Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ընկերային կեանքի մէջ ընչաքաղցութիւն եւ փառասիրութիւն երկուորեակներ են, եւ քաղաքականութիւնը անոնց արգաւանդ դաշտն է:
Աշխարհ հեւ ի հեւ հետեւեցան հզօրագոյն համարուող երկրի` Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութեան արշաւին:
Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները առանց միջնորդի արձանագրուած անմիջական պատկերներով եւ արտայայտութիւններով տեղեակ կը պահեն ոչ միայն ամերիկացիները, այլ նաեւ` աշխարհի հեռուի եւ մօտի երկիրներու բնակիչները: Միացեալ Նահանգներու ընտրական համակարգը միշտ համարուած է ժողովրդավարական` իր օրէնքներով եւ անոնց ճիշդ գործադրութեան հսկող համապատասխան կառոյցներով:
Բայց…
Այս ընտրարշաւի ընթացքին ըսուածները եւ լսուածները քաղաքացիները, բայց նաեւ ուրիշ ժողովուրդները, կը մղե՞ն մտածելու ժողովրդավարութեան արժէքի եւ սահմանի մասին:
Ֆրանսան ալ Մարդկային իրաւանց յայտարարութեան եւ Մեծ յեղափոխութեան ժողովրդավարական երկիրն է: Ֆրանսայի մէջ ալ նախագահի ընտրութեան համար պայքար կը մղուի: Թեկնածուներու առատութիւն կայ, մրցակցութիւն` կուսակցութիւններու եւ նոյն կուսակցութեան անդամ թեկնածուներուն միջեւ:
Աշխարհի երկիրները մեծամասնութեամբ կը դաւանին, որ ժողովրդավարական են, ընտրութիւններ կը կազմակերպուին, քուէարկութիւններու արդիւնքները կասկածի կ’ենթարկուին, կը մերժուին, երբեմն ալ ծնունդ կու տան արիւնալի բախումներու:
Նոյնիսկ աւատապետութիւնը շարունակող երկիրներ, ի վերուստ տրուած իրաւունքով կամ սակաւապետութեամբ (ologarchie) կառավարուող երկիրներ, կը սիրեն պճնուիլ ժողովրդավարական պարեգօտով:
Եթէ ժողովրդավարութիւնը յաջողած համակարգ ըլլար, աշխարհի մէջ աւելի արդարութիւն եւ հաւասարութիւն հաստատուած պիտի ըլլային: Ո՞վ չէ լսած Մեծն Բրիտանիոյ հզօր վարչապետի` Վինսթոն Չըրչիլի հռչակաւոր խօսքը. «Ժողովրդավարութիւնը յռռեգոյնն է համակարգերու (système), բոլոր միւսներէն վերջ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ փորձուած ըլլան»*:
Սկզբունքը որոշ եւ պարզ է: Ժողովրդավարութիւնը վարչաձեւ մըն է, ուր իշխանութիւնը սկզբունքով ենթակայ է եւ կը հակակշռուի ժողովուրդի բոլոր անդամներուն կողմէ` առանց խտրութեան ծնունդի, հարստութեան, կարողութիւններու: Այս անվիճելիօրէն գեղեցիկ եւ արդար սկզբունքը ի՞նչ արդիւնք տուած է եւ կու տայ իր գործադրութեան ընթացքին. հարցում է, որ միշտ մտածելու մղած է, առաջնորդած է նաեւ բացասական դատումներու:
Խիստ հետաքրքրական է Ամերիկայի հայրերէն Պենժամեն Ֆրանքլինի վերագրուած այն մտածումը (որուն հետքը չկայ իր գրութիւններուն մէջ), որ «ժողովրդավարութիւնը քուէարկութիւնն է երկու գայլերու եւ գառնուկի մը` որոշելու համար, թէ ի՛նչ պիտի ունենան որպէս ճաշ: Ազատութիւնը լաւ զինուած գառնուկն է, որ կրնայ մերժել քուէարկութիւնը»:** Պարզ է` ժողովուրդը կը տքնի, կը քուէարկէ, սակաւապետութիւնը կը շահի (ըսէ՛ք «էսթեպլիշմընթ» կամ «օլիկարխիա»):
Հետաքրքրական է նաեւ Ամերիկայի մեծ նախագահներէն Թոմաս Ճեֆըրսընի այն խօսքը, որ «ժողովրդավարութիւնը այն արուեստն է, որ կը հաւատացնէ ժողովուրդին, որ ինք կը կառավարէ»:*** Ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները, իշխանութիւնները, ընտրութիւնները եւ արդիւնքները եթէ առարկայական ձեւով լուսարձակի տակ առնենք, պիտի տեսնենք, որ սա կամ նա բնոյթի սակաւապետութիւններ (oligarchie) տէր կ’ըլլան իշխանութեան, նոյնիսկ անոնք, որոնք ժողովուրդի եւ հաւասարութեան կարգախօսով կը գործեն: Այսինքն իշխանութիւնը մենաշնորհն է փակ եւ նեղ շրջանակի մը, երբեմն ժառանգական, յաճախ` նիւթական հզօրութեան պարտադրանքով:
Ժողովրդավարութիւնը իշխանութեան-կառավարման կեդրոն ստեղծելու եղանակ մըն է, պարզ այն պատճառով, որ մարդիկ, հաւաքականութիւնները, ժողովուրդները (ազգեր եւ պետութիւններ) ցարդ անկարող եղած ինքնակառավարում յառաջացնելու, ապրելու առանց իրենց գլխուն վերեւ եւ իրենց համար որոշող իշխանութիւն (կամ իշխան) ունենալու: Թագաւոր-միապետի իշխանութիւնը փոխարինուած է հաւաքական միապետութեամբ, որ կ’որոշէ, թէ ի՛նչ բան լաւ է իւրաքանչիւրին համար, ինչ բան լաւ չէ: Այսինքն քաղաքակրթութիւնները եւ գաղափարներու հոլովոյթը ցարդ չեն հասած հոն, ուր մարդիկ դադրին հպատակ ըլլալէ` թագաւորի մը կամ համակարգի մը:
Օր մը կը հասնի՞նք հոն, ուր այլեւս չըլլան հպատակներ, դադրի իրաւ կամ հոգեբանական աւատապետութիւնը իշխանական բոլոր կառոյցներուն մէջ, միութիւններ, կուսակցութիւններ, թաղապետական խորհուրդներ, մինչեւ խորհրդարաններ, նախագահներ: Հաւանօրէն այս քաղաքական ցնորք է:
Այս խորհրդածութիւնները երբ լոյս տեսնեն, Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահի ընտրութեան քուէարկութիւնը աւարտած կ’ըլլայ, Ֆրանսայի մէջ դեռ ամիսներ պիտի շարունակուին նախագահի ընտրութիւն կատարելու նախապատրաստական ընտրութիւնները եւ կողմնորոշումները, անոնցմէ ետք պիտի հետեւինք մեր փոքրիկ երկրի` Հայաստանի ընտրարշաւներուն, միշտ հոլովելով ժողովրդավարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին տիրանալու համար մղուած ընտրապայքարը, եթէ պահ մը փակագիծի մէջ դնենք ճառերը, հանրաժողովները, ծանուցումները եւ մտածենք ժողովրդավարութեան էութեան մաս կազմող «ժողովուրդ»-ի մասին, արդեօ՞ք զայն կը գտնենք տեղ մը: Ասկէ առաջ ալ ըսած եւ գրած եմ, որ Հարվըրտ կամ Փրինսթըն համալսարաններու տնտեսագիտութեան մեծ դասախօսը, նոյնիսկ եթէ համաշխարհային ճանաչում ունի, կրնա՞յ թեկնածու ըլլալ եւ ընտրուիլ: Համալսարանի փիլիսոփայութեան մեծ դասախօսը, որուն գիրքերը պիտի կարդացուին նաեւ յառաջիկայ դարերուն, կրնա՞յ իր երկիրը առաջնորդելու յաւակնութիւն ունենալ:
Ֆրանսայի մէջ նախագահական մէկ աթոռի համար կան բազմաթիւ թեկնածուներ: Քաղաքական եւ գաղափարական նոյն ընտանիքին մէջ «ընտրութիւն» կը կատարուի: Այսինքն յառաջիկայ ամիսներուն որոշ շրջանակներ ճշդած պիտի ըլլան իրենց ախոյեանները` երեք, չորս հինգ կամ աւելի, եւ ժողովուրդին պիտի մնայ նախապէս ընտրուածներէն մին կամ միւսը ընտրած ըլլալու գոհունակութիւնը կամ խաբկանքը:
Ամերիկայի մէջ, հանրային կարծիքին մէջ զոյգ թեկնածուներուն նկատմամբ բացորոշ վերապահութիւն կայ` ըստ հարցախոյզերու, բայց քաղաքացիները բանտարկուած են եւ պիտի քուէարկեն մէկուն կամ միւսին, կամ ձեռնպահ պիտի մնան: Ֆրանսայի մէջ քաղաքական կազմակերպութիւնները իրենք կ’որոշեն իրենց թեկնածուները եւ զանգուածը կը հրաւիրուի վաւերացնելու իրենց կատարած ընտրութիւնը: Այսինքն սակաւապետական (oligarchique) կարգով որոշուածը ընտրելու խաբկանքը կը տրուի ժողովուրդին: Իսկ այդ «որոշուած»-ը հետեւանք է անհատական շահակցութիւններու եւ մեքենայութիւններու (կոմպինացիա): Դրութիւնը կը կրկնուի նաեւ աւելի ցած մակարդակներու վրայ:
Ժողովրդավարութիւնը իրականութիւն կ’ըլլայ, եթէ արդարութիւնը իրապէս անկախ ըլլայ, դատաւորը ազատ ըլլայ, ունենայ բարձր հեղինակութիւն եւ ոչ պետական իրաւասութիւն եւ կախուածութիւն: Պետական եւ քաղաքական մարդոց նկատմամբ ինչե՜ր կ’ըսուին, աստ եւ անդ, բայց անոնք կը շարունակեն մնալ բեմի վրայ: Նուազ կարեւոր յանցանքներու համար համեստներ կը դատապարտուին, սակաւապետութեան շրջանակին մէջ գտնուողներ գիտեն շրջանցել օրէնքները: Եթէ ամերիկեան նախագահական ընտրութեան ընթացքին լսուած ամբաստանութիւնները հետապնդումի առարկայ ըլլային, ինչե՜ր կրնային պատահիլ:
Ժողովրդավարութիւնը չարչրկուած բառ է: Պէտք է յիշել, որ համայնավարական միակուսակցական-մենատիրական վարչաձեւի տակ երկիրներ կային, որոնք կը կոչուէին «ժողովրդական ժովրդավարութիւններ (démocratie populaire), եւ մարդիկ կը հաւատային:
Ամերիկայի նախագահական պայքարի վերջին օրերուն թեկնածուները հազարաւոր քիլոմեթրեր կը տեղափոխուէին: Նոյնիսկ հանճարեղ, բայց համեստ նիւթական միջոցներ ունեցող թեկնածուն ինչպէ՞ս կրնայ այդ ընել: Կը նշանակէ, որ սակաւապետական մէկ կամ միւս թեկնածուին միջեւ ընտրելու իրաւունք ունի քուէարկողը, որուն որոշման վրայ արդէն ազդած կ’ըլլան միլիոններ արժող ծանուցումներու քարոզարշաւը:
Երկրի մը մէջ քաղաքացիին կարծիքը կը կազմուի լրատուամիջոցներու ճամբով, որոնք կը հակակշռուին, յաճախ կ’իյնան չափազանցութիւններու մէջ տպուած թուղթ ծախելու կամ հեռատեսիլի ունկնդիրներու թիւը աւելցնելու, քանի որ այդ թիւէն կախում ունի թերթին ծանուցումներէն ստացուած եկամուտը: Ամերիկայի պէս երկրի մը մէջ, հեռաւոր Լուիզիանի քաղաքացին ինչպէ՞ս կրնայ առարկայական դատում ունենալ Նիւ Եորքի Մանհաթանի ընտրական ղեկավարման կեդրոններուն մէջ պատահածներուն մասին:
Լրատուամիջոցները կ’ըսեն, թէ մէկ կամ միւս թեկնածուին զօրավիգ են շահեր հետապնդող զանազան ուժեր: Միլիոնաւոր քուէարկողներու ստուար մեծամասնութիւնը ո՛չ քաղաքագէտ է, ո՛չ ալ տնտեսագէտ, վերնախաւի շրջանակներուն մէջ չէ, բայց կը հաւատայ որ ի՛նք է ընտրողը, որոշողը:
Ժողովրդավարութիւնը ճիշդ էր, երբ ուղղակի էր, ինչպէս` Աթէնքի մէջ, ուր մարդիկ զիրար կը ճանչնային: Պրազիլի միւս ծայրը բնակող քաղաքացին, որ իր երկրի մայրաքաղաքը ոտք չէ կոխած, ո՛չ նախագահ տեսած եւ ո՛չ ալ նախարար, ո՞ր գիտութեան վրայ հիմնուած իր քուէն պիտի տայ: Նոյնն է պարագան ամէնուրեք, երկիրները մեծ ըլլան թէ փոքր:
Իշխանական սակաւապետութիւն կայ, ուր իրաւունքներ, առաւելութիւններ եւ մենաշնորհներ կը բաժնուին` ընտանիքի անդամներու, կողմնակիցներու եւ մրցակից բարեկամներու միջեւ: Ժողովրդավարական պիտակ կրեն թէ չկրեն իշխանութիւնները, դրութիւնը այնպէս է, վերնախաւը գիտէ իւրացնել պաշտօններ եւ անաշխատ վարձատրութիւններ:
Ասպարէզը այնքան շահաւէտ է, որ ընտրութեան մը վաղորդայնին իսկ մարդիկ կը պատրաստուին յաջորդին` միշտ ժողովրդավարութեան հովանիին տակ:
Այս իսկ պատճառներով, ընտրութեան մը նախօրեակին թէ վաղորդայնին, քննադատութիւնները կը շարունակուին, նախաձեռնութիւններ կը խոչընդոտուին, վերնախաւը կ’իշխէ, իսկ ժողվրդավարութեան պատուանդան ժողովուրդը կը տուժէ, կը վճարէ անհասկացողութիւններու եւ մրցակցութիւններու հաշուեցոյցը, անաշխատ առաւելութիւնները կ’աճին:
Վինսթոն Չերչիլի դառն իրատեսութիւնը օր մը կը սրբագրուի՞, յաւելեալ իրաւունքի, հաւասարութեան եւ արդարութեան հաստատումով:
Քահանայապետին պէս ըսենք` եթէ վերջ գտնէ «դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը»****:
7 նոյեմբեր 2016, Նուազի-լը-Կրան
* Democracy is the worst form of government – except for all those other forms, that have been tried from time to time. (Winston Churchill).
** “Democracy is two wolves and a lamb voting on what to have for lunch. Liberty is a well-armed lamb contesting the vote.” Benjamin Franklin.
***En démocratie, la politique est l’art de faire croire au peuple qu’il gouverne ». Thomas Jefferson
**** Պիոս ԺԱ-ի կոնդակը, 1931