Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի կազմակերպութեամբ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիք» կեդրոնին մէջ, Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1000 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան: Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ եւ գաղութին մէջ գործող զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ հայրապետական թափօրը մուտք գործեց հայ երիտասարդներով ողողուած սրահը: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչեցուց, որմէ ետք արտասանուեցաւ բացման խօսք: Ապա հայ վարժարաններու, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ եկեղեցւոյ պատանեկան միութեանց ու ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները իրենց խօսքերուն մէջ բարի գալուստ մաղթեցին նորին սրբութեան եւ վեր առին հայոց հովուապետին առաջնորդի, ղեկավարի, միջեկեղեցական գործիչի, հայ մշակոյթի պահպանողի եւ Հայ դատի պաշտպանի արժանիքները: Ապա Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան բարի գալուստ մաղթեց նորին սրբութեան եւ բեմ հրաւիրեց, որ իր Հայրապետական խօսքը արտասանէ:
Նորին սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ մենք կը գիտակցինք ներկայ աշխարհի պարտադրած դժուարութիւններուն, սակայն ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, մենք պարտաւորութիւնը ունինք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: «Հայ լեզուն կարեւոր ազդակ մըն է մեր ինքնութեան պահպանման: Մեր դպրոցները, միութիւնները, բայց մանաւանդ մեր ընտանիքները ջատագովը պէտք է ըլլան մեր մայրենիին ու անոր պահպանման: Այս առումով առանցքային է մեր ընտանիքներուն դերը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Նորին սրբութիւնը գնահատեց Արեւմտեան թեմէն ներս գործող կազմակերպութիւնները, դպրոցները եւ միութիւնները, որոնք եկեղեցւոյ կողքին լծուած են հայապահպանման ու ազգապահպանման նուիրական առաքելութեան:
Ապա երիտասարդները քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինքնութեան պահպանման, մեր եկեղեցւոյ ու սփիւռքի մէջ անոր դերակատարութեան, արդի արհեստագիտութեան, երիտասարդները ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապուած պահելու դժուարութիւններուն եւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին առնչուող հարցադրումներ կատարեցին, որոնց նորին սրբութիւնը տուաւ սպառիչ պատասխաններ:
Երիտասարդութեան հետ հանդիպման շահեկան երեկոն փակուեցաւ հայրապետական օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա»-ի երգեցողութեամբ: