Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գրողի Անկիւն. Երեւան` «Ցաւդ Տանեմ»…

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այն օրերուն, երբ տակաւին Երեւան էի, սեպտեմբերը արդէն կիսուած էր, եւ մեր հայրենիքի քառորդ դարու անկախութեան տօնախմբութիւնները իրենց աւարտին հասած էին: Բայց միւս կողմէ ալ մայրաքաղաքի ծննդեան 2798-ամեակի նախապատրաստական մեծածախս աշխատանքները տեսանելի էին: Հրաշալի՛ առիթ: Ես հոս եմ, կ՛ըսէի մտովի, ազնիւ տրամադրութեամբ եւ ցանկութեամբ լեցուն: Բարձր եւ անկեղծ: Ու բոլոր անոնց, որոնք զարմանքով մը կ՛ընդունէին հայրենիք երկարատեւ մնալու մտադրութիւնս, միշտ անփոխարինելի գոհունակութեամբ եւ ազնուական հպարտութեամբ մը կը պատասխանէի.

– Է՜հ, վերջ ի վերջոյ ե՛ս ալ հայ եմ ու հայրենիքս կարօտցա՛ծ եմ, եւ այս կարօտը ուրիշ է:

Անկեղծօրէն ըսելով` շուրջս շօշափելի իրականութիւն կար: Տակաւին երեք տարիներ առաջ կրկին հոս էի ու հիմա կը տեսնէի հսկայական նորութիւններ, ճոխութիւններ եւ ասոնց կողքին ալ` փոփոխութիւններ: Յաճախ շուարած էի, երբեմն ալ ապշած: Թէեւ քաղաքը նոր եւ կենդանի գիծերով լեցուած էր, բայց ինծի համար կը պակսէր ժամանակը: Ուստի, երբեմն հապճեպով ամէն բան բախտաւոր տեսիլքներու կը վերածէի:

Ու կեցութեանս շրջանին, գրեթէ ամէն օր, փողոցներուն կամ խանութներուն մէջ, սրճարաններէն եւ կամ ճաշարաններէն ներս, եւ կամ յաճախ թանգարաններու եւ թատերասրահներու մուտքերուն, ընդհանուր եւ սակայն այժմէական նիւթերու շուրջ զրոյցներուս ընթացքին շուտով մը կը գտնէի խօսակիցներուս «բերանները կղպելու» բանալին, որոնք երբեմն սահուն եւ յաճախ ալ անորոշ եւ բառերով ու անէծքներով շաղախուած կ՛ըլլային:

Սակայն չէի զարմանար: Կը զգայի, որ երկրէն ներս կարգ մը չափանիշներ արդէն խախտած էին եւ նոյնիսկ որոշ սկզբունքներ` արժեզրկուած: Իբրեւ հայ մարդ` բնականաբար չես ուզեր հայրենիքէդ ներս նման խօսակցութիւններու եւ դէպքերու հանդիպիլ: Ճիշդ բան չէր: Կը հաւատայի, որ այս բոլորը արդիւնքն էին մարդոց մէջ գտնուող այն «լաւ»-ին, որ դարձած էր կարօտ եւ` այն «երազ»-ին, որ տակաւին չէր մօտեցած: Ու այդ երազը հեռու էր, եւ կարծես` նոյնիսկ հորիզոնէն ալ անդին:

Միշտ մտքիս ու սրտիս պատուհանները լայն բացած` այս բոլորը կը լսէի, կը տեսնէի, իսկ վերջը կը ցաւէի: Անկեղծօրէն մեծ ցաւ կը զգայի, որովհետեւ մարդիկ, հայրենաբնակ մարդիկ, դժգոհ էին իրենց երկրի քաղաքատնտեսական եւ ընկերային ներկայ իրավիճակէն ու իրենց իսկ պատկերացումով` «Հայաստանը մինչեւ հիմա տարբեր պէտք էր եղած ըլլար», կ՛արդարանային` առանց մատնանշելու, որ այս բոլոր «դժբախտութիւններուն» եւ «ծուռ» ընթացքին մէջ իրենք ալ իրենց բաժինը ունէին:

Իմ կարգիս, ինքզինքս համոզելով, մտովի կ՛ըսէի, որ պատմութեան ընթացքին աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած էին վերելքներ եւ անկումներ, նոյնանման հարցեր եւ սակայն անոնք, որոնք յատուկ նկարագիր ունեցած էին, տոկացած էին: Աւելի՛ն. պետութիւններ դարերու ընթացքին անհետացած էին, ցեղեր մեռած, կորսուած, իսկ մենք եւ կամ «մերինը» թէեւ յաճախ եղած էր որբ, անխնայ, արիւնոտ ու կողոպտուած, բայց մնացած էր հաստատ: Այս մէկը պարզապէս կ՛ուզէի  յիշեցնել, որովհետեւ հո՛ս, «մերինէն» ներս պատմութիւնը միշտ կենդանի էր: Հայրենիքը աւանդ մըն է, եւ էականը զայն առողջ նկարագրով պահելն էր, կը կրկնէի բոլորին` իբրեւ հաստատ պատասխան բոլոր արտայայտուած դժգոհութիւններուն: Հայրենիքը, ա՜խ, սա մեր հայրենիքը, հրաշք մըն է, կ՛ըսէի, մեր մեծ սեփականութիւնն է, յա՛րգը գիտցէք…

