Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յորդանան
Յորդանանի Մէջ Հայկական Մշակոյթի Օրերու Կազմակերպման Վերաբերեալ Քննարկում
Աշխատանքային այցելութեամբ Ամման գտնուող Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան 4 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Յորդանանի Թագաւորութեան մշակոյթի նոր նշանակուած նախարար Նեպիհ Շուքամի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հաղորդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն` աւելցնելով. «Դեսպան Փոլատեան շնորհաւորեց Նեպիհ Շուքամը` մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, համոզում յայտնելով, որ վերջինիս պաշտօնավարման ընթացքին հայ-յորդանանեան մշակութային համագործակցութիւնը կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ»: Դեսպան Փոլատեան նախարարին ներկայացուց հայ-արաբական պատմամշակութային առնչութիւններն ու Հայաստանի մշակութային ներուժը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկկողմանի մշակութային համագործակցութեան խորացումին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Յորդանանի մէջ հայկական մշակոյթի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միացեալ մշակութային բազմաբնոյթ ձեռնարկներու կազմակերպումի կարելիութիւններուն:
Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակի Նշում
Միացեալ Նահանգներ
21 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան մայր եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը:
Տեղի ունեցաւ 25 հայ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացում, ուր ներկայացուած էին` Մարտիրոս Սարեանի, Երուանդ Քոչարի, Մինասի, Գրիգոր Խանճեանի, Գարզուի, Յովհաննէս Փուշմանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները: Ապա տեղի ունեցաւ տօնական համերգ, որուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ելոյթ ունեցաւ շնորհաւորական խօսքով: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան շրջանի Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանին, որուն հետ միատեղ նշեցին Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը: Ան հաստատեց, որ մեր միասնականութիւնը մեր լաւագոյն տօնախմբութեան յաղթանակն է:
Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց Էդուարդ Նալբանդեանի ներկայութեան համար, նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր ունեցած շատ կարեւոր առաքելութեան` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի կեանքէն ներս:
Երեկոն իր հայրական աղօթքով եզրափակեց Օշական արք. Չոլոյեան:
Լաս Վեկաս
* 1 հոկտեմբերին «Քլապք քաունթի» գրադարանին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը:
Հայաստանի հիւպատոս Ատրուշան Էնտի Արմէնեան հաստատեց, որ հայ համայնքը 100 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի Նեւատայի նահանգէն ներս, աւելցնելով, որ ներկայիս 20 հազար հայեր կ՛ապրին Լաս Վեկասի մէջ:
Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան շնորհաւորեց Լաս Վեկաս նահանգի հայ բնակիչները` անկախութեան տօնին առիթով` հաստատելով, որ հայ ազգը կարիքը ունի գործօն նորահաս սերունդի զաւակներուն, որոնք միշտ ներկայ կ՛ըլլան տեղական ընկերութեան մէջ, որուն փաստը սոյն հանդիսութիւնն է:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
* 2 հոկտեմբերին Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան այցելեց «Սանսեթ փարք»-ի մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող եւ ծաղկեպսակ զետեղեց անոր դիմաց:
Փարիզ
5 հոկտեմբերին փարիզեան շրջանի շրջանային խորհուրդը, նախաձեռնութեամբ իր նախագահ, Վալերի Փեքրեսի, նշեց Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը:
Վալերի Փեքրես իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, թէ կը փափաքի Երեւանի հետ աշխուժ համագործակցութիւն հաստատել: Շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամ շեշտեց, որ Արցախը հայերուն է եւ պիտի մնայ հայերուն: Իր կարգին, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան ընդգծեց, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուածներու շառաւիղներուն, նաեւ արդարասէր իւրաքանչիւր անհատի համար այս անկախութիւնը արտակարգ կարեւորութիւն ունի: Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար սփիւռքի օժանդակութեան կարեւորութեան:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Նաւասարդ» համոյթի նուագախումբը:
Վալանս
25 սեպտեմբերին Վալանսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակոյթի տան վերակառուցման առաջին քարի զետեղում, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի նշում:
Մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Ալեն Ճինպաշեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին ծրագրին իրագործման մէջ:
