Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ծանօթացման Հանդիպումները

$
0
0

img-20161113-wa0005

Վերջին շաբաթներուն Համազգայինի «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» կեդրոններուն մէջ իւրօրինակ եռուզեռ կը տիրէ: «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի, «Թ. Ռոսլին» եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի կողքին, աշակերտութեան առջեւ իր դռները բացաւ նաեւ «Արեգ» թատերական դպրոցը: Դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» կեդրոններուն մէջ ծնողներուն եւ նորեկ աշակերտութեան ծանօթացուց դպրոցին գործունէութիւնը, ծրագրային կառուցուածքը ու աշխատանքային դրութիւնը:

Թէեւ արձանագրուող աշակերտութեան թիւը բաւարար է, սակայն բեմադրիչին կարծիքով` «Պէտք չէ բաւարարուիլ թիւով, հարկաւոր է այցելել դպրոցները, հանդիպիլ աշակերտներուն հետ, լուսաբանել դպրոցի ծրագիրն ու նպատակները, գտնել թատերասէր աշակերտները` ցոյց տալով անոնց «Արեգ» թատերական դպրոց տանող ճամբան»:

Ռոպերթ Առաքելեան տարբեր օրերու այցելեց Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան», «Աբգարեան», «Ա. Գասարճեան», «Քառասուն Մանուկ», «Ս. Յակոբեան», Հայ Աւետ. Կեդրոնական բարձրագոյն, Հայ կաթողիկէ «Ս. Ագնէս» եւ Մեսրոպեան վարժարաններ:

img-20161113-wa0006

Բազմաթիւ աշակերտներ խանդավառուելով բեմադրիչին բացատրութիւններէն` գտան իրենց սիրած արուեստի տեսակը եւ փութացին արձանագրուիլ Համազգայինի զոյգ կեդրոններուն մէջ գործող «Արեգ» թատերական դպրոցը:

Յառաջիկային բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան պիտի այցելէ նաեւ Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց, Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան եւ Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարաններ:

«Արեգ»-ը կը սպասէ բոլոր թատերասէր աշակերտները:

ԹՂԹԱԿԻՑ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>