Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Թրքական Օժանդակութիւններ` Ազրպէյճանի

$
0
0

– Ազերիական Իրերայաջորդ
Ներթափանցումներ Եւ Յարձակումներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

foto4_111616

Հայկական ուժերը կը շարունակէին յառաջխաղացք արձանագրել Ֆիզուլիի ճակատին վրայ, մինչ ազրպէյճանական ուժերը պարբերաբար ներթափանցումներ կը կատարէին Հայաստանի սահմաններէն ներս: 1993-ի ապրիլին ազրպէյճանական ուժերը տասնեակներով հայեր սպաննեցին Հայաստանի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ որոշեցին օժանդակութիւններ տրամադրել Արցախի եւ զանոնք տեղ հասցնել… Պաքուի ճամբով:

Օրին, «Ազդակ» կը գրէր, որ օժանդակութիւն ղրկողները պարզապէս իրենք զիրենք կը հակասեն ու կը դառնան ծիծաղելի, որովհետեւ մէկ կողմէ կ՛ընդունին, որ Արցախը օժանդակութեան կարօտ վիճակի մէջ է եւ կ՛որոշեն օժանդակութիւն ղրկել աղէտեալ ժողովուրդին, իսկ միւս կողմէ, այդ օժանդակութիւնները կը ղրկեն Արցախը պատուհասող աղէտին միակ պատասխանատուին` Պաքուի ձեռքով:

***

karabakh-war-2_111616«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան, 15 ապրիլ 1993-ի թիւով եւ «Թուրքիա չի ծածկեր իր պարտականութիւնը» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ յետ Խորհրդային Միութեան այս շրջանին, Թուրքիա կը փորձէր հում նիւթի աղբիւրներ եւ իր արտադրութեանց համար շուկաներ փնտռել կեդրոնասիական երկիրներուն մէջ, շատ մը այլ յետին նպատակներու հետապնդման կողքին: Աշխարհագրականօրէն ամէնէն մօտիկ երկրին` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութեան մարզերը աւելի քան բացայայտուած էին. Թուրքիա կը ծրագրէր Պաքուէն Ատանա երկարող քարիւղատար խողովակ մը կառուցել եւ օգտուիլ անկէ, փոխադարձաբար, քաղաքականապէս, զինուորապէս եւ դիւանագիտական գետնի վրայ նեցուկ կը կանգնի Ազրպէյճանի:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ գաղտնիք չէր ազերիական բանակին մէջ թուրք զինուորականներու դերակատարութիւնը, ապա նաեւ Արցախի ու յատկապէս Հայաստանի վրայ թրքական ճնշումները, ակներեւ էին ու դուրս եկած էին քողարկուած օժանդակութիւններու ծիրէն: Թուրքիոյ ղեկավարները մինչեւ անգամ օր-ցերեկով «հայերուն ակռայ ցոյց տալու» եւ «ձեռնածալ չկանգնելու» սպառնալիքներ կ՛ուղղէին Հայաստանի ու հայերուն, որոնց միակ «յանցանքը» այն էր, որ… կը պաշտպանեն իրենց հողն ու տարրական իրաւունքները:

Ո՞ւր պէտք էր փնտռել թուրք ղեկավարներու ա՛յսքան ազատ գործունէութեան եւ արտայայտութեան պատճառները, հարց կու տար Մահսէրէճեան եւ կ՛եզրափակէր ըսելով. պատասխանը պարզ է. Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական հողերու բռնագրաւման ու հայաթափումի ոճիրները կը մնան անպատիժ եւ անհատոյց: Թուրքիոյ այլ ոճիրներն ալ կը պահուին լուսարձակներէ հեռու: Այս բոլորը քաջալերած են (եթէ Անգարա ուղղակի թելադրանք ըրած չըլլայ անգամ) Պաքուն, որ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը կազմակերպէ, «ներքին հարց» պիտակին տակ Արցախը բռնագրաւելու եւ անոր ժողովուրդը բռնագաղթի հանելու փորձեր կատարէ, քաջ գիտնալով որ իր «միւս կէս»-ին` Թուրքիոյ նկատմամբ ցուցաբերուած «բարեացակամ» վերաբերմունքը ի զօրու է նաեւ իրեն համար: Այս բոլորին դիմաց, ՄԱԿ-ն ու միջազգային այլ ազդեցիկ շրջանակներ իսկական դեր եւ առաքելութիւն ունին:

