ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Պայքարիլ` ըսել է մեծնալ փոթորիկներուն ոճով, նմանութեամբը ովկիանոսը սարսող բոլո՛ր ալեկոծութեանց: Պայքարիլ` ըսել է ուժի եւ բարոյականութեան մրրիկ մը բարձրացնել հոգիներուն ցամաք աւազամասերուն վրայ. աւել մը` ընդհանուր ապականութեան համար:
«Դեկտեմբերի մռայլ, թխպոտ, արհաւրական երկնքին նմանութիւնը կ’ուզեմ, որ ունենայ երիտասարդ պայքարողը, որպէսզի կարենայ քանդել, բայց մանաւանդ` վերստեղծել»:
Մեր ուսանողի հակազդեցութիւնը ստանալու ծարաւով լեցուած Պարոնն էր, Սնապեանը, որ վերոյիշեալ տողերը կը կարդար` հայեացքը ուղղակի մեր աչքերուն խորը թափանցելէն:
Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի երդիքին տակ համախմբուած երկրորդ տարուան ուսանողներս իսկապէս ալեկոծ ներաշխարհով մտիկ կ’ընէինք Պարոնին ընթերցած տողերը` առանց գիտնալու անոնց հեղինակը: Անոր սովորութիւնն էր, նախ հրամցնել գրական կտորը, բանաստեղծութիւնը, հրապարակագրական յօդուածը, ապա` մեր կարծիքը ստանալ, քննարկել, խորհրդակցիլ, անկէ ետք միայն տողերը կնքել անոնց հեղինակին անունով:
Նկատելով, որ այս տողերը իր ակնկալած մեծ յուզումն ու խռովքը չյառաջացուցին մեր մէջ, ան դիմեց այլ պարբերութեան մը.
«Կրակ մըն է ասիկա:
«Եւ սուր շրթունքով տղոց համար կը գրեմ ես. անո՛նց, որոնց բառերը հատու են որպէս թուր, որպէս եաթաղան, եւ որ ազգային իտէալ մը ունին եւ որ հանրային կուտակուած պարտականութիւններ, պատասխանատուութիւն, եւ որ մանաւանդ ունին, հասարակական տառապանք, ջիղ, զոհաբերութիւն ու նուիրական միակ բագին մը – հայրենի՛քը իր համայնական իտէալին մէջ:
…………………
«Ծերերը ընդունակ չեն մէկէ աւելի բաներու, ծերերը ըսած են իրենց կեանքին Ֆ-էն, իրենց այբբենգիմը լմնցած է:
«Ուշադրութի՛ւն:
«Թիւր ըմբռնումներ չունենաք «Ծեր» բառի մասին: Ծերը որեւէ կապ չունի տարիներու շատութեան հետ, ատամներու թափուածութեան, մորթի թոռմածութեան, կամ մազերու ճերմկութեան հետ: Երբե՛ք: Ծեր են մարդիկ, երբ ոգեւորութիւն չունին, երբ զուրկ են իտէալէ, երբ մեռած է իրենց մէջ ջիղը պայքարին: Ծեր են մարդիկ, երբ կաշառք կու տան, երբ կաշառք կ՛առնեն, երբ զեղում կ՛ընեն, երբ կը բամբասեն, երբ կը մրոտեն, երբ անձնական նկատումներ ունին, երբ բարոյական առեւտուրի կը նստին, երբ արժէքներ կը չարաշահեն, եւ երբ իրենց նպատակը շահադիտութիւն է եւ միակ իտէալը` դիրք»:
Լռեց Պարոնը եւ այս անգամ ընդհանուր նայուածք մը նետեց բոլորիս վրայ` սպասողական դիրք մը առնելով: Գիտէր, որ այս տողերուն յաջորդող զրոյցը ալեկոծ պիտի ըլլար, միտքերու փոթորկումը` ուժգին, քննարկումը` գաղափարներու բախման ու հանդիպման քուրայ:
Սփիւռքահայ գրականութեան իւրայատուկ դէմքերէն Եդուարդ Պոյաճեանն էր վերոյիշեալ տողերուն ծնունդ տուողը: Տարբեր էին այս տողերը Եդուարդ Պոյաճեանէն մեր կարդացած գիրքերուն մէջ տեղ գտած ընդհանուր մթնոլորտէն: Խորքին մէջ ա՛յդ էր, որ Պարոնը կը փորձէր իրեն հետ դասարան բերել միշտ, բան մը, որ ընդհանրացած գիրքերուն մէջ չես գտներ, պատառիկներ, որոնք թերեւս մէկ անգամ տեղ մը երեւցած են, սակայն անկէ ետք չեն ամփոփուած գիրք մը մէջ:
Այդ օրերուն ապրեցանք բանաստեղծ ու արձակագիր Եդուարդ Պոյաճեանի հետ, ինք ալ ապրեցաւ մեզի հետ, զգացինք տառապանքը 1915-ին Մուսա Լերան Խտըրպէկ գիւղը ծնած մանուկին, որ մինչեւ իր մահը երգեց հողը, գրեց հողին մասին, ապրեցաւ այդ լեռներու կարօտով, որովհետեւ Մուսա Լերան ապստամբութեան օրերուն թէեւ երեք ամսու Եդուարդ հեռացած էր իր ծննդավայրէն ու չորս տարի ապրած` Փոր Սայիտ, սակայն պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձած է ծննդավար, վայելած զայն, ուսման շրջանը անցուցած է գիւղական երկու համեստ վարժարաններու մէջ, մէկը` Խտըրպէկ, մէկն ալ` Եողունոլուգ: Գիւղական այդ վարժարաններուն մէջ, ուսումէ աւելի, կար մաքուր օդ, լոյս, կենդանութիւն: Ցերեկները պայծառ ու գիշերները աստղածածան էին: Եւ մանաւանդ, ամէն ինչ լեռնային էր, մեծասքանչ ու հիանալի, ինչպէս պիտի գրէր Պոյաճեան, տարիներ ետք, իր ինքնակենսագրութեան մէջ:
Ուսման երկրորդ շրջանը, տասնհինգ տարեկանէն սկսեալ անցած է Պէյրութի հայ Ճեմարանին մէջ: Մնացած էր հոն, մինչեւ առաջին լսարանին վերջը, հինգ տարի, մինչեւ 1935: Յետոյ նետուած է ուսուցչական ասպարէզ, ուր մնացած է մինչեւ կեանքին վերջին վայրկեանը:
«Չեմ խաղացած,- կ’ըսէ Պոյաճեան,- գրել սկսած եմ շատ կանուխէն: Տպուած` քիչ մը ուշ, 1932-ին: Աշխատակցած եմ «Հայրենիք» ամսագրին, «Յառաջ»-ին, «Ազդակ» օրաթերթին եւ շաբաթօրեակին, «Նայիրի»-ին, «Հասկ»-ին, «Ծիածան»-ին, «Ակօս»-ին, «Ազդարար»-ին: Ծածկանուններս եղած են` Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարեան եւ Ե. Ծովիկեան: Ճեմարանի Դ. դասարանին մէջ ձեռնարկած ենք գրական բովանդակութեամբ խմորատիպ ամսաթերթի մը` «Այգ» անունով:
«Գրած եմ պատմուածքներ եւ արձակ ու չափածոյ բանաստեղծութիւն:
«Հանուր մարդկութենէն վերջ սիրած եմ մանաւանդ հայ ազգը, մանաւանդ` մեր պատմութիւնը, եւ շեշտուած կերպով` մեր գրականութիւնը, որ մեծ է եւ սքանչելի: Հնադարեան է, ժամանակակից, հեռանկարային:
«Ծննդավայրս, լեռնահովիտ մեծ գիւղ մը, շարքին մէջ` ուրիշ հայ գիւղերու, իր բազմառատ կանաչութեամբ, իր անհատնում պարտէզներով, իր բլուրներով ու նաեւ բլրաչափ ժայռերով, ապառաժի խենթ կուտակուածութեամբ, ջուրերով ու դեռ շատ մը անանուն հմայնքներով, շինած են արիւնիս ջերմութիւնը, կլիմայական ներքին բարեխառնութիւն մը, որուն գրականութիւն եւ արուեստ դատող մարդիկ կ՛ըսեն խմոր, կ՛ըսեն խառնուածք, ոճ եւ ինքնատպութիւն: Ծննդավայրիս տունը մօտ է եղած եկեղեցիի, սահմանակից` գերեզմանատան, դրկից` արեւի, աստղերու, անսահման երկնքի. ըսել է` Աստուծոյ»:
Հայկական, մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմը դրած, սերունդներ կերտած, գրականութիւն կտակած Եդուարդ Պոյաճեան առյաւէտ պիտի ապրի ու ապրեցնէ, փոթորկէ եւ խաղաղեցնէ, ընդվզում եւ յուզում յառաջացնէ, սիրէ ու սիրել սորվեցնէ, կարօտով ապրի եւ հայրենիքի կարօտը յագեցնէ իր գրական էջերով:
Եդուարդ Պոյաճեանի մահուան 50-ամեակը օրին ցնցող ազդեցութիւն ձգեց իր բարեկամներուն եւ անոր հետ կեանք ապրած հարազատներուն վրայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր մահուան 50-ամեակին առիթով հրատարակուած հրաժեշտի պատառիկներ:
Խռովայոյզ Բանաստեղծը
Մեզմէ յաւէտ կը բաժնուի փոթորկալի բանաստեղծը, որ ծնած էր Ճեպել Մուսայի ժայռերէն: Այդ երկրին հրաբխային գալարումներով դարբնուած էր անոր հոգին եւ սիրտը, որ անշունչ կը մարի, այնքա՜ն կրակ ու բոց ժայթքելէ յետոյ:
Եդուարդ Պոյաճեան` բանաստեղծը խորհուրդներու, մտածումներու, վիշտի ու յուզական ապրումներու, կայծակնացայտ ամպամրրիկ մը եղաւ սփիւռքահայ գրական հորիզոնին վրայ:
Բանաստեղծ ու մտածող, դժգոհ ու ըմբոստ իր ներաշխարհը հորիզոնէն երբեմն ոսկեզոծ շառագունումներով, երբեմն ալ թուխպ ամպերով ծանրացաւ մեր հոգիին վրայ: Խռովքի եւ յուզումի մատնեց իր ընթերցողները, որոնք քալեցին այս հեղինակին հետ ու մտածման գալարումներու մէջ մնացին, երբ հեղինակած գիրքը շատոնց մէկ կողմ նետուած էր:
Լաւագոյն յիշատակներ կ՛արթննան մէջս, բաժանման այս պահուն, երբ վերապրումով կը յիշեմ բանաստեղծի եռանդուն աշխատակցութիւնները «Ազդակ-շաբաթօրեակին»-ին: Ստեղծագործ անսպառ աղբիւրի մը պէս, Եդուարդ Պոյաճեանի բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները կը զարդարէին գրական այս շաբաթօրեակին էջերը, մեծ ու վաւերական գրագէտի մը յայտնութիւնը բերելով մեզի:
1944-էն ասդին` մեր գրական եղբայրակցութիւնը շարունակուեցաւ անընդհատ, ու բանաստեղծի բեղմնաւորութիւնը երբեք կանգ չառաւ:
Այդ գործակցութիւնը աւելի լայն հորիզոններ ընդգրկեց, երբ «Բագին» գրական ամսաթերթը լոյս տեսաւ: Շիջող բանաստեղծը եղաւ գլխաւոր սիւնը մեր ազգի գրականութեան: Սակայն ծաւալուն իր աշխատանքները չկրցան սպառել այն մեծ հրաբուխը, որ կը գալարուէր այս գրագէտին ներաշխարհէն ներս:
Աչքը հեռաւոր հորիզոններուն, խաւարէն անդին` լոյսը որոնեց, ու անոր որոնող հոգին անցաւ խորհրդաւոր այն աշխարհը, ուրկէ մենք այլեւս իր ճառագայթումը պիտի չտեսնենք:
Սակայն իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, գալիք սերունդները, ներկայ եւ ապագայ խորհուրդներով` իրենց գլուխը պիտի հակեն Եդուարդ Պոյաճեանի գրքերուն վրայ:
Բանաստեղծը միշտ պիտի ապրի …
Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ
Մնաս Բարով…
Բանաստեղծ էիր, գրագէտ էիր, մտածող ու սովորականներէն չէիր, էիր այդ բոլորը ամէնուն համար, բայց այդ բոլորին հետ տարբեր բան մը կար, որ ինծի կը պատկանէր, թերեւս` միայն ինծի, մտերմութիւնդ էր, եղբայրութիւնդ: Ատոր համա՞ր էր արդեօք, կեանքիդ վերջին երկու ամիսներուն, երբ իմացայ հիւանդութեանդ անողոք լուրը, սկսայ փախուստ տալ ես ինձմէ, չէի ուզեր հոգիիս հետ առանձին մնալ, որովհետեւ հոգիիս հետ առանձին ըլլալ` կը նշանակէր առանձին չըլլալ, հե՛տդ ըլլալ, ու հետդ ըլլալը ահաւոր էր այս երկու ամիսներուն: Մենք այլեւս նոյն ձեւով չէինք ապրեր, մաշող տառապանք մը կար քու դէմքիդ, դիմակ մը կար իմ դէմքիս, պաղատանք մը կար աչքերուդ մէջ, անզօրութեան ահաւոր գիտակցութիւն մը` իմ մէջ, ու կը ջանայի փախուստ տալ ես ինձմէ, դիմակ կրելու հարկադրանքէն, անզօրութեան զգացումէն:
Բայց կարելի՞ էր միթէ այդ փախուստը: Ո՞ւր կրնայի երթալ ու առանձին մնալ, ինքզինքս մոռնալ, ինքզինքիս մէջ քե՛զ մոռնալ: Բոլոր գիրքերը, քու ներկայութիւնդ կը յուշէին, բարեկամներս աչքերուս մէջ քեզ կը տեսնէին, սրճարանները, փողոցները, ամէնը քու մասին կը խօսէին: Այս քանի տարի է այսպէս էր, այսպէս անցան օրերը: Ուսուցիչ եղար ինծի, գործակից եղայ քեզի, զինակից եղանք իրարու, տարիներ, տասնամեակներ, կեանքիս քսանեօթը տարին անցաւ այսպէս ու այսօր քու տառապանքներուդ բաժինը աւարտած դուն կը մեկնիս, բայց կ՛ըմբռնե՞ս արդեօք մեր տառապանքը, ի՛մ տառապանքը, որ կը սկսի հոս, անզօրութեանս տառապանքին հետեւող երկրորդ տառապանքը, որ կու գայ քեզմէ դարձեալ եւ կը կոչուի առանձնութեան տառապանք:
Դուն շատ օրէնք չէիր սիրեր, ես շատ օրէնք չեմ սիրեր, բայց անգամի մը համար թող գործադրուի օրէնքը ու ըսեմ երթաս բարով, սիրելի՛ Եդուարդ, մնա՛ս բարով, դուն կը մնաս բարով իմ բոցաշատ բարեկամ:
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ
Հրաբուխ Մը Հանգեցաւ
Աւելի քան քառորդ դար ցասման, ընդվզումի լաւաները եւ գաղափարական, գեղարուեստական յաղթանակի ոսկիները սփռելով հայ կեանքի, սփիւռքի մեր մշակոյթի անդաստանի ամբողջ երկայնքին` ոգեղէն արիութեան կայծակը սեղմած վտիտ բուռին մէջ` շիջեցաւ ի սպառ Եդ. Պոյաճեան:
«Դէմքեր» բիւրեղեայ հատորը տակաւին դուրս չեկած մամուլէն` վաղաժամօրէն գնաց ինքն ալ իր արժանաւոր տեղը գրաւելու հայ մշակոյթի լուսաճաճանչ ու անկորնչելի դէմքերու շարքին:
«Փոր Մկօ»-ներու, «Ջորեպան Գալուստ»-ներու հայրենակարօտ ու ազատախռով հեղինակը փակեց կոպերը ընդմիշտ` կապոյտ լերան կարօտը, բոլոր լրիւ հայու եւ իրաւ բանաստեղծի տակաւին չիրականացած երազը աչքերուն:
