Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Տեսակէտ. Յառաջադիմական Ազգայնականութիւն` Ժամանակակից Ազգայնական Տեսլական

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր մենք մտած ենք նոր դար մը, որուն պայմաններն ու պահանջները կը տարբերին նախորդէն: Նոր փուլի մէջ մտած են համաշխարհային քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերը, որոնք շարունակական զարգացման մէջ են: Ինչպէս որ դաշնակցական մտաւորական Շաւարշ Միսաքեանը ըսած է. «Չըլլայ, որ թմրիս անցեալի փառքերով. հաւատք եւ յարատեւ ճիգ, որպէսզի բան մըն ալ դուն աւելցնես անոնց վրայ` իբրեւ նոր սերունդ»:

Նոր ժամանակները իրենց հետ բերած են եւ պիտի բերեն նոր հարցեր, որոնք պէտք ունին եւ պիտի ունենան ժամանակակից մտածելակերպի մը վրայ հիմնուած լուծումներու, եւ այստեղ կու գայ երիտասարդութեան դերը` ոչ թէ միայն բարձրացնելով նոր հարցերը, այլեւ լուծումներ գտնելով անոնց: Յիշեալ պատճառներով ալ մենք կարիքը  ունինք վերատեսութեան ենթարկելու ազգային-պահպանողական մտածելակերպը եւ հիմը դնելու 21-րդ դարու ոգիով ներշչուած ազգայնական հոսանքի մը, որուն հիմքերը պիտի կազմեն համամարդկային արժէքները:

Ցեղասպանութենէն ետք վերապրող հայութիւնը կարիքը ունէր հայապահպանութեան, որպէսզի հայկական ինքնութիւնը ապրէր, եւ ատիկա պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Այսօր հայկական ինքնութիւնը կայ, բայց այս անգամ այդ ինքնութիւնը կարիքը ունի զարգացման, որպէսզի համապատասխանէ դարու ոգիին: Յառաջդիմական ազգայնականութեան նպատակը պիտի ըլլայ սրբագրել պահպանողական հոսանքի սխալները. սխալներ, որոնք բաժան-բաժան ըրին հայ ազգը. ազգը բաժնեցին հարուստի եւ աղքատի, տղամարդու եւ կնոջ, առաքելականի եւ ոչ առաքելականի միջեւ: Ահա այս ձեւով տկարացուցին հայ ազգը եւ պատճառ դարձան, որ անիկա հեռու մնայ համաշխարհային բոլոր զարգացումներէն:

Յառաջդիմական ազգայնականութիւնը ուժերը զօրաշարժի կ՛ենթարկէ յանուն ազգի վերականգնման եւ հայրենիքի զօրացման: Ազգի վերականգնումը կ՛իրականանայ, երբ ազգի անդամներուն կապերը իրարու հետ ամուր կ՛ըլլան, երբ ազգի իւրաքանչիւր անդամ կը զգայ,  որ իր տեղը ունի ազգին մէջ` առանց կրօնի, դաւանանքի կամ սեռի խտրութեան: Այսօր հայութեան մէջ գոյութիւն ունին իսլամացած, որեւէ կրօն չդաւանող ու օտարախօս խումբեր եւ անաշխատունակ խաւեր: Յիշուած խումբերը կը նկատուին զրկուած խումբեր, որովետեւ միշտ ալ անտեսուած են եւ խտրականութեան ենթարկուած հասարակութեան կողմէ:

Մեր առաջին նպատակը պէտք է ըլլայ յիշեալ խումբերուն համարկումը հայկական հասարակութեան մէջ, եւ անոնք կարիքը ունին զօրակցութեան: Ահա ամուր ազգ կերտելէն ետք պէտք է մեր աւելի քան 100-ամեայ դատը լուծենք. նախ պէտք է ըմբռնենք այն, որ մեր դատի պայքարը ատելութեան սերմանումի կամ ալ հողերու գրաւման դատ չէ, այլ մարդկային դատ, անիկա 1,5 միլիոն անմեղ մարդոց դատն է, որ կարիքը ունի ճանաչումի եւ դատապարտումի յանցագործ պետութեան ժառանգորդին, այսինքն` թրքական կառավարութեան կողմէ: Ասիկա մեզի չի զրկեր Թուրքիոյ մէջ գտնուող` ցեղասպանութիւնը ընդունող անհատի մը կամ կազմակերպութեան մը հետ համագործակցելէ, քանի այդ կէտը շատ կարեւոր է, որովհետեւ թուրք անհատին արգիլուած է ճշմարտութիւնը ստանալ, եւ մենք պէտք է ըլլանք այդ քարոզիչները, որոնք պիտի դաստիարակեն թուրք անհատը Ցեղասպանութեան մասին: Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ ետք աշխատանք պէտք է տարուի հատուցման. հատուցում` մեր կալուածներուն, հողերուն, դաշտերուն եւ տուներուն:

Ինչ կը վերաբերի արցախեան հարցին, նմանապէս պէտք է հասկնանք, որ այս հարցը ատելութիւն սերմանելու կամ պատերազմ հրահրելու հարց չէ` ընդդէմ ազրպէյճանցիին, այլ ժողովուրդի մը ինքնորոշման հարցն է. ինչպէս ամէն ժողովուրդ, նոյնպէս ալ արցախցին  իրաւունք ունի ապրելու անկախ պետութեան դրօշին ներքեւ: Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախ պետութիւն մըն է, բայց դժբախտաբար ճանչցուած չէ միջազգային ընտանիքին կողմէ, միւս կողմէ ալ` վտանգի տակ է Ազրպէյճանի կողմէ: Մեր գործը պիտի ըլլայ մեծ քարոզչութիւն տանիլ ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման, միւս կողմէ ալ` աշխատիլ խաղաղ միջոցներով արցախեան հարցը լուծելու (բայց պատրաստ ըլլալու ապագայի զինուորական մարտահրաւէրներուն):

Ի վերջոյ, հիմա նաեւ պէտք է կեդրոնանանք ազգային պետականութեան զօրացման վրայ, որովետեւ միայն ազգային պետութեան մէջ է, ուր ազգը կարելիութիւն կ’ունենայ զարգանալու կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Մեր պետականութեան հիմքերը պէտք է  գտնուին ընկերային արդարութեան, համերաշխութեան եւ ժողովրդավարութեան մէջ: Ազգային պետութիւնը իր քաղաքացիներուն պէտք է ապահովէ բարեկեցութիւն, քաջալերէ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները, որպէսզի աճի տնտեսութիւնը, աղքատութեան յաղթահարման հարցը լուրջի առնէ եւ միջոցներ գտնէ` նուազեցնելու զայն, պէտք է արդիականացնել նաեւ պետութեան վարչական համակարգը, որպէսզի անիկա մնայուն կերպով  մնայ կայուն զարգացման մէջ:

Այս բոլոր յիշուած կէտերով կրնանք ըսել, որ յառաջդիմական ազգայնականութիւնը շատ կը տարբերի ատելութեան եւ զգացապաշտութեան վրայ հիմնուած ազգայնամոլութենէն եւ քարացած ազգային պահպանողականութենէն: Յառաջդիմականութիւնը միայն թուղթի վրայ գրուած տեսլական մը չէ, այլ ազգի մը բարգաւաճման ծրագիրն է, որուն բարիքներէն օգտուած են բազմաթիւ ազգեր: Ժամանակն է, որ հայ ազգն ալ առիթէն օգտուի եւ հայկականացնէ յառաջդիմականութիւնը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>