***

Ազերիական ուժերը Ղուբաթլիէն կը շարունակէին ռմբակոծել Գորիսէն մինչեւ Տեղ տարածուող գօտին: Իջեւան-Նոյեմբերեան գօտին եւս ռմբակոծման թիրախ դարձած էր. յատկապէս Բերքաբեր եւ Բարեկամաւան գիւղերը վնասներու ենթարկուեցան:

Միւս կողմէ, Արցախի Մարտունի քաղաքին ուղղութեամբ ազերիները իրերայաջորդ երկու մեծ յարձակումներ շղթայազերծեցին, որոնք սակայն ետ մղուեցան:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Թուրքիա միշտ ալ փորձած է ինքզինք միջազգային հանրային կարծիքին ներկայացնել այնպիսի ձեւով մը թէ հեռաւորութիւն կը պահէ հայ-ազերի տագնապին երկրորդ կողմէն` Ազրպէյճանէն, սակայն ո՛չ անոր պետական պատասխանատուներուն յայտարարութիւնները եւ ոչ ալ, մանաւանդ, անոր գործնական քայլերը կասկած կը ձգէին, թէ Թուրքիա զինական օժանդակութիւն կը հասցնէր Ազրպէյճանի:

Հայաստան պաշտօնապէս ամբաստանեց Թուրքիան, ըսելով, որ ան օդանաւերով զէնք, զինամթերք եւ զինուորներ կը ղրկէ Ազրպէյճան, օժանդակելու համար Հայաստանի ու Արցախի դէմ անոր մղած պատերազմին: Հայաստան բացայայտ դարձուց, որ եթէ Թուրքիա վերջ չտար այդ ընթացքին, վար պիտի առնէր թրքական օդանաւերը, իսկ որեւէ վատթարացումի հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը կ՛իյնար Թուրքիոյ ուսերուն:

***

«Ազդակ»-ի 17 ապրիլ 1993-ի թիւով եւ «Էօզալեան աննախընթաց խոստովանութիւն մը» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Թուրքիա դուրս եկած է իր սովորական զգուշաւորութենէն, շրջահայեացութենէն եւ դիւանագիտական լեզու գործածելու ծանօթ վարքագիծէն եւ կը կատարէ խիստ ուշագրաւ խոստովանութիւններ: Թուրքիոյ նախագահը, անդրադառնալով հայ-ազերի ընդհարումներուն, եւ իր ուժերը «ազերիական հողերէ հեռացնելու» պահանջ դնելէ ետք Հայաստանի` աւելցուցած է բառացիօրէն. «ըստ երեւոյթին, հայերը բան չեն սորված Անատոլուի մէջ իրենց տրուած դասէն»:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ Թուրքիա, իբրեւ պետութիւն եւ դիւանագէտի անուն շահած կառավարութիւն` միշտ ալ խուսափած է խոստովանելէ թէ «Անատոլ»-ի մէջ հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործած է կամ հայկական հողեր բռնագրաւած` բիրտ ուժով: Ամէն անգամ, որ Հայ դատին այդ երեսը արծարծուած է, Թուրքիա լաւագոյն պարագային խոստովանած է, որ Ա. Աշխարհամարտի փոթորիկին մէջ, հայ-թուրք բախումներ եւ անհաճոյ դէպքեր պատահած են: Առաջին անգամ ըլլալով էր որ Թուրքիոյ պետական գերագոյն մէկ պատասխանատուն այսքան բացայայտ կերպով կը խօսէր «հայերու տրուած դաս»-ին մասին:

Մահսէրէճեան կը հաստատէր, որ Թուրքիա ցարդ աշխարհին իր ներկայացուցած դիմակը վար առած է ու հայերուս ծանօթ իր իսկական դէմքը սկսած է անոնց ցոյց տալ:

Գործուած ոճիրի մը անտեսումն ու անոր արդար հատուցման մոռացումը յանցանք է ու թերացում: Նոր ոճիրներու ծրագիրներուն ականջալուր ըլլալը կամ անոնց կիրարկման դիմաց լուռ հանդիսատեսի դիրք բռնել համազօր է մեղսակցութեան: Իսկ ոճիրի մը կանխարգիլումը աւելի քան հրամայական է ու դիւրին, քան ոճիրին գործադրութենէն ետք, անոր հետեւանքներուն դարմանումը, մինչեւ իսկ եթէ անվերապահ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերուի անոր նկատմամբ, որովհետեւ նաեւ կարգ մը հետեւանքներու դարմանումը անկարելի կը դառնայ, կ՛ընդգծէր Մահսէրէճեան եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.

Մինչ այդ, արցախցիք կ՛ընէին այն` ինչ որ իրենց կը թելադրէր ինքնապաշտպանութեան տարրական իրաւունքը: Ան կը կիրարկէր իր նուիրական պարտականութիւնը:

***

Ազերիական ուժերը 17 ապրիլ 1993-ին Մարտակերտի շրջանին մէջ վար առին հայկական քաղաքային ուղղաթիռ մը, որ վիրաւորներ կը փոխադրէր: Ոճրային այդ արարքին հետեւանքով նահատակուեցան ուղղաթիռին անձնակազմին երեք անդամները եւ ութ ազատամարտիկ. անոնց կարգին` նաեւ Շահումեանի շրջանի արցախեան ուժերու հրամանատարը` Շահէն Մեղրեան:

Միւս կողմէ, Մարտակերտի Օմարի լեռնանցքին վրայ տեղի ունեցան ազերիական մէկէ աւելի յարձակումներ եւ թափանցումի փորձեր: Նաեւ, Հատրութի Էդիլլու, Աղբուլաղ, Հին Թաղլար եւ Մաճկալաշէն գիւղերը հրթիռարձակման եւ յարձակումներու ենթարկուեցան:

Միաժամանակ, Հայաստանի սահմանամերձ Կրասնոլեսք շրջանին վրայ տեղի ունեցաւ ազերիական մեծ յարձակում մը: Առաջին ժամերուն հայկական ուժերը փոքր նահանջ մը արձանագրեցին եւ ազերիական ուժերը թափանցեցին Հայաստանի սահմանէն ներս: Շուտով հակահարուած տրուեցաւ թշնամի ուժերուն, որոնք ոչ միայն հեռացուեցան հայկական հողերէն, այլ նաեւ` ազերիական հողերու վրայ կորսնցուցին քանի մը դիրք:

***

nkr_war-1_111616

«Ազդակ», 24 ապրիլ 1993-ի յաւելուածով եւ «Արցախը դրօշ ու զրահ ամբողջական Հայ դատին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախի տագնապը համայն աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ Հայ դատի մէկ խտացեալ պատկերը, որովհետեւ անիկա կը բովանդակէ բոլոր այն ստորոգելիները, որոնց գումարը կը  կոչուի հայ ժողովուրդին դէմ դաւ ու անպատիժ մնացած ոճիր: Ամէնէն պարզ բառերով, Արցախի ազատամարտիկները իրենց կեանքին գնով ցոյց կու տան համայն հայութեան ու ողջ աշխարհին, թէ ինչի՛ մասին խօսած են Եղեռնի նահատակներու պատգամին ժառանգ հայ սերունդները` տասնամեակներ շարունակ, եւ որոնց դիմաց փակ մնացած են աշխարհի աչքերն ու ականջները: Արցախը իր հերոսական խոյանքով եւ անհաւասար կռիւի դաշտին վրայ իր ապրած վերիվայրումներով, գործնապէս կ՛արձանագրէ այժմէական եւ պարզ աչքերով տեսնող պատմութիւն մը, որուն երէկի էջերը անհաւատալի կամ մոռացումի արժանի կը նկատուէին անցեալին:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ երբ քսանչորս ապրիլի բառերուն մէջ խտացած դատը անգամ մը եւս կ՛արծարծուի արիւնալի եւ հեղձուցիչ միջոցներով` Հայաստանի եւ Արցախի պաշարումով ու անոնց վրայ հետեւողական յարձակումներով, «քաղաքակիրթ աշխարհ»-ը դարձեալ կը զգեստաւորուի իր հին պատմուճանով եւ կը ցուցաբերէ դէպքերը շիլ դիտողի մօտեցում:

