Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հին ասացուածքը կ՛ըսէ` «Անհրաժեշտութիւնը գիւտին մայրն է»: Գիւտերը եւ յայտնաբերումները արդիւնք են մարդկային կեանքի անհրաժեշտութիւններուն եւ մարդկային բաղձանքին` աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու: Օրական նոր եւ աւելի նոր նուաճումներ կ՛արձանագրուին, յատկապէս արհեստագիտութեան մարզին մէջ: Ընկերութեան եւ անհատներու կեանքերը ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով կ՛ազդուին արհեստագիտութեան զարգացումով: Ընկերութիւնը շատ աւելի կախեալ դարձած է արհեստագիտութենէն, այն աստիճան, որ յաճախ մտածելու կամեցողութիւնը կը նուազի նախքան քայլ մը առնելը: Այստեղ կը ներկայացնենք քանի մը նոր նուաճումներ, որոնցմէ ոմանք կրնան վիճելի ըլլալ:
Ն.
Հայկական «Լոքալզ»-ը
10 Երկիրներու Մէջ
Զբօսաշրջիկներն ու զբօսավարները կապող հայկական «Լոքալզ» հարթակը յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին կը սկսի գործել միեւնոյն ատեն 10 երկիրներու մէջ: Այս մասին տեղեկացուց ընկերութեան տնօրէն Արտաւազդ Սոխիկեան:
«Լոքալզ»-ը զբօսավարը եւ զբօսաշրջիկը կապող հարթակ է, որ կը նպաստէ տեղական զբօսաշրջութեան զարգացման: «Ուէպ» տարբերակով ատիկա սկսած է գործել մայիս 2016-էն, իսկ յուլիսէն արդէն հասանելի էր «Էնտրոյտ», «Այ.Օ.Էս.» եւ «Ուինտոզ» համակարգերուն համար:
Արձանագրուելով համակարգին մէջ, զբօսաշրջիկը կը յաջողի գտնել իրեն յարմար ծառայութիւններ մատուցող զբօսավարը: Հարթակին մէջ կրնայ արձանագրուիլ տուեալ երկրին մէջ ապրող ոեւէ մարդ, որ կը փափաքի զբօսավարի ծառայութիւններ մատուցել: Միջազգային շուկային մէջ կան նմանատիպ բազմաթիւ հարթակներ, որոնցմէ թերեւս կարելի է առանձնացնել «Վիաթոր»-ը, որ 2014 թուականին 200 միլիոն տոլարի գնուեցաւ «Թրիփ Էտվայզըր»-ի կողմէ: Սակայն շուկային մէջ արդէն գործող հարթակներէն «Լոքալզ»-ը կը տարբերի անով, որ այստեղ զբօսաշրջիկը կը թելադրէ շրջագայութեան իրեն համար փափաքելի պայմանները` առաջարկուող դասական շրջագայութիւններուն փոխարէն:
Ըստ Արտաւազդ Սոխիկեանի, փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս միջոցով ծառայութիւններ մատուցող զբօսավար գտնելը բաւական արագ է եւ աժան: «Լոքալզ»-ի միջոցով զբօսավար եւ շրջագայութիւն գտնելով` զբօսաշրջիկը շուկայականէն 2.5 անգամ նուազ կը վճարէ», կ՛աւելցնէ «Լոքալզ»-ի տնօրէնը:
Զբօսաշրջութեան մարզը վերջին տարիներուն մեծ փոփոխութիւններ կրած է` կապուած արհեստագիտութեան յառաջընթացին հետ: Այժմ տոմսերը կը գնեն ելեկտրոնային տարբերակով, կը շրջագային «Իւպեր» կամ նմանատիպ ծառայութիւններուն առաջարկած մեքենաներով, եւ «Լոքալզ»-ի առաջարկած լուծումը այս շղթայի տրամաբանական օղակը կը դառնայ: Հարթակը այս պահուն կը գործէ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ: Համակարգին մէջ արդէն արձանագրուած են 150 զբօսավար եւ 800 զբօսաշրջիկ, իսկ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին «Լոքալզ»-ը պիտի սկսի գործել 10 երկիրներու մէջ միեւնոյն ատեն:
«Հայկական շուկան շատ փոքր է` բաղդատելով Եւրոպական շուկային հետ, ուր տարեկան մօտ 380 միլիոն զբօսաշրջիկ կը ճամբորդէ: Հայաստանի մէջ այդ թիւը 1.2 միլիոնի կը հասնի, որուն 10 տոկոսը միայն կ՛օգտուի զբօսավարի ծառայութենէն: Եւրոպական շուկայ մտնելը մեզի համար առաջնային խնդիր է, զոր յառաջիկային պէտք է փորձենք լուծել», կ՛ընդգծէ Արտաւազդ Սոխիկեան:
Խօսելով հայկական սկսնակ ընկերութիւններու խնդիրներուն մասին, Արտաւազդ Սոխիկեան նշեց, որ յաջողութեան պատմութիւններու սակաւութեան պատճառով Հայաստանի մէջ կը զգացուի խորհրդատու կառոյցներու պակաս:
Սկսնակներու համակարգի զարգացման գործին մէջ գնահատելի աշխատանք կը տարուի նաեւ սփիւռքի արհեստագիտական մարզի մասնագէտներուն կողմէ: Արտաւազդ Սոխիկեան կը նշէ, որ արտասահմանին մէջ կան մարզին մէջ ազդեցիկ հայ մասնագէտներ, որոնք մեծ ներդրում ունին Հայաստանի մէջ խորհրդատուական մարզին մէջ նիւթական օգնութիւն տրամադրելու գծով:
Անդրադառնալով հայկական սկսնակ ընկերութիւններու համաշխարհային շուկային մէջ տեղ գտնելու խնդիրներուն, Արտաւազդ Սոխիկեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ շատ յաճախ պատկերացում չկայ համաշխարհային շուկայի պահանջներուն ու խնդիրներուն վերաբերեալ:
Նշենք, որ 3-5 հոկտեմբերին Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան շուրջ համաշխարհային համաժողով»-ի (WCIT) ծիրին մէջ «Լոքալզ»-ը մրցանակի արժանացած է Զարգացող թուային լուծումներու անուանակարգին մէջ: 2019 թուականին WCIT-ը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ:
Հայ Համալսարանականները Ստեղծած Են
«5 Ճի» Կապի Որակը Ստուգող Սարք
Սարքին շնորհիւ կարելի է փորձարկել հաղորդիչին մէջ ազդանշանի թուային մշակման զանազան տեսակներ (մոտիւլէյշըն), իսկ փորձարկումներու իբրեւ արդիւնք հասկնալ, թէ ո՛ր տեսակը նախընտրելի է գործածել կապի համար: Նոր գերարագ կապի համար հիմնաչափ տակաւին չէ որոշուած, բայց ատիկա արդէն հիմա պէտք է փորձարկել` կողմնորոշուելու համար, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ:
«Սարքը ինքը «5 Ճի» ցանցերուն մէջ պիտի չկիրառուի, բայց ատոր օգնութեամբ կարելի է այդ ցանցին մէջ սարքերու համար բնութագիրներ կազմել: Այսինքն ատոնց համար սահմանել պահանջներ, թէ ինչպէս պէտք է թուայնացնել եւ գաղտնազերծել ազդանշանը, հաղորդել եւ ընդունիլ, որպէսզի կապը աւելի արագ եւ որակեալ ըլլայ», յայտնեց նախագիծը մշակող, Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի ռատիոարհեստագիտութեան եւ կապի համակարգերու բաժանմունքի շրջանաւարտ Լեւոն Գրիգորեան:
Սարքը կազմելու բաղադրիչները Գրիգորեանին եւ անոր ընկերներուն տրամադրած է Նէշընըլ Ինսթրումընց ընկերութիւնը: Փորձարկման համար ալկորիթմերը համալսարանականները իրենք ստեղծած են:
Սարքը արդէն ներկայացուած է նոր սերունդի ցանցերու բնաբանով գիտաժողովի ժամանակ, որ տեղի ունեցած է Սան Փեթերսպուրկի Պոնչ-Պրուեւիչի անուան հեռահաղորդակցութիւններու պետական համալսարանին մէջ: Իսկ հոկտեմբերի սկիզբը ատիկա ցուցադրուած է Երեւանի մէջ «ՏիճիԹեք Էքսփօ – 2016» ճարտարագիտական ցուցահանդէսի ժամանակ:
«5 Ճի» անլար կապի հիմնաչափը կը մշակուի իբրեւ ներկայի ամէնէն արագ կապի` «Էլ.Թի.Ի.» (4 Ճի)-ի ապագայ փոխարինող: «5 Ճի»-ի համար միասնական հիմնաչափ ցարդ չկայ, բայց մշակողները կը կողմնորոշուին երկվայրկեանի մը մէջ 1 ճիկապայթ հզօրութեամբ: Նոր սերունդի կապի մոտըմները ապագային կը ծրագրուի աւելի լայնօրէն կիրառել ո՛չ միայն համակարգիչներուն եւ բջջային հեռաձայններուն մէջ, այլ նաեւ կենցաղային ճարտարագիտութեան, ինքնաշարժներու վրայ` զանոնք հեռաւորութեան վրայ կառավարելու նպատակով:
«Այ.Պի.Էմ.» Դասաւանդումը
Արդիւնաւէտ Կը Դարձնէ
«Այ.Պի.Էմ.»-ը Միացեալ Նահանգներու ուսուցիչներու համադաշնակցութեան հետ միասնաբար, «Այ.Պի.Էմ. Ուաթսըն» ծառայութեան հիման վրայ ստեղծած է «Թիչըր Էտվայզըր» միջավայր, որ նախատեսուած է ուսուցիչներու աշխատանքը եւ դասաւանդման հոլովոյթը աւելի արդիւնաւէտ եւ թիրախային դարձնելու: Նախագիծի ստուգման արդէն կը մասնակցին հարիւրաւոր ուսուցիչներ:
«Թիչըր Էտվայզըր»-ը կը ներկայացնէ անհատականացած տեղեկութեան աղբիւր` ուսուցիչներու համար: Ատիկա կ՛օգնէ անոնց աւելի լաւ պատրաստուելու դասերուն` ստանալով տուեալ բնաբանին առնչուող ամէնէն վերջին տեղեկութիւններն ու նիւթերը: Բացի ատկէ, «Թիչըր Էտվայզր»-ի օգնութեամբ ուսուցիչները տեղեկութիւն կը ստանան դպրոցականներու դասաւանդման մեթոտներու եւ կրթական չափանիշներու մասին:
Նախագիծին վրայ երկու տարի աշխատանք տարուած է: Մասնակցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու ուսուցիչներու համադաշնակցութիւնը: Աշխատելով «Թիչըր Էտվայզր» միջավայրին մէջ, ուսուցիչը կրնայ որեւէ հետաքրքրական բնաբանով հարցում ուղղել եւ ստանալ անհատականացած պատասխան, օգնութիւն եւ խորհուրդներ, օրինակ` դասաւանդութեան ծրագրաւորման վերաբերող հարցումներու պատասխաններ:
Մարդու կատարած հարցումին պատասխանելու համար «Այ.Պի.Էմ. Ուաթսըն» յաւելեալ հարցումներ կրնայ ուղղել: Երբ համակարգը կ՛անհատականացնէ հարցումը, ուսուցիչը կը ստանայ զինք հետաքրքրող հարցումին պատասխանը:
«Թիչըր Էտվայզր»-ի ներկայ տարբերակը աստիճանաբար պիտի կատարելագործուի: Բովանդակութեան շտեմարանը աստիճանաբար կը համալրուի նոր նիւթերով, որոնք կը տրամադրուին հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ:
«Սամսոնկ». Անմիջապէս Անջատեցէ՛ք
Ձեր Կալաքսի 7-ը Սմարթֆոնները
Աննախընթաց քայլով մը «Սամսոնկ», դադրեցնելէ ետք արտադրութիւնը վտանգաւոր նոր սարքերու, օգտագործողներուն պատուիրեց անմիջապէս անջատել «Կալաքսի Նոթ 7» բջիջայինները, որոնք անսպասելիօրէն կը բռնկին: Հոկտեմբեր 11-ին ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ինքնաբռնկման եւ բարդերու պայթելու պատճառով «Կալաքսի Նոթ 7» բջիջայիններու արտադրութիւնն ու վաճառքը կը դադրեցնէ: Ընկերութիւնը նաեւ բոլոր ծախողներէն պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել սարքին վաճառքը, մինչ կը քննարկուի բռնկումներուն պատճառը: Յաճախորդները բողոքած են, որ բջիջայինները կը բռնկին:
Ընկերութիւնը բացատրեց, որ թերի նիւթեր պարունակող բարդերը պէտք եղածէն աւելի կը տաքնան եւ կը բռնկին:
Սեպտեմբերի սկիզբը «Սամսոնկ» ամբողջ աշխարհէն հաւաքեց 2.5 միլիոն բջիջային: «Սամսոնկ» առաջարկեց նաեւ պայթածները փոխարինող հեռաձայններ:
Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը արգիլեց օդանաւերով «Սամսոնկ Կալաքսի Նոթ 7» բջիջայիններ փոխադրել: Ըստ նախարարութեան հրամանագիրին, ճամբորդներուն կ՛արգիլուի հեռաձայնը իրենց մօտ պահել կամ յանձնել ճամբորդութեան պայուսակներուն հետ: Օրինազանցներուն տուգանք կամ սարքի գրաւում կը սպառնայ: Նաեւ քրէական հետապնդման կ՛ենթարկուին:
Ըստ կարգ մը տուեալներու, ընկերութիւնը 17 միլիառ տոլար կորսնցուցած է սարքերուն պատճառած բողոքներուն իբրեւ հետեւանք:
Արտադրութեան անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Էլիոթ Քէյ վերջերս հաւաստեց, որ ոչ ոք պէտք է մտահոգուի, որ իրենց բջիջայինը կրնայ վտանգի ենթարկել զիրենք, իրենց ընտանիքը կամ ինչքերը:
«Սքայփ» Արդէն 9 Լեզուի
«Կը Տիրապետէ»
Տեսահեռաձայններու թարգմանութիւններու «Սքայփ» հարթակը արդէն 9 օտար լեզու «գիտէ»` ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, չինարէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն: Հարթակին նաեւ մատչելի են գրութիւններու հաղորդագրութիւններու թարգմանութիւններու համար 50-է աւելի լեզուներ:
«Սքայփ Թարգմանիչը» մատչելի է ամէն տեսակի համակարգերով օժտուած համակարգիչներու տէրերուն: «Մայքրոսոֆթ»-ի ներկայացուցիչները կը պնդեն, թէ «Սքայփ թարգմանիչ»-ի գործունէութիւնը հիմնուած է մեքենայով ուսուցման ճարտարարուեստին վրայ եւ կը կատարելագործուի` «որքան շատ օգտագործողներ կ՛ունենայ, այնքան համակարգի աշխատանքի որակը կը կատարելագործուի» սկզբունքով:
«Սքայփ»-ի թարգմանչական համակարգին հիմքը կը հանդիսանայ «Մայքրոսոֆթ թարգմանիչ» հարթակը, որ կ՛օգտագործուի ընկերութեան այլ նախագիծերու մէջ, ինչպիսիք են` «Պինկ թարգմանիչ»-ը, «Էնտրոյտ» եւ «Այ.Օ.Էս.»-ի համար «Մայքրոսոֆթ Թարգմանիչ»-ի յաւելուածները, ինչպէս նաեւ յատուկ «Մայքրոսոֆթ թարգմանիչ զրոյց Էյ.Փի.Այ.»-ը:
Նշենք, որ «Սքայփ»-ին մէջ ձայնային զանգերու համար թարգմանիչի ներդրման մասին «Մայքրոսոֆթ» յայտարարած էր 2014 թուականի մայիսին, իսկ առաջին տարբերակին մէջ միայն անգլերէն-սպաներէն թարգմանութեան ծառայութիւնը մատչելի էր:
Դիմատետրը Կ՛օգնէ Ընկերներու Հետ
Ճիշդ Զրոյցի Սկսելու
Դիմատետր օգտագործողները նկատած են, որ այնտեղ նոր գործառոյթ յայտնուած է: Զրուցակիցներու անուններու տակ սկսած են յայտնուիլ նշումներ, թէ ինչ բանէ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ սկսիլ խօսակցութիւնը այդ մարդուն հետ: Ընկերները խօսակցութեան «դրդելու» համար Դիմատետրը ցոյց կու տայ տուեալ օգտագործողին վերջին գործողութիւնը, անոր լսած վերջին երգը, վայրը, ուր ան այցելած է կամ ծրագրած նախաձեռնութիւնը:
Այս գործառոյթը այժմ կը փորձուի սահմանափակ թիւով «Այ.Օ.Էս.» օգտագործողներու համար: Ցարդ յայտնի չէ, թէ ատիկա հասանելի կ՛ըլլա՞յ արդեօք բոլորին:
Լոս Անճելըսէն Հոնք Քոնկ Ստորգետնեայ
Պողպատեայ Պարան (Քէյպըլ)
Ամերիկեան «Կուկըլ» եւ «Ֆէյսպուք» ընկերութիւններու գործակցութեան ծիրին մէջ` Լոս Անճելըսի եւ Հոնք Քոնկի միջեւ պիտի հաստատուի 12.874 քմ երկարութեամբ գերարագ պողպատեայ պարան, որ պիտի անցնի Խաղաղական ովկիանոսի յատակէն: Յատուկ մալուխը, որ պիտի կոչուի «Փասիֆիք լայթ քէյպըլ նեթվորք», պիտի կարենայ երկվայրկեանի մը մէջ 120 «թերապայ» արագութեամբ տուեալներ փոխանցել: Հիմնուելով ասոր վրայ` «Կուկըլ» յայտարարեց, որ ատիկա կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ասիոյ միջեւ ամէնէն արագ եւ հզօր պողպատեայ պարանը:
Ատոր շնորհիւ, «Կուկըլ» եւ Դիմատետր օգտագործողները շատ աւելի արագ համացանցի կապ կ՛ունենան:
Կը նշուի, որ «Փասիֆիք լայթ քէյպըլ նեթվորք» շահագործման կը յանձնուի 2018 թուականին: