Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սապրայի Եւ Շաթիլայի Ջարդերը Եւ Շէյխ Ամին Ժըմայէլի Նախագահ Ընտրութիւնը

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

59279_151247274907386_150671121631668_304382_7096312_n1

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի սպանութենէն քան մը ժամ ետք, 14 սեպտեմբեր 1982-ի կէս գիշերին Իսրայէլի սպայակոյտի պետ զօրավար Ռաֆուլ Էյթան Պէյրութ հասնելով բանակցութեան մէջ մտաւ փաղանգաւոր զինուորական պատասխանատուներուն հետ եւ թելադրեց անոնց զօրաշարժի ենթարկելու իրենց ուժերը, դերակատարութիւն ստանձնելու համար արեւմտեան Պէյրութի վրայ իսրայէլեան բանակի յարձակումին: Փաղանգաւոր զինուորական պատասխանատուները ըսին, որ զօրաշարժը 24 ժամ կը պահանջէ:

Սեպտեմբեր 15-ի առաւօտուն, մինչ իսրայէլեան բանակը մուտք կը գործէր արեւմտեան Պէյրութ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Արիէլ Շարոն, որ նոյնպէս Պէյրութ հասած էր, Էյթանի եւ զինուորական այլ պատասխանատուներու` զօրավարներ Ամիր Տրորիի, Ամոս Եարոնի, Աւրահամ Շալոմի եւ Մոշէ Լեւիի հետ հանդիպում ունեցաւ: Իսրայէլացի զինուորականները որոշեցին, որ փաղանգաւոր միլիսները պաղեստինեան Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայանները մտնեն եւ մաքրագործեն հոն թաքնուած ֆետայիները: Երեկոյեան արդէն Սապրա եւ Շաթիլա պաշարուած էին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ:

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 16-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Շարոն եւ Էյթան հանդիպում ունեցան փաղանգաւոր զինուորական պատասխանատուներու հետ: Իսրայէլացիք փաղանգաւորներուն ըսին, որ պաղեստինցիներն են շէյխ Պեշիրի սպանութեան պատասխանատուները: Այնուհետեւ Շարոն եւ Էյթան կարգադրեցին, որ փաղանգաւոր միլիսները Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայանները մտնեն եւ հաշուեյարդարի ենթարկեն պաղեստինցի կռուողները:

Փաղանգաւոր 1500 միլիսներ, Էլի Հպէյքայի հրամանատարութեան տակ, իսրայէլեան անցարգելներէն անցնելով արեւմտեան շրջան մտան եւ խմբուեցան օդակայանին շուրջ: Արդէն օդակայանի շրջանը ամբողջ իսրայէլեան զինուորական գօտիի վերածուած էր: Փաղանգաւոր միլիսները իսրայէլեան ճիփերով եւ զէնքերով ուղղուեցան դէպի Սապրա եւ Շաթիլա, որոնք արդէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հակակշիռին տակ կը գտնուէին: Փաղանգաւոր միլիսներու առաջին միաւորը` 150 հոգիէ բաղկացած, գաղթակայաններէն ներս մուտք գործեց սեպտեմբեր 16-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Փաղանգաւորներուն հետ գաղթակայաններ հասան նաեւ Սաատ Հատտատի «Ազատ Լիբանանի բանակ»-էն միլիսներ:

Միլիսները իրենց բնակարաններէն դուրս հանեցին անզէն քաղաքայիններ` կիներ, մանուկներ, ծերեր եւ երիտասարդներ ու հաւաքաբար գնդակահարեցին զանոնք: Անոնք նաեւ բազմաթիւ բնակարաններ ականահարեցին: Կարգ մը թաղերու մէջ տկար դիմադրութիւն ցոյց տրուեցաւ, սակայն ընդհանուր առմամբ անակնկալ ջարդը տեղի ունեցաւ առանց որեւէ դիմադրութեան:

Իսրայէլացի սպայ տեղակալ Էլուլ երեկոյեան ժամը 7:00-ին Էլի Հպէյքայի եւ փաղանգաւոր միլիսի մը միջեւ անթել հեռաձայնային խօսակցութիւնը լսեց, ուր միլիսը Հպէյքայի կը հարցնէր ի՞նչ ընել իրենց ձեռքը ինկած յիսուն կիներուն եւ մանուկներուն: Հպէյքա պատասխանած էր ըսելով. «Ասիկա վերջին անգամն է որ այսպիսի հարցում մը կը հարցնես. դուն գիտես թէ ճիշդ ինչ պիտի ընես»: Էլուլի մօտ գտնուող փաղանգաւոր միլիսները սկսան խնդալ: Զօրավար Ամոս Եարոն Էլուլի հարցուց, որ միլիսները ինչո՞ւ կը խնդան, եւ Էլուլ թարգմանեց Հպէյքայի ըսածը: Այնուհետեւ Եարոն եւ Հպէյքա հինգ վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցան:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին զօրավար Եարոն եւ իսրայէլացի այլ սպաներ ընթրիքի նստած էին, երբ տեղեկագիր մը հասաւ իրենց, ուր կ՛ըսուէր, որ փաղանգաւորները երկու ժամուան մէջ 300 հոգի սպաննած են:

Գիշերը, Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայաններէն բարձրացած բոցերը կը լուսաւորէին երկնակամարը: Կանգուն մնացած բնակարանները կ՛այրէին, իսկ ջարդերը կը շարունակուէին մէկ թաղէն միւսը:

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 17-ի առաւօտուն ջարդերը վերսկսան նոր թափով: Մինչ իսրայէլացի զինուորներ հանդիսատեսի դերին մէջ կը գտնուէին: Տեղակալ Կրապովսքի տեսաւ, որ երկու միլիսներ երկու երիտասարդներ բռնած կը մորթէին: Այնուհետեւ իսրայէլացի զինուորները քաշուեցան կարգ մը դիրքերէ:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին իսրայէլեան բանակի ընդհանուր սպայակոյտը Թէլ Աւիւի մէջ մանրամասն տեղեկագիր մը ստացաւ գաղթակայաններու ջարդերուն մասին:

Մինչ ջարդերը կը շարունակուէին, տեղակալ Կրապովսքի, որ իր գումարտակին հետ կը մնար հանդիսատեսի դերին մէջ, միլիսի մը հարցուց, որ ինչո՞ւ քաղաքայիններ, կիներ, աղջիկներ եւ մանուկներ կը սպաննեն, ան ալ պատասխանեց ըսելով, որ անոնք վաղը ահաբեկիչներ պիտի ծնին:

Ջարդերը շարունակուեցան մինչեւ ուրբաթ, 18 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:00, երբ միլիսները դուրս բերուեցան գաղթակայաններէն:

Իսրայէլացի Ռոն Պէն-Իշայ առաջին թղթակիցն էր, որ Սապրա եւ Շաթիլա մտաւ: Այնուհետեւ մտան նաեւ օտար քանի մը թղթակիցներ: Ջարդէն խուսափողները հաստատեցին, որ իսրայէլացի զինուորներ չեն տեսած, այլ եկողները զինուորական տարազով էին ու իրենց կուրծքերուն վրայ «Լիբանանեան ուժեր»-ու, իսկ ուսերուն վրայ` «Ազատ Լիբանանի բանակ»-ի գրութիւններ կը կրէին: Զոյգ գաղթակայաններուն փողոցներն ու մայթերը լեցուն էին այլանդակուած դիակներով, որոնց մեծ մասը փախչող մայրերու եւ նորածիններու, ինչպէս նաեւ պատանիներու դիակներ էին:

Տուները, իրենց կարգին, քանդուած էին, ինքնաշարժները` այրած, իսկ բակի մը մէջ ձիեր եւ էշեր սպաննուած են:

Իսրայէլեան տեղեկագիրներու համաձայն, ջարդերու զոհերուն թիւը շուրջ 800 հոգի էր, իսկ պաղեստինեան կարմիր մահիկին համաձայն` առնուազն 2 հազար եւ մինչեւ 3500 հոգի:

***

sabra_120915Sabra-Shatila_massacre-4_120915«Ազդակ», 20 սեպտեմբեր 1982-ի թիւով եւ «Պատմութիւն ցնցող օրեր» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ քանի մը ժամուան ընթացքին, Լիբանան ապրեցաւ անհաւատալի ժամերը ոչ միայն ութամեայ իր տագնապին, այլեւ` բովանդակ իր պատմութեան:

Անհաւատալի ժամեր թէ՛ արձանագրուած վերիվայրումներուն ծանրակշիռ տարողութեամբ եւ թէ անոնց գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ շաբաթ մը առաջ, տառապակոծ այս տան զաւակները բոլորուած էին նորընտիր նախագահին շուրջ` վաղուան Լիբանանի Յոյսը անխտիր բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու մեծ երազով. իսկ այսօր, լիբանանցին ժամանակ իսկ չունի սգալու իր Յոյսին կորուստը:

Լիբանանի հետ պաղեստինցի ժողովուրդը ինք եւս սկսած էր հաւատալ, որ իրաւունքի դատերուն համար տակաւին բաց էր արդար լուծումներու հասնելու ճամբան, հիմնուելով աշխարհի ճակատագիրը վարող ուժերու երաշխիքներուն վրայ. իսկ այսօր, օր ցերեկով եւ արար աշխարհի աչքերուն առջեւ անզէն պաղեստինցիներ` իր երեխաներով, կիներով եւ ալեւորներով զոհ կ՛երթայ անհաւատալի ջարդի մը, ջարդ մը` որ ոչ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ, ո՛ր կողմէն ալ գործուի անիկա եւ ի՛նչ բացատրութիւն ալ տրուի անոր:

«Ազդակ» կը նշէր, որ քանի մը օրուան ընթացքին լիբանանցին իր մորթին վրայ կրեց եւ ականատես դարձաւ պատմութիւնն իսկ ցնցող վերիվայրումներու, որոնք իրենց առթած վիշտով ու անձկութեամբ` կը յիշեցնեն անհաւատալի օրինակը մէկ գիշերուան ընթացքին ծերացած առասպելական հերոսին…

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր, որ Լիբանան վերագտած կը թուէր երիտասարդական իր խանդը եւ ութ տարիներու աւերներէն ու արիւնահեղութենէն փիւնիկի նման վերականգնելու ինքնավստահութիւնը կը ներշնչէր իր բոլոր զաւակներուն, որոնք սակայն քանի մը օրուան ընթացքին ամէն պատճառ ունեցան` իրենց պատմութեան ամէնէն սեւ պահը ապրելու:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ զարմանալի է այս հայրենիքին վերապրելու կամքը եւ մենք կը պատկանինք շարքին անոնց, որոնք ոչ մէկ ատեն տկարացած են անոր անխուսափելի վերականգնումին հաւատալու իրենց հաստատակամութեան մէջ: Մենք կը շարունակենք փարիլ լիբանանեան հայրենիքի գոյատեւման իրաւունքին` յոյսի վերջին նշոյլն անգամ վաղուան Լիբանանի ամուր կռուանը դարձնելու անդառնալի որոշումով:

Նոր նախագահի ընտրութեան անդրադառնալով «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ անիկա կոչուած է մարմնաւորելու բիրտ ուժով հարցեր լուծելու ամէն տրամաբանութիւն մերժող եւ ազգային համերաշխութենէն դուրս ոչ մէկ ելք ընդունող այս հայրենիքին անտեղիտալի կամքը:

***

Սապրայի եւ Շաթիլայի մէջ տեղի ունեցած ջարդերը դատապարտումի եւ ընդվզումի ալիքներ բարձրացուցին ոչ միայն Լիբանանի պետական ու քաղաքական պատասխանատու շրջանակներէն ներս, այլ նաեւ արաբական, միջազգային եւ մինչեւ իսկ իսրայէլեան ընդդիմադիր շրջանակներէն ներս:

Գաղթակայաններու բնակիչներուն կեանքը ապահովելու եւ նմանօրինակ ջարդերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու նպատակով, պետական եւ զինուորական պատասխանատուներ բազմակողմանի շփումներու ձեռնարկեցին, բանակին համար նախատեսուած դերը գործադրութեան դնելու եւ իսրայէլեան ուժերու նահանջը ապահովելու համար:

Զինուորական պատասխանատուներու տարած աշխատանքներուն հիմամբ բանակային միաւորներ կիրակի, 19 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ մուտք գործեցին գաղթակայաններէն ներս եւ հրաւիրեցին շրջանի բնակիչները, վերադառնալու իրենց բնակարանները: Նախօրօք գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, գաղթակայաններու բնակիչները բանակին յանձնեցին իրենց մօտ մնացած զէնքերը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր պարպեցին Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ իրենց գրաւած կարգ մը դիրքերը եւ զանոնք բանակային ուժերուն յանձնեցին: Փոխանցուած դիրքերու շարքին էին Պարպիրի շրջանն ու Պարպիրէն դէպի Մարզական աւան տանող գաղթակայաններուն սահմանագիծ ճամբան, ինչպէս նաեւ` Մուսայթպէի կարգ մը թաղերը:

Իրենց կարգին, իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին Պէյրութի արեւմտեան կարգ մը թաղամասերու մէջ իրենց ձեռնարկած խուզարկութիւններու արշաւը, զէնք ու զինամթերք որոնելու համար: Բազմաթիւ ջոկատներ շրջեցան յատկապէս Մուսայթպէի եւ մօտակայ թաղամասերէն ներս ու բնակիչները հրաւիրեցին իրենց զէնքերը յանձնելու:

***

Լիբանանեան կառավարութիւնը երկուշաբթի, 20 սեպտեմբերին որոշեց որոշ ժամանակամիջոցի մը համար բազմազգեան ուժեր հրաւիրել Պէյրութ, որպէսզի անոնք օժանդակեն բանակին եւ օրինական ուժերու գործունէութեան դաշտերու տարածման ու աջակցին քաղաքայիններու կեանքի ապահովութեան աշխատանքներուն:

Որոշումը տրուեցաւ նախարարաց խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին: Դահլիճը իր վերջին նիստը կը գումարէր նախագահ Իլիաս Սարգիսի պաշտօնավարութեան օրով: Նիստը սկսաւ երկու վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, յարգելու համար ընտրեալ նախագահ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի յիշատակը:

Բազմազգեան ուժերու Պէյրութ վերադարձի կառավարութեան պահանջը փոխանցուեցաւ առնչակից երկիրներու եւ միջազգային շրջանակներու:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրապայքարէն Քամիլ Շամունի հրաժարումով եւ պլոքներու կեցուածքներուն հրապարակումով, շէյխ Ամին Ժըմայէլ կը մնար միաձայնութեան միակ թեկնածուն:

***

Massacre_of_palestinians_in_shatila_120915

Երեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին փաղանգաւոր երեսփոխան շէյխ Ամին Ժըմայէլ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան տասնչորրորդ նախագահը:

Ութսուն երեսփոխաններ ներկայ եղան հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստին, որ տեղի ունեցաւ Ֆայատիէի զինուորական վարժարանի սրահին մէջ: Ժըմայէլ ընտրուեցաւ առաջին քուէարկութեամբ, ապահովելով 77 ձայն: Քուէարկութեան սնտուկին մէջ կային 3 ճերմակ քուէներ:

Քուէարկութենէն առաջ խօսք առնելով` խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատ դիտել տուաւ որ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ թէ ինչպէս, շէյխ Պեշիրի ընտրութեան ընդդիմացողներ, ընտրութենէն ետք բարեշրջած էին իրենց կեցուածքը ու կառչած` ընտրեալ նախագահին ու անոր հրապարակ նետած սկզբունքներուն, «որոնց յանձնառու իր կեցուածքին զոհը գնաց ան»:

Քուէահամարէն ետք, իր անդրանիկ պատգամին մէջ շէյխ Ամին Ժըմայէլ ընտրութեան քայլը որակեց Լիբանանի փրկութեան արարք, որուն իրենց աչքերը սեւեռած են լիբանանցիք եւ Լիբանանի բարեկամները: Ան ընդգծեց, որ իր եղբօր` նահատակ նախագահին ոգին զինք պիտի մղէ առաւելագոյնը տալու եւ զոհաբերելու: «Պեշիր կոչ կ՛ընէ մեզի, թէ լալու ժամանակը չէ, այլ` պահն է գործելու», ընդգծեց ընտրեալ նախագահը:

Խորհրդարանի նիստի փակումէն ետք, ընտրեալ նախագահը, Քամէլ Ասաատի ընկերակցութեամբ այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ եւ ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Իլիաս Սարգիսի կողմէ:

Պաապտայի պալատէն, շէյխ Ամին Ժըմայէլ ուղղուեցաւ փաղանգաւորներու ապահովութեան սպասարկութեան կեդրոնը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակներու յուշարձանին վրայ եւ ոգեկոչեց նահատակներուն յիշատակը:

Այնուհետեւ նորընտիր նախագահը ուղղուեցաւ Պիքֆայա, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի շիրիմին վրայ, ապա նաեւ այցելեց անոր այրիին:

***

Բազմազգեան ուժերու Պէյրութ ժամանման նախօրեակին, Պէյրութ գտնուող իսրայէլեան ուժերուն թիւը նուազում արձանագրեց, իսկ լիբանանեան բանակը զուգահեռաբար ստանձնեց նոր շրջաններ ու ամրապնդեց իր դիրքերը:

Պէյրութէն հեռացող իսրայէլեան ուժերը իրենց հետ տարին պատերազմական աւար` զէնքեր, զինամթերք եւ զինուորական ինքնաշարժներ:

Չորեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին բանակային միաւորներ տարածուեցան նաւահանգիստէն մինչեւ Զէյթունիէ եւ պանդոկներու շրջանը, ինչպէս նաեւ` դէպի Ուատի Ապու Ժամիլ եւ կեդրոնական շուկաներ: Իրենց ստանձնած շրջաններէն ներս, բանակային ջոկատներ ձեռնարկեցին զինահաւաքի եւ ապօրինի այլ երեւոյթներու վերացման աշխատանքին: Միւս կողմէ, սակայն, իսրայէլեան ուժեր կը մնային Պասթայի, Պուրճ Ապի Հայտարի եւ այլ շրջաններու մէջ, ուր կը շարունակէին հետապնդման, խուզարկութեան եւ ձերբակալութիւններու արշաւը:

***

Հանրապետութեան նախագահի սահմանադրական երդումի խորհրդարանի նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 23 սեպտեմբերին: Խորհրդարանը յոտնկայս ունկնդրեց նախագահին երդումը. «Կ՛երդնում Աստուծոյ անունով, որ պիտի յարգեմ լիբանանեան սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, ու պաշտպան պիտի կանգնիմ լիբանանեան հայրենիքի անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան»: Նոյն պահուն, սրահին առջեւ արձակուեցան թնդանօթի 21 հարուածներ:

Խորհրդարանի նիստին փակումէն ետք, նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլ, Քամէլ Ասաատի եւ վարչապետ Շաֆիք Ուազզանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Պաապտայի պալատը, ուր երեսփոխաններու, նախարարներու, բարձրաստիճանական զինուորականներու եւ պաշտօնատարներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ նախագահութեան փոխանցման փրոթոգոլային արարողութիւնը: Այնուհետեւ նախագահ Իլիաս Սարգիս հրաժեշտ առաւ նախագահ Ժըմայէլէն եւ ներկայ պետական անձնաւորութիւններէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>