«Հող»-ով յայտնագործուած ու գագաթացած հողի խոնարհ, այլ հոգուով մեծահարուստ այս զաւակը մեկնեցաւ անժամանակ` հողին ցուրտ գիրկը:
Մեկնեցաւ անցաւոր այս աշխարհէն` հողեղէն իր անօթին համար առանձին հարիւրապատիկը, հազարապատիկը ձգելով անոր ժառանգ, որպէս ոգեղէն եւ իմացական մեծարժէք հարստութիւն:
Կեանքի մէջ ինք սէր փնտռեց, սէր երգեց, բայց յաճախ միայն վիշտ քաղեց, սէր եւ վշտի մշտադալար բանաստեղծը:
Ամէն օր քիչ մը մահ եղաւ իր կեանքը` երբ մեր մէջ էր: Ասկէ անդին` ամէն օր առաւել կեանք, առաւել ողջութիւն եւ անմահութիւն է իր գոյութիւնը, երբ կը բաժնուի մեզմէ այսօր:
Յ. ԳԵՂԱՐԴ
Թուղթ Առ Եդուարդ Պոյաճեան
Լուր տուին ինծի, կ՛ըսեն թէ այս առաւօտ, ժամը 3:30-ին մեռեր ես… Մարմնականին կապուած միամիտներ, անձը փնտռող սիրելիներ, որոնք կը կարծեն, թէ շնչելէ դադրելով, շարժելէ դադրելով մեռած կ՛ըլլաս դուն:
Ես կը խօսիմ ահա հետդ եւ գիտեմ, որ կը լսես զիս: Մենք յաճախ աւելի լաւ կրցանք խօսիլ իրարու հետ նամակով, քան բերանացի, դէմ դէմի: Նամակը առիթ չի տար անմիջական, րոպէական հակադարձութեան ու վէճի, ինքն իրեն հետ միայն կրնայ վիճիլ նամակագիրը: Այդ պարագային մակերեսային, անդրադարձ մղումները չեն տիրապետեր, աւելի խորը գացող, աւելի հիմնականը փնտռող մտածողութիւնը կը գործէ:
Ես կը խօսիմ ահա հետդ, երբ դուն չկաս որպէս շարժուն մարմին, սիրելի նայուածք, ցաւահալած հոգի, այլ կաս որպէս ճառագայթումը ձերբազատուած հոգիիդ. Կաս թուղթիդ մէջ` ուղղուած զաւակներուդ ու մեզի. Կաս բանաստեղծութիւններուդ մէջ, պատմուածքներուդ մէջ, դէմքերուդ մէջ, բայց մանաւանդ, ու մանաւանդ նամակներուդ մէջ:
Դիմացս է 20 նոյեմբեր 1960 թուակիր նամակդ, զոր ստացայ Ամերիկա, հիւանդանոցի հանգստեան տան մէջ, քու բառերովդ «սրտի գէշ պատմութեան մը» ապաքինման շրջանին: կը գրէիր.
«Շա՛տ սիրելի Բաբգէն,
«Ասիկա նամակ չէ, երկտող է: Սրտի գէշ պատմութիւնդ խորապէս տրտմեցուց զիս: Փուշտ կեանք: (Կը ներես այս գռեհիկ… վսեմութեան):
«… Ինքզինքիդ հոգ տար, եւ թող քիչ մը ուրիշներ զբաղին սրտմաշուք բաներով: Ոչինչի եւ ոչ ոքի մասին մի՛ մտածեր, գէթ առայժմ: Գիտեմ, որ խառնուածքիդ ուղղուած զուր խօսքեր են ասոնք, բայց այդ խօսքերուն իրագործման մէջ է մեր բուժումը դժբախտաբար:
«Մեր բոլոր յոռի կողմերով իսկ, մեր սերունդը շատ գէշ սերունդ մը չէր եւ չէ: Սխալեցանք, շատ, բայց անլուրջ չեղանք կարծեմ: Փնտռուած տաղանդները չեղանք, ճիշդ է, բայց ձգտեցանք եւ կը ձգտինք տակաւին` քիչ մը աւելի լաւ ըլլալ քան եղած ենք, քան ենք հիմա իսկ: Ունինք ըսելիք մեզ նախորդող սերունդին եւ մեզի յաջորդողներուն: Լրջօրէն, ազնուօրէն պէտք է ըսենք մեր խօսքը, պիտի ըսենք»:
Ու ես, հիւանդութեանդ դիմաց, չկրցի քեզի ըսել «փուշտ կեանք», մինչ եւս իմ մէջ, ամէն օր կը պոռայի ատիկա աշխարհին, ներքին պարպումներու րոպէներուն: Որքան պիտի ուզէի… եւ դուն ինչպէս պիտի ժպտէիր, եթէ իմ բերնէս լսէիր քուկդ եղող բառեր, որոնք այնքան տաք ու բնական, ու վսեմօրէն կ՛ըսէիր կամ կը գրէիր:
Քեզի ուղղուած սա թուղթին մէջ ըսեմ գոնէ, որ դուն ըսած եւ քու խօսքդ, «լրջօրէն, ազնուօրէն» ե՛ւ «նախորդ սերունդին, ե՛ւ մեզի յաջորդողներուն»: Եւ եթէ դեռ ըսելիքներ ունէիր, աւելի խոր, աւելի հիմնական քան այն ինչ ըսած ես մինչեւ այսօր, ատիկա արգելք չէ արժէքաւորումին մինչեւ այսօր ըսածիդ: Մէկէ աւելի պիտի ըլլան անոնք, որոնք պիտի հակին հեռաւոր հորիզոններուն նետուած պատգամներուդ վրայ, արուեստով արտայայտուած ախտաճանաչումներուդ, սահմանումներուդ, դարմանին տանող ճանապարհներու փնտռտուքիդ վրայ` ծանօթանալու համար սփիւռքի տառապանքին ծանրութեան տակ տքացող հայ մարդու հոգեկան խոր ապրումներուն եւ անոր ընդմէջէն՝ համայն հայութեան ցաւերուն ու երազներուն:
Ամբողջ գործդ, ու մանաւանդ գրած իրական նամակներդ, եթէ հաւաքուին, մէկտեղուին, հոյակերտ թուղթ մըն են, գրուած զաւակներուդ, իրական զաւակներդ ըլլան անոնք, թէ հայու զաւակներ, ուր որ ալ ըլլան անոնք, երբ որ ալ ըլլայ:
Ու այդ Թուղթդ դեռ երկար, երկա՛ր ժամանակ պիտի կարդացուի, ու քու ձայնդ դեռ երկար ատեն պիտի լսեն նաեւ ուրիշներ, քու չտեսած, չճանչցած տղաքդ. ինչպէս ես կը լսեմ այս րոպէիս… հակառակ որ կ՛ըսեն, թէ դուն մեռած ես…
Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Տխուր Բաներ Ու Թախիծ
Գիտնալէ վերջ հողէն ենք ու սահմանուած նոյն հողին,
Գիտնալէ վերջ թէ չկայ ա՛յլ կեանքերու ոչ մէկ յոյս,
Գիտնալէ վերջ թէ խորունկ փոսն է մահիճը վերջին`
Կ՛արժէ ապրի՛լ, երազե՜լ, կ՛արժէ՞ մահէն տալ միշտ խոյս:Կեանքն ի՜նչ է որ, վերջապէս. ափ մը հողի պատմութիւն,
Երջանկութեան ի խնդիր, խուլ սպառում մը տակաւ,
Կեանքն ի՛նչ է որ, եթէ ոչ ապրիլ-տեւե՛լ մը տժգոյն,
Քիչ մը ժպիտ, պահ մը սէր ու տուայտա՜նք մը անբաւ:Ի զո՜ւր մարդիկ կ՛աշխատին ու կ՛երազե՛ն ու կու լա՜ն
Ի զո՜ւր մարդիկ կը սիրեն ու կը տենչա՜ն, կ՛աղօթե՛ն,
Կա՜րճ է կեանքն այս եւ սակայն ունի ցաւե՛ր անվախճան,
Խաչելութիւն եւ ապա սո՜ւգ մըն է մեծ նոյն ատեն:Օ՛ր մը եւս տառապիլ, ո՛վ որ կ՛ուզէ կը մնայ,
Օ՛ր մը եւս ծաղրուիլ, ան որ չ՛ուզեր, թող մեկնի,
Վաղն ամոքում չի բերեր, վաղն ա՛լ ժպիտ մը չկայ,
Մեծ յոյսն ամէն տեղ, գիտեմ, վաղն իսկ պիտի անհետի:Մենք կը փնտռենք մեծ բաներ` պզտիկ սրտի մը համար,
Բայց հոն ինչպէ՛ս լեցընել ցնծութեան այսքա՜ն վառօդ
Առանց ստոյգ վտանգի, այսքան հեշտանք անհամար
Գինովութիւն ու երազ, անբիծ սէրեր մշկահոտ:Ե. ՊՈՅԱՃԵԱՆ