Նշենք, որ 24 սեպտեմբերին Վալանսի հայ համայնքը հիւրընկալեց Օվերնէ-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Լորան Վոքիեզը: Ան այցելեց Հայ մշակոյթի տուն-գրադարանը, «Ռատիօ-Ա.»-ի կեդրոնը, Կապոյտ խաչ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն տուաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն:
Փարիզ
Վահէ Թորոսեան «Մայքրոսոֆթ»-ի Ֆրանսայի Մասնաճիւղի Տնօրէն
Վերջերս «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն նշանակուեցաւ Վահէ Թորոսեանը: Նորանշանակ տնօրէնը հաստատեց, որ ընկերութիւնը քանի մը տարիով հեռացած է սմարթֆոներու շուկայէն եւ այսուհետեւ հիմնական ուշադրութիւնը պիտի ուղղէ հաւաքական հատուածին:
«Մայքրոսոֆթ»-ի Ֆրանսայի ղեկավարը նշեց, որ մօտակայ տարիներուն պէտք չէ սպասել «Մայքրոսոֆթ»-ի կողմէ արտադրուելիք նոր սմարթֆոներու:
Շիքակոյի համալսարանին մէջ իր կրթութիւնը ստացած Վահէ Թորոսեան 1992-էն ի վեր կ՛աշխատի «Մայքրոսոֆթ»-ի մէջ, որուն ընթացքին վարած է տարբեր պաշտօններ:
Վրաստան
Վիրահայոց Թեմը Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապին Նուիրուած Ձեռնարկներուն
Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի հրաւէրով 30 սեպտեմբերին Հռոմի պապը ժամանեց Վրաստան:
Թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան ներկայ գտնուեցաւ Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ սրբազան քահանայապետին, նախագահին, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ղեկավարներու հանդիպումին: Առաջնորդը նաեւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ մասնակցեցաւ Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի կողմէ Հռոմի պապին համար կազմակերպուած ընդունելութեան:
Թիֆլիսի Մ. Մեսխիի անուան մարզադաշտին մէջ սրբազան քահանայապետը մատուցեց Ս. պատարագ, որուն աւարտին առաջնորդ սրբազանը պապին հաղորդեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ողջոյնները:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, ընդունեց ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի եւ քարտուղար Մարտիկ Կապուտեանի այցելութիւնը:
Շնորհաւորական փոխադարձ մաղթանքներէ ետք, առաջնորդ սրբազան հօր վերընտրութեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմի ընտրութեան առիթներով, հանդիպման ընթացքին գոհունակութիւն արձանագրուեցաւ եւ բարձր գնահատուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի սեպտեմբեր 29-4 հոկտեմբեր 2016-ին թեմին շնորհած հայրապետական այցելութիւնը, տարուած հսկայ աշխատանքն ու կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն յաջողութիւնը:
Ապա խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ գաղութը յուզող անմիջական հարցերու, ինչպէս` կրթական, եկեղեցաշինական եւ հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն վրայ:
Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց առաջնորդ սրբազան հօր. իր կարգին առաջնորդ սրբազանը բարեմաղթութիւններ կատարեց նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին` յառաջիկայ շրջանին եւս:
Մոնթենեկրօ
Վեհափառ Հայրապետին Տեսլականը Եւ Առաջին Եկեղեցին Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ
22-26 սեպտեմբերին Մոնթենեկրոյի հայ գաղութը պատմական ու նշանակալից օրեր ապրեցաւ: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, այդ օրերուն Մոնթենեկրօ կը գտնուէր Ռումանիայի հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանը:
23 սեպտեմբերին սրբազան հայրը ունեցած է հանդիպումներ` գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք փափաք յայտնած էին անժամկէտ ձեռք բերել Մոնթենեկրոյի առաջնորդարանին ենթակայութեան տակ գտնուող Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին` կից սրահով եւ հովուատունով: Հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը համայնքի անդամներուն բացատրած է ծիսական խորհուրդ ունենալու անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը, նման խորհուրդի պարտականութիւնները եւ առաքելութիւնները, իսկ աւարտին ընտրուած է ծիսական խորհուրդի կազմ` բաղկացած 7 անդամներէ` Գուրգէն Զաքոյեան, Վահրամ Մարկոսեան, Աշոտ Փափազեան, Անտրէյ Մոսէսով, Վահէ Անէսեան, Իկոր Լայինովիչ, Գագիկ Մկրտիչեան: Յատկապէս մեծ է Գուրգէն Զաքոյեանի եւ Վահրամ Մարկոսեանի ներդրումը եւ աւանդը եկեղեցին փնտռելու, գտնելու եւ թեքնիք խնդիրները արագ եւ արդիւնաւէտ կերպով լուծելու մէջ:
Այս առիթով Տաթեւ եպս. Յակոբեան ունեցած է նաեւ հանդիպում մը` Մոնթենեկրոյի առաջնորդ Ամֆիլոխի հետ, որուն ընթացքին քննարկուած է եկեղեցւոյ ձեռքբերման ու հայ գաղութին տրամադրութեան տակ դրուելու առնչուած կարեւոր հարցեր: Մոնթենեկրոյի առաջնորդարանը իր ուրախութիւնը եւ աջակցութիւնը յայտնած է` հաստատելով, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայոց եկեղեցին ներկայութիւն պէտք է ըլլայ եւ կարեւոր մասնակցութիւն բերէ ո՛չ միայն տեղւոյն գաղութին կեանքին մէջ, այլ նաեւ նպաստէ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու զարգացման, յատկապէս` Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ:
25 սեպտեմբերին սրբազան հայրը իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Մոնթենեկրոյի Պար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ս. Իովան Վլատիմիրի մարտիրոսութեան հազարամեակին նուիրուած հանդիսութեան եւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն` ներկայացնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:
Վեհափառ հայրապետին տեսլականը հայկական եկեղեցիներ ունենալն է Արեւելեան Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ` մեր հայորդիներու հոգեւոր, ազգային, մշակութային կեանքին մէջ վերելք արձանագրելու համար:
Ներկայիս Մոնթենեկրոյի մէջ կ՛ապրին մօտ 40 հայ ընտանիքներ, որոնք կ՛ուզեն Հայ եկեղեցւոյ միջոցով պահել իր ազգային դիմագիծը:
Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի 35-Ամեակի Նշում
1 հոկտեմբերին Ուաթըրթաունի Հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Պոսթընի «Անկախ ձայնասփիւռ»-ի 35-ամեակը:
35-ամեակի յանձնախումբի անդամ եւ ձայնասփիւռի յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Զերտելեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ նմանօրինակ հաւաքներ կը փաստեն, որ գաղութը կառչած կը մնայ իր արմատներուն, մշակոյթին եւ արուեստին:
Օրուան հանդիսավար Խաժակ Մկրտիչեան շեշտեց այս ձայնասփիւռի կայանին կարեւորութիւնը, յատկապէս` ներկայ օրերուն, երբ կարեւոր եւ առաջնահերթ դերակատարութիւն ունին տեղեկատուական բոլոր միջոցները:
Օրուան բանախօս դոկտ. Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ կազմակերպութիւններու կազմաւորումներու հանգրուաններուն մասին, թէ անոնք կ՛ունենան տեսլական, ծրագրում եւ ապա` գործադրութիւն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան ելոյթ ունենալով` հաստատեց, թէ այս կայանը իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին դարձած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ամէնէն աւելի փնտռուած կայաններէն մէկը:
«Փրփուր» Փառատօնը Ֆրեզնոյի Հայկական Ծերանոցին Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի «Փրփուր»-ի յանձնախումբին, 24 սեպտեմբերին Ֆրեզնոյի Հայկական ծերանոցի ծառաստանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդութիւն դարձած 10-րդ «Փրփուր» փառատօնը:
Նոյն օրը, «Արարատ-Մասիս» հայկական գերեզմանատան մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին դիմաց գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Վահագն Արսլանեան, իսկ Արա Քենտրճեան ներկայացուց Աւետիս Ահարոնեանէն հատուած մը:
Օրուան պատգամաբեր Վաչէ Բրուտեան ներկայացնելէ ետք «Նեմեսիս» գործողութեան խմբակի վրիժառու հայորդիները, իր մտածումները կեդրոնացուց Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշան ահաբեկելու գործողութեան վրայ` անդրադառնալով «Նեմեսիս»-ի գործողութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի կատարած թիկունքային աշխատանքներուն:
Ուքրանիա
Լվովի Մէջ Նշուեցաւ Ուքրանիոյ Մէջ Հայկական Գրատպութեան 400-Ամեակը
29 սեպտեմբերին Լվովի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ գիրքը» հանդէսը` նուիրուած Ուքրանիոյ մէջ հայկական գրատպութեան 400-ամեակին:
Ներկայացուած գիրքերուն մէջ յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուց «Հայագիտութեան հրատապ հարցերը» հրատարակութիւնը (Ուքրանիոյ հայերու միութեան գիտական աշխատութիւններու ժողովածու), որուն մէջ տեղ գտած են ուքրանացի եւ արտասահմանեան գիտնականներու աւելի քան 30 հայագիտական աշխատութիւններ:
ՈՒՀՄ-ի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցերով զբաղող կոմիտէի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան նշեց, որ ժողովածուն հրապարակուած է Ուքրանիոյ մէջ, հայկական գրատպութեան 400-ամեակին առիթով: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ Ուքրանիոյ հայերու միութեան կողմէ ուքրանական գիտական կեդրոններու հետ կազմակերպուած միջազգային գիտական խորհրդաժողովներու նիւթեր:
Ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ Վարդան Դեւրիկեանի «Լվովի հայկական գրատպութիւնը 400 տարեկան է» հրատարակութիւնը, որ ներկայացուց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան: Սրբազանը յայտնեց, որ այդ հրատարակութիւնը յատուկ պատրաստուած է Ուքրանիոյ հայկական գրատպութեան 400-ամեակին առիթով եւ նուիրուած է Յովհաննէս Կարամատենցիի տպագրատան պատմութեան եւ այն գիրքերուն, որոնք հրատարակուած են հոն: