Կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ հայոց ազգային պետականութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման 25-ամեակը:
Կը նշենք 21 սեպտեմբեր 1991-ի դարակազմիկ հանրաքուէին տարեդարձը` աշխարհի չորս ծագերէն ձայն տալով իրարու եւ ուխտելով Արարատին, որ «Սրբազա՛ն լեռ, պիտի հասնի՛նք կատարիդ»:
Չենք կրնար անտեսել, որ անկախութեան 25-ամեակը կը տօնենք դժուարին պայմաններու մէջ` խառն մտածումներով ու անձկութեան հոգերով ծանրաբեռն մթնոլորտի մը մէջ:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եւ յուլիսեան «Սասնայ ծռեր»-ու յուսահատական գործողութիւնը մթագնեցին հայաշխարհի հորիզոնը:
21-րդ դարուն եւս Հայաստանն ու հայութիւնը զրկուած կը մնան ազգային եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային տարրական երաշխիքէ:
Հակառակ անոր որ ազրպէյճանական գրոհը ճզմուեցաւ իր սաղմին մէջ, յամենայն դէպս ահազանգի նշանակութիւն ունեցաւ եւ սթափեցուց հայ քաղաքական միտքը` շեշտելով, որ իրաւունք չունինք անպատրաստ գտնուելու Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին սպառնացող վտանգին դէմ յանդիման:
Իսկ սեփական երկրի իշխանութեան դէմ զէնք բարձրացնելու «Սասնայ ծռեր»-ուն յուսահատական գործողութիւնը առաջնահերթ կարեւորութեամբ օրակարգի վրայ բերաւ հայ հասարակութիւնը ներքին գալարումի մատնող հակասութիւններն ու հակադրութիւնները` զանոնք յաղթահարելու եւ մեր պետական տունը կարգի բերելու հրամայականը շեշտելով:
Ահա՛ այսօրինակ անձկութեան մէջ կը տօնենք Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակը` ամէն բանէ առաջ եւ վեր հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական միասնութեան եւ հաւաքական ուժին տէր կանգնելու վճռակամութիւնը վերանորոգելով:
Այո՛, կը վերանորոգենք պայքարը շարունակելու մեր ազգային վճռակամութիւնը, որովհետեւ 25 տարուան կենսափորձով մեր սերունդները իրենց հերթին ամրագրեցին, որ անկախութիւնը անփոխարինելի՛ կռուանն է ոեւէ ազգի, յատկապէս մեր փոքր ածուի ազատ ապրելու եւ համակողմանի զարգացումի արժանանալու անբռնաբարելի իրաւունքին նուիրագործման:
1988-ի արցախեան պահանջատիրութեան շղթայազերծումէն մինչեւ 21 սեպտեմբեր 1991-ի Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը` հայրենի հայութեան հետ ողջ մեր ժողովուրդը օրհասական տարողութեամբ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կրցաւ արժանաւորապէ՛ս դիմագրաւել: Յանուն Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման` հազարաւորներու արիւն նուիրաբերեց մեր ժողովուրդը, որպէսզի անտեղիտալիօրէն տէր կանգնի իր իրաւունքներուն եւ գերագոյն շահերուն:
Նոյնքան ծանր փորձութիւններ հայ ժողովուրդը դիմագրաւեց իր անկախութեան ամրապնդման սիրոյն: Վայրի հասարակափոխութեան բազմապիսի խորշակներուն դիմացաւ, ծայրայեղ թշուառացման ու աղքատացման մութ ու ցուրտ գիշերները հաստատակամութեամբ անցուց, հայրենիքը պարպող արտագաղթի կործանարար ալիքէն վերապրեցաւ, բայց ոչ մէկ պարագայի նահանջեց ազատ ու անկախ ապրելու իր ընտրանքէն, այլեւ ու մանաւանդ` Արցախը ազրպէյճանական անարգ լուծէն ազատագրուած տեսնելու իր վճռակամութենէն:
Զրկանքներու եւ փորձութեանց այդքա՜ն դժուարին ճանապարհ կտրած Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը արժանի են լիարժէք ազատութեան եւ անկախութեան: Կանխիկ վճարած են վերանկախացման գինը եւ հարկադրուած չեն որեւէ տուրք, յատկապէս յաւելեա՛լ տուրք վճարելու:
Հայաստանի ու հայութեան վաղուան պայծառ օրը նուաճելու պայքարին անփոխարինելի երաշխի՛քն է անկախութիւնը, որ չի կրնար պատանդ վերցուիլ որեւէ ուժի, յատկապէս սեփական երկրի իշխանութեանց կողմէ:
Հայաստանի վերանկախացման 25 տարիները, բազում զրկանք եւ տառապանք յաղթահարելու գնով, անհաւասար ուժերով ռազմի դաշտերէն յաղթական դուրս գալով, հայ ժողովուրդին մէջ կոփեցին անփոխարինելին` ամէն կարգի թշնամիի դէմ պաշտպանելու, նոյնիսկ ներքին ցեցերու չարիքէն ձերբազատելու պայքարունակ ոգին:
Անկախութեան 25-ամեակը կը տօնենք ահա ա՛յս վճռակամութեամբ` ժողովրդավարական հասունացման ճամբով հայոց պետականութիւնը արմատական բարեկարգման առաջնորդելու, ներկայ արատաւոր վարչակարգէն ձերբազատելու եւ սեփական ուժերով հզօրացնելու ինքնավստահութեամբ: