Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Հայ Գրականութեան Ամէնէն Յառաջապահ Ամսագիրը Հրատարակութեան Նոր Փուլի Մը Սեմին

$
0
0

ashod-kaprielian_103116

Մօտ յիսուն տարուան պատմութիւն ունեցող «Գարուն» գրական-գեղարուեստական հասարակական ամսագիրի նոր խմբագիր նշանակուած է բանաստեղծ Աշոտ Գաբրիէլեանը:

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը զրուցած է նոր նշանակուած խմբագիրին հետ եւ պարզած է, թէ ի՛նչ մտայղացումներ ունի ան` կրկին կեանքի կոչելու երբեմնի ամէնէն յայտնի եւ անուանի ամսագիրներէն մէկը: Ստորեւ` զրոյցին բովանդակութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- «Գարուն» ամսագիրը եղած է ժամանակի յառաջատար եւ ամէնէն յառաջապահ ամսագիրը: Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ նոր խմբագիրին ձեռագիրը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամսագիրին համար նոր ձեռագիր ապահովելու գծով բարդութիւններ կան, քանի որ «Գարուն»-ը ժամանակին եղած է ամէնէն արդիական եւ համարձակ ամսագիրը: Ներկայիս` խօսքի ազատութեան պայմաններուն մէջ, այդ համարձակութիւնը կրնայ չնկատուիլ:

Արդիական եւ յառաջապահի գիծը յառաջ տանելով` պէտք է յիշենք, որ «Գարուն»-ը ունի աւանդութիւններ, զորս պէտք է կարենալ պահպանել: Ամսագիրը միշտ առանձնացած է իր թարգմանական աշխատանքներով, եւ հիմա ես պիտի համագործակցիմ նոր մարդոց հետ, նոյնիսկ պիտի ըլլան թարգմանութիւններ` ճափոնական բնագիրներէ:

Հ.- Արդէն ունի՞ք պատրաստ գաղափարներ այդ բոլորը իրագործելու համար:

Պ.- «Գարուն»-ի մէջ պիտի ներգրաւուին ամէնէն կենսունակ ուժերը` գրական, հասարակական եւ մշակութային մարզերուն մէջ, միասին կատարելիք քննարկումներու եւ բանավէճերու շնորհիւ, որոնք նոյնիսկ պիտի երեւին ամսագիրին մէջ, պիտի փորձենք հասարակական-մշակութային կեանքին մէջ նոր խօսք բերել: Խումբ հաւաքելու ուղղութեամբ արդէն աշխատանքներ կ՛իրականացուին:  Հաւանական է, որ իւրաքանչիւր թիւի մէջ աշխատինք տարբեր խումբերու հետ, որովհետեւ այդ շարժումը թիւէ թիւ պէտք է երեւի: Ամսագիրը բաց է համագործակցութեան համար:

Հ.- Արդէն իսկ անուն ունեցող տպագիր եւ առցանց ամսագիրներու կողքին, ինչպէ՞ս ամսագիրը կը պատրաստուի իր սեփական տեղը ապահովել:

Պ.- Կը կարծեմ` «Գարուն»-ը անուն հանելու կարիք չունի, անիկա այսօր ալ ամէնէն առաջնակարգ անուններէն է, պարզապէս պէտք է «Երրորդ շնչառութիւնը» տալ անոր, աւելի թարմացած եւ նորարարական ձեւով մատուցել զայն ընթերցողին: Բացի ատկէ` պիտի ունենանք նաեւ «Գարուն»-ի ելեկտրոնային տարբերակը, ուր պիտի ներառուին տպագիր ամսագիրին մէջ չներառուած հրապարակումները: Այնտեղ պիտի ըլլան նաեւ հին հրապարակումներու արխիւացած տարբերակները, որպէսզի ընթերցողները տեսնեն, թէ ամսագիրը ի՛նչ ճամբէ անցաւ:

Հ.- Ինչի՞ վրայ կը պատրաստուիք շեշտը դնելու:

Պ.- Նախ եւ առաջ պիտի ցանկայի նշել, որ խորհրդային տարիներէն ետք գրող-ընթերցող, քննադատ-հասարակութիւն կապերուն մէջ տարըմբռնումներ կան: Պիտի աշխատինք քննարկումներու շնորհիւ գրականութեան մէջ կարեւորութեամբ շեշտել առաջնակարգը, այսինքն` հասարակակութիւնը վերադարձնել գիրքին: Պէտք է հասկնալ բուն խնդիրը եւ մշակութային գործիչ-հասարակութիւն կապը աւելի արդիւնաւէտ դարձնել: Մեր երկրին մէջ գրական ճաշակ կը թելադրէ ընդամէնը քանի մը հոգի: Շատ կարեւոր է, որ ընթերցողը հաճոյքով գնէ ամսագիրը եւ սպասէ յաջորդ թիւին:

Հ.- Ի՞նչ պիտի ըլլայ ամսագիրին գլխաւոր ըսելիքը:

Պ.- Նախ եւ առաջ` նպաստել գրական հոլովոյթներուն եւ գրական-մշակութային-հասարակական կապի ամրապնդումին: Անիկա պէտք է փոխադարձ յարաբերութիւններու համար դաշտ դառնայ: Ես կ՛ուզեմ, որ «Գարուն» ամսագիրը ըլլայ քառուղի` գրական բանավէճերու համար, ինչ որ շատ կարեւոր է գրականութեան զարգացման համար: Մենք պատրաստ ենք ընդգրկելու եւ քննարկելու բոլոր գրական հոսանքներն ու միտումները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles