Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Պատկերազարդ Երաժշտական Երեկոյի Մը Տպաւորութիւնները

$
0
0

khatchadourian-trio_101816

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան կազմակերպած շարք մը ձեռնարկներուն առընթեր ներկայացուեցաւ «Խաչատուրեան թրիօ»-ի նուագահանդէսը: Եռեակը կը կազմէին` Արմինէ Գրիգորեանը (դաշնակ), Կարէն Շահկալտեանը (ջութակ) եւ Կարէն Քոչարեանը (թաւջութակ): Ելոյթը տեղի ունեցաւ 18 հոկտեմբեր 2016-ին, «Տեմիրճեան կեդրոն»-ին մէջ:

Սոյն նուագահանդէսին պատրաստուած ընտրանի եղանակները յարմարագոյն ձեւով ծառայեցին նշուած երեկոն իր վեհ նպատակին հասցնելու: Ճարտարութիւն պահանջող այս եղանակները մեկնաբանուեցան այն աստիճան ակնառու ու գրաւիչ, որ կարողացան ունկնդիրին ուշադրութիւնը մագնիսացնել իրենց վրայ:

Հնչեցին ստեղծագործութիւններ` Արամ Խաչատուրեանի «Մասքարատ» տրամէն քաղուած «Վալս»-ը, «Մազուրքա»-ն եւ «Կալօ»-ն: Անոնք ոչ միայն թուղթի վրայ գրուած ու պահ դրուած էին, այլ իրենց պատեանէն դուրս ելլելով` անոնք իմաստաւորուեցան իբրեւ պարեղանակներ, ինչպէս` «Վալս»-ն ու «Մազուրքա»-ն: Իսկ «Կալօ»-ն` իսկական արշաւ մը, արշաւ մը` երեք երաժշտական գործիքներու, ուր իւրաքանչիւր քայլափոխի զօրաւոր հարուածն ու հաւասարաչափ ու արագ ընթացքը լիովին դրսեւորուեցան` ունկնդիրը կենդանի տեսարանի մը դիմաց դնելով:

Նուագահանդէսը երաժշտական նոթերու հոյլ մը չէր միայն, կամ` ուժգին հարուածներու արտայայտութեան միջոց մը, այլ` երազային ամենանուրբ երանգներու հոսանք մը, ուր երեւակայութիւնը մեզ կը մղէր, կամայ թէ ակամայ, որոնելու մտքի, մտածողութեան նորանոր անջրպետներ: Հետեւաբար ա՛յս ձեւով նուագուեցաւ Ա. Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէի ատաճիոն,  ուր ջութակահարը տիրապետած ըլլալով իր գործիքի դժուարութիւններուն եւ գլխաւոր դերը ստանձնած ըլլալով` գերազանցեց ջինջ ու ամենանուրբ նուագով, հրաշալի մեկնաբանութեամբ, լայնածաւալ զգացողութեամբ ու անթերի հնչականութեամբ: Նոյնանման ընթացք ունեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի «Նոքթիւրն»-ը, խորաթափանց, որով  իմաստաւորուեցաւ իւրաքանչիւր երաժշտական նախադասութիւն, եւ ուր տխուր ու պայծառ գոյները, գեղեցկօրէն վեր հանուած, ուղղեցին ունկնդիրը հետեւելու ամենափոքր մանրամասնութիւններուն:

Հետաքրքրական մեկնաբանութիւններու կարգին էին նաեւ Ա. Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէի «Նունէ»-ի պարեղանակները, եւ Ա. Բաբաջանեանի թրիոն, որուն խիստ ոճն ու բարդ երեւոյթը վարպետօրէն հարթուեցան գործիքահարներու համահաւասար դերերու կատարումով. իսկ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` «Հաբրբան», «Վաղարշապատի պար»-ը եւ «Ալ այլուխս», որոնք իրենց ինքնատիպ վիճակէն դուրս ելած, մշակուած, ձեւաւորուած, բազմագրուած, թրիօ սենեկային նուագախումբի յարմարած` ունեցան առաջին ունկնդրութիւնը Լիբանանի սրահներէն ներս:

Յայտագիրի փակումը եղաւ Ա. Խաչատուրեանի բոլորիս ծանօթ, աշխարհատարած «Սուրերու պար»-ով, որուն մեկնաբանութիւնը թրիոյին կողմէ արդէն իսկ մագնիսացած ունկնդիրները բարձրագոյն գրգռութեան հասցուց:

Վերոյիշեալ տողերու ընդմէջէն վերլուծական մը ընելով` ի յայտ կու գան Արմինէ Գրիգորեանին, Կարէն Շահկալտեանին եւ Կարէն Քոչարեանին արուեստի զգայացունց կարողութիւնները: Երեք ճարտար համերաշխ նուագողներ գործեցին հայկական երաժշտութեան պահպանման ու տարածման տեսլականով: Անոնք բազմակողմ բիւրեղապակիի նման փայլք, գունաւորում ու նրբութիւն շողարձակեցին, անոնք պատկերազարդեցին ընդ մէջ գրուած գաղափարները ու հմտօրէն կատարեցին յօրինուածը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>