Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

25 Տարուան Անկախութենէ Ետք. Բաց Նամակ

$
0
0

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Առ որ անկ է

Պէտք է խոստովանիմ, որ կը զգամ, թէ խախուտ հողի վրայ կեցած կ՛առնեմ գրիչը ձեռքս կամ կը պտտցնեմ մատներս համակարգիչիս ստեղնաշարին վրայ` խօսելու համար այս մասին, երբ ինքս տակաւին հայրենաբնակ չեմ դարձած` Հայաստանի վերանկախացումէն 25 տարի ետք:

Ինչո՞ւ չեմ գացած, չեմ երթար հայրենիքի՛ մէջ չեմ ապրիր` փոխանակ մնալու պանդուխտ, տարագիր, փախստական…

Այս հարցումը կը տանջէր զիս, երբ 25 տարեկան էի ես ինքս, կը տանջէ եւ հիմա, աւելի քան կէս դար ետք:

Ինչո՞ւ:

Ուրիշներ, ընկերներէս ոմանք, հայրենադարձ եղան այդ տարիներէն, գացին-հաստատուեցան Հայաստան, թէկուզ խորհրդային: Ուրիշներ այդ քայլը առին 1991-էն ետք: Ես այդ քայլը չառի, չկրցայ առնել` հաւանաբար միշտ ալ գուցէ լուռ կշտամբանքի արժանանալով, առաջին հերթին` գացողներուն կողմէ, բայց նաեւ` ուրիշներէ, որոնք, ճանչնալով զիս, կը զարմանային, որ կը յամենայի, կը յամենամ մնալ սփիւռքի բնակիչ: Բայց ես ըսի` չկրցայ երթալ, չըսի` չուզեցի՛: Որովհետեւ չուզողներ ալ կան, ու քիչ չէ անոնց թիւը: Սակայն ի վերջոյ ի՞նչ տարբերութիւն, չուզեցի՞, թէ՞ չկրցայ: Արդիւնքը նոյնն է:

Չկրցայ, ինչպէս դո՛ւն չկրցար, դո՛ւք չկրցաք, բոլո՛րդ, բոլո՛րս, որ տակաւին մաս կը կազմենք արտերկրի հայութեան: Իսկ եթէ անոր ալ մաս չէք կազմեր, ապա ձեզի չէ հասցէագրուած այս նամակը:

Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ չգացիք, ինչո՛ւ չգացինք: Ամէն մէկս իր բազմաթիւ պատճառները ունէր եւ ունի: Պատրուակնե՞րը արդեօք: Արդարանալի` ընդհանրապէս: Շատերու համար ընտանեկան կապերն են: Ուրիշներու համար` աշխատանքի կարելիութիւնը կամ կարելիութեան բացակայութիւնը, դեռ առողջական պայմաններ, մտահոգութիւններ եւ այլն:

Գալով հայրենադարձուած սփիւռքահայերէն շատերու` անոնք ընդհանրապէս նիւթական մտահոգութիւններէ զերծ եղան, քանի որ կա՛մ արդէն ապահով էին այդ տեսակէտէն կամ արտասահմանեան կազմակերպութիւններու կողմէ աշխատանք ստացած էին Հայաստանի մէջ. եւ մեծամասնութիւնը պահած են իրենց նախկին քաղաքացիութիւնը…

Բայց անշուշտ անձնական առարկայական թէ ենթակայական նկատողութիւններէն անդին` կան նաեւ մեր երկրի ներկայ իրավիճակին կապուած կաշկանդումներ, գործարար հայրենադարձներու ունեցած դառն փորձառութիւններ, յանձնախումբերու կողմէ անոնց վրայ կատարուած ճնշումներ` կաշառակերութեան նպատակով, տակաւին կաշառակերութեան համատարա՛ծ երեւոյթը նոյնիսկ կրթութեան, առողջապահութեան, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ, քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին մէջ յամեցող ապառողջ երեւոյթները, Արցախի անորոշ կացութիւնը եւ այլն, եւ այլն, որոնք աւելի ծանր կը կշռեն, քան` բոլոր մնացեալ անձնական հարցերը:

Սակայն… սակայն այդ բոլորը ե՛ն նաեւ հայրենահայութեան ամէնօրեայ հարցերն ու մղձաւանջը, եւ հայաստանցիները իրաւունք պիտի ունենան ի վերջոյ մեզի ըսելու, թէ մի՛ սպասէք, որ այդ բոլորը ձեզի համար շտկենք-հարթենք-սրբագրենք, որպէսզի բարեհաճիք վերադառնալ հայրենիք: Եկէ՛ք ու միասին կատարենք այդ ճիգը:

Այդ ճիգը…

Ան կ՛ենթադրէ նոր մտայնութիւն, հաւաքական նոր գիտակցութիւն, ընկերային նոր բարքեր, նոր օրէնքներ ու օրէնքներու կիրարկուիլը, նոր ու երիտասարդ ուժերու հասնիլը ղեկավար դիրքերու եւ դեռ շատ բան, որ հայրենահայութիւնը մեզմէ աւելի լաւ գիտէ ու մեր ցուցմունքներուն կամ խթանումներուն պէտք չունի:

Մենք ու մեր նախորդ սերունդները սփիւռքի մէջ ապրեցան, վերապրեցա՛ն, հայրենիք վերադառնալու յոյսով` մեր պատմութեան ամէնէն դժուար մէկ ժամանակաշրջանին, երբ Մեծ եղեռնէն նոր ճողոպրած հայութիւն էինք, մեր երկիրը խորհրդայնացած էր, նաեւ անցած` Բ. Աշխարհամարտի արհաւիրքէն: Մեր հայրերն ու մեծ հայրերը մեզի ներշնչեցին «Հայաստան ամէն բանէ վեր», «Հայաստան, երկիր դրախտավայր», «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» վսեմ գաղափարները ու մեր մէջ վառ պահեցին Վերադարձի յոյսը, «վարդահեղեղ արշալոյս»-ի հաւատքը:

Ներկայ Հայաստանը, մեզ զանգուածային կերպով ներգրաւելու կարելիութիւններէն տակաւին զուրկ, ատով հանդերձ, աւելի յուսալի վիճակի մը մէջ կը գտնուի քան` անցնող դարուն, եւ դեռ աւելի ու աւելի յուսալի պիտի դառնայ անկասկած, հակառակ անոր որ իր բնակչութեան կարեւոր տոկոսը հետզհետէ կը պակսի` վերոյիշեալ բոլոր ժխտական պատճառներով:

Չկորսնցնենք յոյսը:

Այդ յոյսի փոխանցումը նոր սերունդին` թող ըլլայ մեր գլխաւոր առաքելութիւնը սփիւռքի մէջ, այդ յոյսը պահել կարենալու համար կատարուելիք ճիգը` Հայաստանի մէջ:

Վերանկախացման 25-ամեակը ա՛յդ կ՛ըսէ մեզի:

Այս նամակը, ուրեմն, ուղղուած է անոնց, որոնք դեր մը ունին կատարելիք այս նպատակով…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>