«Ընդունինք, Ուղղենք, Դաստիարակենք» Նիւթով Միօրեայ Համագումար
«Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնի 10-ամեակին առիթով կազմակերպուած «Ընդունինք, ուղղենք, դաստիարակենք» նիւթով միօրեայ համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին դպրոցներու տնօրէններ, հոգեբաններ, ընկերային ծառայողներ, բաժանմունքներու պատասխանատուներ, դաստիարակներ, պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ընկերային-բժշկական, կրօնական, ազգային հաստատութիւններու պաշտօնեաներ:
Բացման խօսքը «Հորիզոն» նախազգուշական գրասենեակի վարչութեան կողմէ արտասանեց Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, որ յայտնեց, թէ համագումարին առաջին նպատակը պիտի ըլլայ ընդունիլ, թէ համատարած սովորութիւն մը դարձած է թմրեցուցիչի գործածութիւնը, որուն բուժման առաջին քայլը այդ ախտին գոյութիւնը ընդունելուն մէջ է: Երկրորդ նպատակը ուղղելն է այն պարագաները, երիտասարդներն ու պատանիները, որոնք մոլութեան սեմին են: Իսկ երրորդ նպատակը դաստիարակելն է` ստեղծելով հասարակութեան մէջ գիտակցութիւնը, հեռու մնալու այս վարակիչ մոլութենէն: Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան աւելցուց, որ համագումարի աւարտին պիտի ընդունուի բանաձեւ մը` ճշդելու համար գաղութի մէջ գործող միութիւններուն, վարժարաններուն եւ «Հորիզոն» կեդրոնին միջեւ համագործակցաբար յառաջիկայ տարիներուն կատարուելիք աշխատանքները:
Համագումարի առաջին բաժինով, լիբանանեան «Սքուն» կեդրոնի համակարգող Րաֆֆի Էլմաճեան ներկայացուց «Թմրամոլութեան իրողութիւնը Լիբանանի մէջ» վերնագիրով նիւթը: Ան ներկայացնելէ ետք «Սքուն»-ի գործունէութիւնը, բացատրեց, թէ թմրամոլութեան ախտի բուժման առաջին քայլը տեղեակ ըլլալն է անոր մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն եւ հրապարակուած թիւերուն արդիւնքներուն: Սակայն որովհետեւ Լիբանանի մէջ թմրամոլութեան կամ ընդհանրապէս մոլութիւններու նիւթը «ամօթ» կը սեպուի, ժողովուրդը վերապահ կը մնայ, ինչ որ կը խոչընդոտէ թիւեր հաւաքելու աշխատանքը:
Երկրորդ բաժինով, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) կրթական բաժանմունքի օգնական դասախօս դոկտ. Կարինէ Գալուստեան ներկայացուց «Կանխարգիլման մանկավարժական մօտեցումներ» նիւթը` շեշտելով կեանքի եւ ընկերային հմտութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, թէ դպրոցներն ու միութիւնները պէտք է անպայման ստեղծեն ապահով միջավայր մը, որոնց միջոցով պատանիները պիտի կերտեն զօրաւոր, անկախ եւ ինքնավստահ անհատականութիւն մը:
Կարճ դադարէ մը ետք, առաջարկներու ու կարծիքներու փոխանակման առիթ տրուեցաւ համագումարին ներկայ գտնուող աւելի քան 6 մասնակիցներուն: