Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հոգեհանգիստ` Սեբաստիոյ Հայկական Նորոգուած Գերեզմանատան Մէջ

$
0
0

«ԱԿՈՒՆՔ», «ԷՐՄԵՆԻՀԱՊԵՐ»

1101sepastia

Պատմական Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Զառա շրջանին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ, երկարատեւ դադարէ մը ետք, հոկտեմբեր 29-ին հոգեհանգիստի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ:

Թրքական «Հապերթիւրք» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ արարողութեան մասնակցելու համար Զառա այցելած է պոլսահայերու 38 հոգինոց խումբ մը` յարգանքի տուրք մատուցելով այդ գերեզմաններուն մէջ հանգչող իրենց նախնիներուն:

Հոգեհանգիստի կարգը մատուցելէ ետք ելոյթ ունեցած է Զոհրապ վրդ. Ճիւանեան` նշելով, որ գերեզմանոցին մէջ վերջին անգամ յուղարկաւորութիւն կատարուած էր 1958-ին:

«Ակօս» թերթը կը յիշեցնէ, որ Զառայի հայկական գերեզմանատունը քանդուած վիճակի մէջ յայտնաբերուած էր քանի տարի մը առաջ` շրջանը այցելած պոլսահայ «Հայճար» ճարտարապետներու միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Այնուհետեւ, գործարար Ֆեթհի Արասի նիւթական օժանդակութեամբ, գերեզմանատան տարածքին վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են:

Նշենք, որ Զառայի մէջ, մինչեւ 1915, հոծ հայ բնակչութիւն ապրած է:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>