Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակի Նշում

Պաղտատ

baghdad_92416

Շաբաթ, 24 սեպտեմբերի երեկոյեան, Պաղտատի հայ ԵԵ միութեան (ՊՀԵԵ) սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ` թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ` ՊՀԵԵ-ի, ԻՀՏՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններուն, տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւններուն 25-ամեակներուն:

Հանդիսութեան մասնակցեցաւ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեան:

 

Աւստրալիա

img_2898

Հովանաւորութեամբ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի, առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմին, կիրակի 18 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ռայտի Սիվիք Սէնթըրի հանդիսասրահին մէջ տօնուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեանց 25-ամեակը, ներկայութեամբ աւելի քան 600 մասնակիցներու:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որ կեանքի կոչուած էր 1 օգոստոսին եւ որ կը բաղկանար Հայաստանեայց Առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու, ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ կուսակցութիւններու, ՀԲԸՄ-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներէն:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմը, Աւստրալիոյ, Հայաստանի, Արցախի դրօշներու եւ թմբուկներու առաջնորդութեամբ, յաղթական մուտք գործեցին սրահ, իսկ սրբազան հօր ներկայացուցիչ Ներսէս աբեղայ Յարութիւնեան կատարեց բացման աղօթքը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն մասնակցեցան Սիտնիի չորս պարախումբերը` Նոր սերունդ (Սասնայ Պար), Թամզարա (Սասնայ Սարով), Համազգային «Նայիրի» (Շարան) եւ Սիտնի Պարի Անսամպլ (Տօնական Հայաստան): Լիլա Թարաքճեան, Թամար Աղաճանեան եւ Ռուբէն Մինասեան յաջորդաբար երգեցին Աւստրալիոյ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քայլերգները:

Մոսիկ Ինճէճիքեան կատարեց բացման խօսքը, որուն աւարտին ան ըսաւ, թէ պիտի չազդուինք Հայաստանի ապագային մասին յոռետես կեցուածք ունեցողներէն, այլ պիտի աշխատինք յօգուտ անոր բարգաւաճման մինչեւ «Հայոց երեք հսկաները` Նեմրութը, Մասիսն ու Սիփանը իրարու ձայն տան ու ողջունեն ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը»: Քանոնի վրայ Լուսիկ Թովմասեան նուագեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Երգ առանց խօսքի»-ն: Ներկայացուեցաւ տեսաերիզ մը «Ուժի իրաւունքը» խորագրով: Ասմունքի վարպետ Մանուկ Կոտոյեան լաւագոյնս մեկնաբանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Հաւատում եմ քեզ հայ ժողովուրդ»-ը: «Ախպերս ու ես»-ը զուգերգեցին Մարիա Ղարամանեան եւ Ռիթա Էմիրխանեան, կիթառի ընկերակցութեամբ Վահիկ Մաթէոսեանի, եւ թաւջութակի` Շահան Սողոմոնեանի: Սփռուեցաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի յատուկ շնորհաւորական պատգամը: Օրուան բանախօս Քայլար Միքայէլեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Ան անդրադարձաւ անկախութեանց պատմութեան եւ հրամայական նկատեց սփիւռքեան միասնական զօրակցութիւնը մեր երկու հանրապետութիւններուն: Նշան Պասմաճեան կարդաց յանձնախումբի կողմէ շնորհակալական խօսք` ուղղուած տօնակատարութեան յաջողութեան համար աշխատած անձանց:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Հայեր միացէք» երգով, որուն յոտնկայս մասնակցեցան բեմի վրայ` յայտագրին մասնակիցներն ու սկաուտական կազմի անդամները, իսկ սրահին մէջ` 600 հանդիսականները:

 

Վրաստան

vrasdan_92116

21 սեպտեմբերին, Վիրահայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք: Թիֆլիսի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնը նախագահեց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան:

Աւարտին «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն: «Ներսէս Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ Հայաստանի քայլերգին մեկնաբանութեամբ ընթացք առաւ հանդիսութիւնը:

Ելոյթ ունեցան Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան նախագահ, պատմաբան Ենոք Թադեւոսեան, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան, նաեւ թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, որոնք արժեւորեցին բանակին դերն ու նշանակութիւնը Հայաստանի պետականութեան պահպանման, Արցախի ազատութեան համար պայքարին մէջ:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման եւ Արցախեան պատերազմի հերոսական ուղիին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը ներառէր դրուագներ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան      25-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսէն: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Կիպրոս

ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Պատանեկան Միութեան Տարեկան Բանակումը

panagoum_81416

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, 14-21 օգոստոսին,  Թրոտոսի մէջ տեղի ունեցաւ Պատանեկան միութեան 28-րդ տարեկան բանակումը, «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք – այսօր, վաղը եւ միշտ» թեմայով, մասնակցութեամբ Կիպրոսի բոլոր քաղաքներէն ժամանած 8-16 տարեկան 60 պատանիներու եւ 10 անդամներէ բաղկացած պատասխանատու կազմին:

Բանակումի դաստիարակչական ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կիպրոսի ոստիկանութիւնը, որոնք  ներկայացուցին թմրեցուցիչի գործածութեան վնասներուն անդրադարձող դասախօսութիւն մը: Տեղի ունեցաւ նաեւ ներկայացում` նիւթ ունենալով «Պուլիինկ»-ը դիմագրաւելու ձեւեր, դպրոցներու եւ մեր կեանքին մէջ:

Երկու օրուան համար բանակումի հիւրը դարձաւ Կիպրոսի մարմնակրթանքի (պատի պիլտինկ)  ախոյեան, լառնաքացի Մարիրոզ Թարգմանեան, որ դասախօսութիւններ տուաւ, նաեւ զրոյցներ ունեցաւ պատանիներուն հետ:

Վարիչ մարմինը ներկայացուց դաստիարակչական ծրագիր մը Հայ դատի, Հայաստանի ու Արցախի մասին, կազմակերպուեցան երկու արշաւներ, եւ երկրորդ տարին ըլլալով, բանակումի մասնակցող պատանիները, տեսերիզ մը պատրաստեցին բանակումի առօրեային մասին:

Բանակումի փակման հանդիսութեան ներկայացուեցաւ մշակութային յայտագիր մը, խմբային երգերով ու մարտարուեստի ու ինքնապաշտպանութեան մարզանքներու ներկայացումներով: ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան իր ելոյթին մէջ բանակումի յաջող կազմակերպումը որակեց Կիպրոսի դաշնակցական ընտանիքի բազմամակարդակ գործունէութեան ու յաղթանակներու շարունակութիւնը եւ հայապահպանման ու Հայ դատի յարատեւ պայքարի ճամբուն վրայ կարեւոր ձեռքբերում:

 

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Մէջ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբթուան Ընթացքին Հանգանակուեցաւ 47.000 Տոլար

australia_91916

Սեպտեմբեր 19-23 երկարող օրերուն Աւստրալիոյ հայ գաղութին մէջ յայտարարուած էր սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբաթ, որուն ընթացքին սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ աւելի քան 47.000 տոլար, որուն մասին յայտարարուեցաւ ուրբաթ, 23 սեպտեմբերին տեղի ունեցած խրախճանքին ատեն:

Ընդառաջելով Սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբթուան կազմակերպիչ մարմիններուն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ՀՕՄ-ին, ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին եւ «Արմէնիա Մետիա» մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան կոչին` աւստրալահայ գաղութը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ զօրակցութեան շաբթուան:

Օժանդակութեան շաբթուան նպատակն էր հարկ եղած նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրել սուրիահայ մեր ազգակիցներուն` ապահովելու համար անոնց առօրեայ պէտքերը, ինչպէս` ջուր, ելեկտրականութիւն, սնունդ եւ դեղորայք:

Ուրբաթ, 23 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որուն ներկայ էին աւելի քան 200 հայորդիներ: Խրախճանքին կամաւորաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութի սիրուած երգիչներն ու երաժիշտները: Խրախճանքը  կազմակերպած էր ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ջանքերով կազմուած Միջին Արեւելքէն ներգաղթողներու օժանդակութեան յանձնախումբը: Բացման խօսքին մէջ յանձնախումբի ատենապետ Պօղոս Պալիօզեան ըսաւ. «Երախտապարտ ենք ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն, որոնց ջանքերով երկրորդ անգամն ըլլալով կը կազմակերպուի սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբաթը Աւստրալիոյ մէջ. անոր միջոցաւ աւստրալահայութիւնը առիթը կ՛ունենայ օժանդակելու Սուրիոյ մէջ ծայր առած դժնդակ պատերազմի պայմաններուն մէջ գոյատեւող իրենց ազգակիցներուն»:

Խրախճանքի ընթացքին ՀՅԴ Սուրիոյ շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Եուզպաշեան սքայփի միջոցաւ իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` ըսելով. «Հինգ տարիներէ ի վեր սուրիահայութիւնը մեծ տագնապ կը դիմագրաւէ, իսկ, դժբախտաբար, հալէպահայութեան վիճակուած է ծանրագոյնը: Այսուհանդերձ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր բոլոր կառոյցներով` երիտասարդական, պատանեկան, ուղեկից միութիւններով կը շարունակէ կազմակերպուած գործել` հոսանքն ի վեր թիավարելով: Բերիոյ թեմը` իր Ազգային վարչութեամբ, խորհուրդներով եւ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ, վառ կը պահեն ազգային կեանքը:

Կը գործեն նաեւ մեր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, նախակրթարանը, մանկապարտէզը եւ շուրջ 800 աշակերտներ անվճար կը յաճախեն վարժարան` շարունակելով իրենց կրթական կեանքը: Պատնէշի վրայ են օրական 24 ժամ տեւողութեամբ մօտաւորապէս 300 նուիրեալներ, մեծամասնութեամբ ընկերներ, հերթականութեամբ կը տանին իրենց նուիրական սուրբ գործը: Անոնք կեանքի գնով ճիգ չեն խնայեր երաշխաւորելու հայկական թաղամասերու մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը եւ ազգային կուսակցական կալուածներու ապահովումը:

Սուրիահայ գաղութը ի գին ամէն դժուարութեանց որոշած է գոյատեւել աննկուն կամքով, յոյսով եւ լաւատեսութեամբ: Շնորհակալութիւն աւստրալահայ գաղութին, կազմակերպիչ կոմիտէութեան եւ բոլոր յանձնախումբերուն, այս ձեռնարկի յաջողութեան, բայց յատկապէս ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ կանգնած էք մեր կողքին, թեթեւցնելով մեր տագնապը: Վարձքերնիդ կատա՛ր: Մենք հպարտ ենք ձեզմով»:

 

Քանատա

«Խոստումը» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն

promise_91116

11 սեպտեմբերին Թորոնթոյի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող  Քըրք Գըրգորեանի հովանաւորութեամբ նկարահանուած «Խոստումը» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնին բեմադրիչն է օսքարակիր Թերի Ճորճ, որ իր շուրջ հաւաքած է տաղանդաւոր դերասաններ` Քրիսթիան Պէյլ, Օսքար Այզեք, Շարլոթա Լէ Պոն, Անժելա Սարաֆեան, Ճէյմս Քրոմուել եւ ուրիշներ, իսկ ժապաւէնին երաժշտութիւնը գրած է նշանաւոր երաժիշտ Կապրիէլ Եարը:

Ժապաւէնին նիւթը սիրային պատմութիւն մըն է, որուն դէպքերը կը զարգանան Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն:

 

Միացեալ Նահանգներ

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը Առաջնորդարան Կ՛այցելէ

sarf-91316

13 սեպտեմբերին, Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինի վարչութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ  հանիդիպում ունեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ:

Վարչութեան նորընտիր ատենապետ Րաֆֆի Քէնտիրճեան եւ ներկայացուցիչները  առաջնորդ սրբազանին զեկուցեցին մարմինին վերջին շրջանի աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին անմիջական ապագայի ծրագիրները` խնդրելով առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը:

Խորհրդակցութեան նիւթ եղաւ Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան վիճակը: Նշենք, որ Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինին եւ այլ գաղութներու հայութեան կազմակերպած հանգանակութեանց շնորհիւ, ընկերային, բժշկական ու այլ կենսական օժանդակութիւններ կը հասնին Սուրիոյ հայութեան` աւելցնելով, որ Հալէպի Ազգային իշխանութիւնը յայտարարած է, թէ ուսումնական այս տարեշրջանին, բոլոր աշակերտները անվճար պիտի ուսանին Հալէպի ազգային վարժարաններուն մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՍԱՐՖ-ի աշխատանքներուն մասին եւ յորդորեց, որ աւելի քան չորս տարի առաջ միասնական ոգիով սկսած աշխատանքը շարունակուի նոյն թափով: Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց մարմինին ազգանուէր ծառայութիւններուն եւ յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը շուտով աւարտի:

Հրապարակի Վրայ Է Արեւմտահայ Բանաստեղծութիւններու Նուիրուած «Փափաք»-ը

papak_92916

Վերջերս «Էլեմընթ» երաժշտական խումբի մղիչ ուժը հանդիսացող Արա Տապանճեան Արէն Էմիրզեանի (Էմիրզէ) հետ համագործացաբար` պատրաստեց «Փափաք» ալպոմը, որուն մէջ կան Վահան Թէքէեանի, Մաթէոս Զարիֆեանի, Միսաք Մեծարենցի, Ռուբէն Որբերեանի, Զարուհի Պէրպէրեանի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններով ու երկուքին յօրինած երաժշտութեամբ երգեր:

Այս գործը քանի մը իմաստներով սիրոյ արդիւնք է, եւ կեանքի կը կոչէ բանաստեղծական հոյակապ կտորներ` գրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դաժան ժամանակաշրջաննէրէն մէկուն ընթացքին:

Նշենք, որ 2010-ին Արա Տապանճեան Վահէ Կարապետեանի հետ հրապարակեց իր գլխաւորաբար Կոմիտասի եւ Սայաթ Նովայի երգերուն նուիրուած «Աշխարհումս» ալպոմը:

Մուսա Լերան Հերոսամարտի Նշում

mousaler_91116

11 սեպտեմբերին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ  Ս. պատարագ եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան իր քարոզին մէջ վեր առաւ քաջարի մուսալեռցի ժողովուրդի յարատեւելու կամքը եւ Մուսա լերան 40 օրերու պատմական կարեւորութիւնը` յորդորելով ներկայ մուսալեռցիները կառչած մնալ իրենց արմատներուն, հետեւիլ իրենց քաջարի պապերու օրինակին` բարձր պահելով մուսատաղի ժառանգորդներուն եւ համայն հայութեան պատիւը:

Աւարտին Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն:

Օրուան հանդիսավար Մարօ Քէշիշեան առաջին հերթին հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը: Ապա հաստատեց, որ մուսալեռցին, ամէն տեղ նոյն հարազատութեամբ մօտեցաւ, ծաղկեցուց իր շրջապատը, պահպանեց իր լեզուն, սակայն երբեք չմոռցաւ իր հարազատ գիւղը:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր մուսալեռցի Րաֆֆի Տուտագլեան, որ հայրենիքէն հրաւիրուած էր յատուկ այս ձեռնարկին համար: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց հերոսամարտին եւ անոր հետեւող ժամանակաշրջանին վրայ  հաստատելով, որ մուսալեռցին միշտ իր սեփական մաշկը փրկելը առաջնահերթութիւն չէ համարած, այլ մտածած է համայն հայութեան մասին: Ան շեշտեց, որ մուսալեռցիները ունին պատմութիւն կերտելու սեփական եւ իւրայատուկ փորձառութիւն: Տուտաքլեան ըսաւ, որ մեր արժէքը մեր անցեալին մէջ պէտք չէ կայանայ, այլ` մեր ներկայի՛ն, մեր հերոսական արարքին աւելցնելով, որ պէտք է  դառնանք օրինակելի հաւաքականութիւն` հայ ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն համար, կատարենք ճի՛շդ ընտրանք, ստեղծենք հայրենի՛ք, Մայր Հայաստանի հողին վրայ եւ կերտենք մեր սերունդի հերոսական ներկան, իսկ ապագայ սերունդներուն աւանդ թողենք մեր սեփական օրինակը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ ներկայ էր հանդիսութեան, բեմ հրաւիրուեցաւ` փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը:

Յովհաննէսեան, ընդգծելէ ետք Ֆրանս Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքին կարեւորութիւնը` յայտնեց, թէ ինք յատկապէս վերջին երկու-երեք տարիներուն աւելի մօտէն ճանչցած է շրջանը Մուսա Լերան, Տորթ-Եոլի եւ Քեսապի հայկական գիւղեր այցելութեան ընթացքին` իր հատորի պատրաստութեան նպատակով:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>