Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Պատուաստ Եւ Պատուաստում

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

blog_kaufman_110316

Պատուաստը հակածինային (antigenic) նիւթ մըն է, իսկ պատուաստումը այս հակածինային նիւթին ներարկումն է անհատի մը: Պատուաստը կը գրգռէ անհատին վարակամերժութեան (immunity) համակարգը, կը զարգացնէ յատուկ վարակամերժութիւն եւ կը յայտնաբերէ հակամարմիններ անհատին մէջ:

Վարակամերժութիւնը եւ հակամարմինները կը յառաջանան մեր մարմնին մէջ  բնականօրէն եւ արհեստականօրէն:

Պատուաստումը արհեստականօրէն վարակամերժութիւն ստեղծելու եւ հակամարմիններ արտադրելու միջոց մըն է:

Պատուաստի մը գործօն բաղադրիչը որոշ ախտածինի մը ոչ յարուցիչ-ոչ բորբոքումային եւ անգործօն մասնիկն է, կամ զտուած եւ մաքրուած ախտածին մարմիններու  մասնիկներ են:

Թունաւոր հիւանդութիւններու պարագային որպէս պատուաստ կը գործածուի թուլացուած թոյնը (toxoid), որ կը պատրաստուի  թունաւոր հիւանդութիւններու յարուցիչ թոյնին դէմ: Այս հիւանդութիւններէն է`

պրկախտը (tetanus):

Վարակամերժութիւն կարելի է յառաջացնել մարդու մարմնին մէջ երկու ձեւերով.

1.- Գործօն (active)

Այս տեսակ վարակամերժութիւնը տեղի կ՛ունենայ` գործածելով հակածիներ, որոնք կը գտնուին պատուաստի եւ թոքսոյտի մէջ: Այս միջոցով յառաջացած վարակամերժութիւնը երկարամեայ կ՛ըլլայ:

2.- Կրաւորական  (passive)

Ասիկա տեղի կ՛ունենայ արտամարմնային հակամարմիններու եւ կլոպիւլին (globulin) ներծորոյթի (hormone) գործածութեամբ: Կրաւորական  պատուաստումը կը յառաջացնէ ժամանակաւոր վարակամերժութիւն:

Գործօն պատուաստումի բացակայութեան պարագային կը դիմուի կրաւորական ձեւին:

Պատուաստը արգելք կը հանդիսանայ որոշ բորբոքումային հիւանդութիւններու եւ կամ կը մեղմացնէ զանոնք: Ան ամէնէն ազդու միջոցն է արգելք հանդիսանալու շատ մը բորբոքումային հիւանդութիւններու: Անոր միջոցով Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը (ՀԱԿ) կրցած է վերջնականապէս անյայտացնել (eradication) ծաղկախտը (small pox) եւ հսկողութեան տակ առած է կարգ մը հիւանդութիւններ շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` մանկական անդամալուծութիւնը (polio), հարսանիթը (measles) եւ պրկախտը (tetanus): ՀԱԿ-ի համաձայն, գոյութիւն ունին 25 հիւանդութիւններու դէմ յատուկ պատուաստներ:

Առաջին պատուաստը 1796-ին պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ, անգլիացի բժիշկ Էտվըրտ Ճենըրի կողմէ: Այս առաջին պատուաստը կոչուած է vaccin, որովհետեւ այս բառին արմատը  կու գայ լատիներէն vacca բառէն, որ կով կը նշանակէ: Այս պատուաստը գործածուած էր կովերուն վրայ, որոնք ախտահարուած էին յատուկ ժահրով մը: Այդ օրերուն ծաղկախտէ վարակուած  չափահասներուն  20-60 տոկոսը մահացած է, ինչպէս նաեւ`  երեխաներուն 80 տոկոսը: 1979-ին այս հիւանդութիւնը վերջնականապէս անհետացած է համայն աշխարհի մէջ: Սակայն մինչեւ այդ թուականը շուրջ 500 միլիոն անձեր մահացած են ծաղկախտէ:

Կատղախտի (rabies) դէմ առաջին պատուաստը գործածուած է  Լուիզ Փասթէօրի կողմէ երեխայի մը վրայ, որ կատղախտով վարակուած շունէ մը խածուած էր:

Պատուաստներու գիւտերէն անմիջապէս ետք բարոյագէտներ, քաղաքական մարդիկ, ընկերաբաններ եւ կրօնաւորներ ընդդիմացած են եւ ժխտական կեցուածք ունեցած են նորաստեղծ պատուաստումին դէմ` զանազան պատճառաբանութիւններով: Սակայն այս առաջին փուլէն ետք համայն աշխարհ գործածած է այս պատուաստները` պատճառաբանելով անոնց փրկարար դերը: Յաճախ պետութիւններ եւ առողջապահական միջազգային կազմակերպութիւններ կը պարտադրեն պատուաստումը որոշ հիւանդութիւններու դէմ եւ համաճարակներու ընթացքին:

Պատուաստները ընդհանրապէս կը տրուին մարդոց վարակուելէն առաջ: Սակայն կարգ մը պատուաստներ կը ներարկուին նաեւ վարակուելէ ետք, օրինակ` կատղախտի պատուաստը:  Կատղախտով վարակուած շունէ մը խածուելէ ետք ենթակային կը ներարկուին կատղախտի 4 պատուաստներ` յաջորդ 14 օրերու ընթացքին: Այս միջոցին խածուած անձին կը ներարկուի նաեւ վարակամերժ կլոպիւլին ներծորոյթը ու կը կատարուի վէրքին ամէնօրեայ մաքրութիւնը:

Պատուաստներուն մեծամասնութիւնը կը ներարկուի ենթամորթին մէջ եւ կամ զիստի ու ուսի մկաններուն մէջ: Անոնք բերնէն չեն ներարկուիր,  որովհետեւ այս պատուաստները լաւապէս չեն ներծծուիր աղիքներուն մէջ: Մանկական անդամալուծութեան (polio), որովայնատիֆի (typhoid) եւ մանրէական հնդկախտի (cholera) պատուաստները կը տրուին բերնէն, որպէսզի աղիքներուն մէջ վարակամերժութիւն յառաջանայ:

Կարգ մը պատուաստներ կը յառաջացնեն որոշ բարդութիւններ, ինչպէս` մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն, պատուաստի տեղային ցաւ, կարմրութիւն եւ ուռեցք, ջերմ, ցնցումներ եւ մարմնական, ինչպէս նաեւ ուղեղային ջրուռեցք:

Շատեր կը հաւատան, որ հարսանիթի,   ունկնագեղձատապի (mumps) եւ գերմանական հարսանիթի (rubella) պատուաստները կը յառաջացնեն ուղեղապատեանատապ (meningitis), սակայն որոշ ապացոյցներ չկան այդ ուղղութեամբ:

Պատուաստումը բժշկական ապահով դարմանամիջոց մըն է: Անոր բարդութիւններուն յաճախականութիւնը որեւէ մէկ դեղի բարդութիւններէն աւելի չեն: Անոր միջոցով երեխաները աւելի առողջ կը մեծնան  եւ որոշ հիւանդութիւններէ զերծ կը մնան:

ՀԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, 2-3 միլիոն մանուկներ կը մահանան ամբողջ աշխարհի տարածքին, որովհետեւ անոնք չեն պատուաստուիր: Հինգ տարեկանէն վար մանուկներու 29 տոկոսին մահուան պատճառը պատուաստ չառնելն է:

Շատ մը երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին յատուկ գործընթաց մը` մանուկներու պատուաստումին համար: Այս երկիրները կը գործակցին ՀԱԿ-ի հետ, որպէսզի իրականանայ մանուկներուն պատուաստումը:

Կան շարք մը հիւանդութիւններ, որոնց դէմ պատուաստումը պարտադիր է շատ մը երկիրներու մէջ: Այս հիւանդութիւններն են`  լեարդաբորբ B (hepatitis B), կեղծմաշկ (diphtyeria), պրկախտ (tetanus), կապոյտ հազ (pertusis-whooping cough), կրիփ (influenza), ունկնագեղձատապ (mumps), թոքաբորբ (pneumococcal infection),  մանկական անդամալուծութիւն (polio, poliomyelitis), պրկախտ (tetanus), ծաղիկ-ծաղկախտ (small pox), ջրծաղիկ (chicken pox) եւ հարսանիթ (measles):

Կեղծմաշկի, պրկախտի եւ կապոյտ հազի պատուաստները ընդհանրապէս միատեղ կը ներարկուին: Հարսանիթի, ունկնագեղձատապի եւ գերմանական ծաղիկի պատուաստները նոյնպէս կրնան միասնաբար տրուիլ: Լեարդաբորբ B,  հնդկախտի (cholera), դեղնախտի (yellow fever) եւ ունկնագեղձատապի պատուաստները կը տրուին անջատաբար:

Կիներ յղացումէն մինչեւ երրորդ ամսուան վերջաւորութիւնը պէտք չէ պատուաստուին, որպէսզի ծինային խախտումներ տեղի չունենան աճող սաղմին մէջ: Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն ունեցող անհատները պէտք է  զգուշութեամբ առնեն որեւէ պատուաստ:

Մանուկներու պատուաստումը կը կատարուի համաձայն բժշկական ուղեցոյցի մը: Մանկաբուժը կը ներարկէ մանկական պատուաստները` հետեւելով այս ուղեցոյցին:

Յանձնարարելի է բոլոր ծնողներուն, որ իրենց երեխաներու պատուաստումին համար հետեւին մանկաբուժին թելադրութիւններուն:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>