Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Այցելութիւն` «Պօղոս Սնապեան»-ի Տուն-Թանգարան

$
0
0

img-20161108-wa0002

Օրեր առաջ քոլեճի Ը. դասարանը, հայոց լեզուի իր դասատուին` Սալբի Թաշճեանին հետ ուղղուեցաւ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարան: Աշակերտները դիմաւորեց գրագէտին կինը` Աղաւնի Սնապեան, որ տուն-թանգարանին դռները բանալով` ներս հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի մօտէն ծանօթանան «Սնապեանական» յորդառատ գրական ժառանգութեան:

Պօղոս Սնապեանի անձին, ստեղծագործական ու խմբագրական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ տուն-թանգարանի շինարարութեան մասին աշակերտները բաւական տեղեկութիւն ստացան Սալբի Թաշճեանէն, որ Պօղոս Սնապեանի գրականութեան վերջին ուսանողներէն եղած է Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն ներս:

img-20161108-wa0001

Աշակերտները ուշի-ուշով հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, ապա առանձին շրջեցան տուն-թանգարանէն ներս եւ հարցումներ ուղղեցին Աղաւնի Սնապեանին: Անոնք գոհունակ վերադարձան վարժարան, շարունակեցին կարդալ Պօղոս Սնապեանի ստեղծագործութիւններէն ու իրենց տպաւորութիւնները յանձնեցին թուղթին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>