առողջական խնդիրներ ունին»:
Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեան օրուան խորհուրդը կարեւոր նկատելով` նշեց, որ «Երեխաներու տան» փոքրիկները սիրոյ կարիք ունին, հետեւաբար մկրտութեան շնորհիւ Աստուծոյ սէրը աւելի մօտեցաւ անոնց, իսկ սիրոյ շնորհքէն կարեւոր բան արդէն չկայ: «Այս մկրտութեան արարողութիւնը սովորական չէ, այնպէս` ինչպէս բոլոր ընտանիքներուն մէջ կը կատարուի, այլ ասիկա մկրտութիւնն է այն երեխաներուն, որոնք Աստուծոյ սիրոյն ու ջերմութեան կարիքն ունին», նշեց թեմակալ առաջնորդը:
«ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ»
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