«Ազդակ» կը նշէր, որ ռազմաքաղաքական հաշիւները անոնց տէրերուն անտեսանելի կը դարձնեն այն պարզ իրականութիւնը, որ Արցախի մղած պայքարը եւ հոն տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը մէկ ուղղակի շարունակութիւնն են 20-րդ դարու սկիզբի դէպքերուն, հայուն թշնամին նոյնն է, թուրքն ու ազերին: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի «մութին մէջ ահաւոր բաներ» ծրագրելով, այլ օր ցերեկով, պատկերասփիւռի պաստառներէն ու մամուլի էջերէն ճակատաբաց կը յիշեցնեն հայերուն, որ պէտք չէ մոռնալ «Անատոլուի մէջ տրուած դասը» թէ` Գորշ գայլերը միշտ հակամէտ են ակռայ ցոյց տալու «արկածախնդիր հայերուն, որոնք շատ պիտի զղջան»:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ մենք` հայերս պէտք չունէինք սպասելու թուրքին դիմակին վար առնուելուն, որովհետեւ վաղուց գիտէինք, մեր մորթին վրայ ու մեր արեան գնով ճաշակած էինք Թուրքիա-Ազրպէյճան գործակցութեան վերահաստատումին հետեւանքները: Արցախի մէջ կը խաղցուի ամբողջ Հայ դատի ճակատագիրին հետ, այն դատին, որ կը նշանակէ հայկական բռնագրաւեալ հողերուն, Ցեղասպանութեան զոհերուն ու մեր դարաւոր մշակութային ժառանգութեանց կորուստին դիմաց արդար հատուցման պահանջ, որովհետեւ Հայ դատը մէկ ամբողջութիւն է, իսկ մասնատուած ու իբրեւ մէկ մասնիկը միւսէն գերադաս տեսնելու, բայց մանաւանդ Հայաստանը, իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ` այդ ամբողջութենէն անջատ ու «անպարտ» տեսնելու ընթացքը միայն ու միայն կը վնասէ անառարկելի ու անսակարկելի այդ ամբողջութեան, միաժամանակ ջուր լեցնելով այդ դատին դէմ բանող ջրաղացին, որուն լծակից են նաեւ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը դարպասողները:

«Ազդակ» կը պատգամէր ըսելով, որ ժողովուրդներու եւ երկիրներու պատմութեան մէջ, «արդէն ուշ է» բանաձեւը երբեմն պարտուողականութեան եւ նուիրական պարտականութենէ խուսափումի տրամադրութեան արտայայտութիւն է: Մեր ապագային, ուշ չէ երբեք, որովհետեւ ժողովուրդի մը դատին հետապնդումն ու անոր համար պայքարի երթը չեն չափուիր մէկ քանի տարիով, մէկ կամ երկու սերունդի կեանքի տեւողութեամբ, այլ անոնք կ՛արժեւորուին յարատեւ կռիւի ու մինչեւ յաղթանակ տանող կամքի անսակարկ կենսափորձով: Մեզի համար նորութիւն չէ, որ մեր պայքարին մէջ մինակ ենք: Մեր պատմութիւնը վկայ, որ բազմիցս առանձին բարձրացած ենք մեր Գողգոթան, սակայն մեր խաչելութեանց թիւէն միշտ ալ աւելի մեծ եղած է մեր յարութեանց թիւը: Այդպէս եղած է, որովհետեւ իբրեւ ժողովուրդ եւ հաւաքական ու միացեալ ղեկավարութիւն, միշտ ալ գիտցած ենք տեղ մը ի վերջոյ հաւաքական շահն ու ազգային համայնական հաշիւները գերիվեր դասել մասնակիէն, հատուածականէն եւ ժամանակաւորէն: Այդպէ՛ս ըրած ենք, ամէն անգամ, երբ անդրադարձած ու ըմբռնած ենք թէ ժողովուրդ մը եւ երկիր մը այլ ժողովուրդի մը աչքով դիտուած է իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, երբ խնդրոյ առարկայ են երկրին ու հաւաքականութեան շահերը:

«Ազդակ» կ՛ընդգրկէր ըսելով, որ հայ ժողովուրդին բոլոր հատուածները, անոնք ըլլան հայրենիքի մէջ, Արցախի մէջ թէ աշխարհի տարածքին, անքակտելի բաժնեկիցներն են նոյն ճակատագիրին, նոյն դատին եւ մանաւանդ նոյն ապագային, հետեւաբար, հայոց գողգոթաներէն, խաչելութենէն ու յարութենէն ծնունդ առած միակ նուիրական պատգամն իսկ զանոնք կը դնէ լծակիցի եւ նոյն դիրքերէն ու պատնէշներէն թշնամին դիմագրաւելու վիճակին մէջ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հայրենիքն ու անոր ճանչցուած պետական կառոյցները պիտի ըլլան մէկտեղման եւ մեկնումի կէտերը` Հայաստանի ու արտերկրի («ներքին» ու «արտաքին») մեր հաւաքականութեանց քաղաքական, տնտեսական, գիտական, մշակութային, մարդուժի, դիւանագիտական եւ ինչո՞ւ չէ, հայրենիքի պաշտպան բազուկներուն ու կարողութեանց, որովհետեւ առանց այդ մէկտեղումին եւ անոնց միջեւ համերաշխ ու համակարգուած գործին, մեր թշնամիները պիտի ըլլան շահաւորը, մինչդեռ մեր կարողականութեանց միացումն ու բռնցքումը ամէնէն ազդու գրաւականն են մեր իրաւունքներուն ճանաչումի ապահովման, անոնց պարտադրումին եւ պատմական սխալներուն սրբագրումին:

***

«Ազդակ»-ի 28 ապրիլ 1993-ի թիւով եւ «Նոր նահատակներ, անժամանցելի պատգամ» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ մեզի ժամանակակից նահատակ ֆետայիներու փաղանգը օրըստօրէ կը մեծնայ: Պատմութեան կերտումի նոր էջ մը կ՛արձանագրուի ամէն օր, ինկող իւրաքանչիւր նահատակի հետ, անոր արիւնով, անոր կեանքին գնով, կեանքերու գնով: Այդ փաղանգին մէջ նոր անդամներու յաւելումը կը կատարուի այն օրերուն, երբ այլ շրջաններու մէջ, հայ մարդը կլանուած է իր առօրեայի տաղտուկներով, հայ աշակերտը կը կարդայ երէկի մեր հերոսներուն պատմութիւնը, որուն զուգահեռ ահա նոր պատմութիւն մը կը հիւսուի թաթուլներու, շահէններու, գագիկներու եւ զինակիցներու կողմէ: Այդ պատմութիւնը մեր ապրած իւրաքանչիւր օրուան հետ կը գրուի, կը զարգանայ, կը մնայ թերթերու էջերուն մէջ, ուրկէ ժպտադէմ կամ լրջախոհ աչքեր ամէն օր կը նային մեզի, արցախեան եւ հայրենի իրադարձութիւններուն օր աւուր հետեւողներուս, անոնց սխրանքին ու հերոսական արարքներուն համար հպարտացողներուս, արձանագրուած քաղաքական ընկրկումներուն համար տագնապողներուս:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հայ ժողովուրդը այսօր եւս կը պայքարի ընդդէմ այն թշնամիին ու անոր ծրագիրներուն, որոնց դէմ զէնք բարձրացուցած էին հայկական յեղափոխութեան ճամբան բացողները: Երէկ եւս թշնամիին հետ «քաղաքականութիւն խաղալու» պարտուողական դասեր տուողներ կային, բայց իրողական պայմանները ցոյց տուին, թէ հերոսամարտերն ու սարդարապատեան ուղին էին իրաւունքներու ձեռքբերման միջոցը: Դէմքերն ու երեւութական պայմանները կրնան փոխուիլ, բայց խաղին օրէնքը կը մնայ նոյնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>