Իսկ հիմա, սիրելի՛ մայրաքաղաք Երեւան, նախ ըսեմ, որ հին գաղափարները երբեմն պատգամի կը վերածուին: Ուստի պիտի ներես: Այսպէս, յափշտակուած, փողոցներէդ կէս երազի մը մէջ ինկած, երբ կը քալէի, ի՛նչ մեղքս պահեմ, կը փորձէի գտնել վերը նշած նկարագիրս: Ուրիշ ի՞նչ ըսեմ: Արդեօ՞ք իրաւունք ունիմ ըսելու: Խօսքեր եւ տեսանելի արարքներ կան, որոնք չես կրնար բացատրել: Բայց անդին` «բաներ ալ կան, որոնք բան մը չես կրնար ընել, քեզմէ կը փախչին, կը հեռանան»: Կարծեմ հասկցար: Մատնանշումները ինքնին արդէն կրնան բացայայտել ամէն բան:

Արդ, սիրելի՛ Երեւան, «լոյսերու» քաղաք, դուն ալ քու մեծով ու պզտիկովդ քու արդար բաժինդ ունիս այս «բոլորին» մէջ: Թէեւ երազ հագած ես, սակայն գունաւոր ու զարդարուն զգեստներուդ տակէն յաճախ աղքատութիւն կը հոտի: Կաշառակերութեան ձայնը լսելի է պատերէդ ներս: Այս մէկը «շատեր» կարծես չեն ուզեր տեսնել, իսկ ուրիշներու քով ալ բացակայ է հայ մտքի եւ հոգիի պաշտամունքը: Երեւակայէ՛, իրենց մօտ տարրական գիտակցութիւնն իսկ հաստ վարագոյր ունի: Ցուրտ եւ եսամոլ:

Ըսեմ նաեւ, որ բացայայտ է, թէ օտարը քեզ իր ճանկերով բռնած է: Խանութներուդ թրքական ապրանքներէն մինչեւ վաճառատուներուդ ճակատը «զարդարող» ցուցատախտակներդ վկայ: Մենք հոն` քեզմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, մեր ապրած օտար երդիքներու տակ, կը փորձենք այս «ապրանքներէն» հեռու մնալ եւ միշտ մեր խանութներու ճակատներն ու անունները հայկական անուններով կը զարդարենք, իսկ հո՛ս, դուն… Այնպէս կ՛երեւի, որ որդիներէդ շատեր դիւրին ճամբան ընտրած են: Ուրիշներ նոյնիսկ քեզ վերածած են փոքրիկ շուկայի: Շատեր նոյնիսկ քեզ օտարի մը նահանգներէն մէկը նկատած են: Ցա՛ւդ տանեմ, հասկցի՛ր զիս:

Ուստի մի՛ զարմանար, երբ ըսեմ, որ երբեմն տխուր էին ե՛ւ երկինքդ ե՛ւ աշխարհդ:

Բայց խոստովանիմ նաեւ, սիրելի՛ս, քեզի համար վատնած օրերս բեղմնաւոր ժամեր բացին դիմացս: Հաւատա՛, այս տողերը, քեզի հասցէագրած այս բառերս ու անոնց շնորհիւ ծնունդ առած շարան-շարան նախադասութիւններս քեզ վարկաբեկելու եւ կամ միայն պարզ իրականութեան մը փնտռտուքները չեն, այլ մտահոգութիւններէս բխող բացայայտնութիւններ  ալ են: Նոյնիսկ «յոյսերս» ալ են, եթէ կ՛ուզես: Հայրենիք հասած առաջին իսկ վայրկեանին, երբ սկսայ դանդաղ ու չտես պատմական փողոցներուդ մէջ դեգերիլ, փորձեցի «դրախտը» փնտռել քարերուդ ու պատերուդ վրայ: Չէ՞ որ մեզի սորվեցուցած էին, թէ մեր երկիրը դրախտավայր ալ անուանուած էր, ու դուն ալ անոր ներկայացուցիչն էիր, արժան եւ իրաւ: Չմոռնա՛ս: Ու ես գտայ զայն, գտայ, սակայն միայն` մեր նոր սերունդի աչքերուն մէջ: Եւ հպարտացայ: Փողոց, անօրինակ կենցաղ, ներքին իրավիճակ, օր մը անպայման պիտի շտկուին, կը համոզէի ես զիս: Անոր համար երիտասարդներուդ մէջ գտայ այդ «փնտռածս: Ու երջանիկ էի:

Իսկապէս, որ գեղեցկութիւնդ զիս կլանած էր: Դո՛ւն, աչքիս, տարբեր կեանքով կ՛ապրէիր, որովհետեւ թէեւ ինծի համար աշխարհի ժողովուրդներու հաւաքածոն դարձած էիր, բայց մեր դարերու Էրեբունին էիր հաստատապէս: Իւրաքանչիւր մշակութային աշխատանք, խայծ եւ կամ շարժում` ներսս յոյսի նոր ակօսներ կը բանային ինքնաբերաբար: Դուն  թէ՛ Արեւելք էիր եւ թէ՛ Եւրոպա` քու աննկարագրելի հմայքովդ ու փայլքովդ:

Երեւա՛ն, մէկ խօսքով, ծիծեռնակի բոյնի կը նմանէիր: Հայ աշխարհը քովդ եկած էր կամովին եւ ակամայ: 21-րդ դարու նոր քաղաք մըն էիր դարձած` հայ եւ օտար մշակոյթներու տենդով բաբախող: Բոլորին համար լուսաւոր շքեղութեամբդ եւ մանաւանդ տարբեր կեանք ներարկող իրավիճակովդ, դարերու խորքէն եկած իբրեւ հաստատուն երեւոյթ մըն էիր, նախանձելի, նոյնքան ալ հպարտալի: Հմայուած էի քարեղէն քերթուածներովդ, յուշարձաններովդ, մաքուր եւ առատ ցայտաղբիւրներովդ: Ու նետած էի մտքիս ուռկանը, որպէսզի ինքնութիւնս որոնէի:

Յիշէ միշտ, հայ ոգին եւ Հայաստանը ներկայ են եղած հոն, ուր որ հայու հաւաքական գիտակցութիւնը ներկայ է: Ու ես եկած էի տարբեր հոգիով: Ի՜նչ լաւ ապրում է, գիտես, ինքզինքս մինակ չէի զգար:

Երեւան, «արեւու» քաղաք, կ՛ըսէի շուրջիններուս, քու այս տօնիդ նախօրեակին եւ կամ անկէ ետքն ալ ամէն քայլափոխիս կը փորձէի լոյս տալ գիտակցութեանս: «Ցա՛ւդ տանեմ», քեզի նման քաղաք չկայ աշխարհի վրայ, որովհետեւ քու մօտդ հայ հողի եւ հայու Աստուծոյ շունչը կայ: Կայ նաեւ քաջութեան ու նուիրումի եւ մանաւանդ քառորդ դարու սեփականութեան խրախճանքի զգացումը: Մեր ապրած Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ կամ ամբողջ աշխարհի բոլոր ցամաքներուն վրայ, քու աստղազարդ գիշերներդ չկան: Տե՛ս, Արարատը քեզ նախագահած է քու ծագումէդ ի վեր: Ու մենք չունինք այս մէկը: Դո՛ւն, օրին նախանձելի էիր եւ ես տակաւին: Ուստի մնացի՛ր անոր տէրը: Դո՛ւն, քու յարգը գիտցիր: Դո՛ւն, քեզ արժեւորէ:

Անկեղծօրէն աւելցնեմ, որ Երեւան եկած էի նաեւ քու խուլ ցաւերուդ ալ միանալու: Գիտեմ` նպատակներդ հմայիչ են, եւ ցաւերդ ալ` անհամար: Մի՛ փոխեր հայու դիմագիծդ ու նկարագիրդ, որովհետեւ դո՛ւն հայութեան դարերու թատրոնն ես, եւ մենք ալ, համայն աշխարհով, քու հանդիսատեսդ: Ամէն օր ես ու հաստատապէս ինծի նման հայ եւ օտար հազարաւորներ քեզ «ճանչնալով»` իրենց հոգեկան քարտէսը պիտի բանան: Թօթափէ՛, վրայէդ ամէն «աղտ» եւ «կեղտ»: Ականջ տո՛ւր ժողովուրդիդ ձայնին…

Ու հիմա, թէեւ սրտցաւօրէն տողերս շարեցի, սակայն հաւատա՛, դուն, հայրենիքիս նման, ծնունդէս ի վեր, արեանս մէջն էիր: Դո՛ւն, 2798 տարեկան, ամբողջ հայութեան միակ լուսաւոր եւ գեղեցիկ մայրաքաղաք, Երեւա՛ն, «ցա՛ւդ տանեմ»… հաստատ մնա՛, առողջ մնա՛, մի՛շտ մնա…

bedig43@aol.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>