Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Տեսակէտ. «Առաքինութիւն»

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող տարիներուն Սերժ Սարգսեան պարբերաբար էական փոփոխութիւններ յայտարարեց: Չենք կրնար ըսել, որ Սերժ Սարգսեանի օրերուն Հայաստանի իրավիճակը չէ փոխուած, կամ` փոփոխութիւններ չեն եղած: Սակայն ընդհանրապէս հանրութեան եւ քաղաքական ուժերու մէջ փոփոխութիւններէ որոշ ժամանակ մը ետք դժգոհութեան մեծ ալիք մը յառաջացած է: Ընդվզումը նոյնիսկ թափ տուած է ծայրայեղական մտածումներու եւ աքթերու:

Փաստօրէն ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն ետք եւ յուլիսի դէպքերէն ծնած նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարած փոփոխութիւններու ժամը հասած կը թուի:

Սեպտեմբեր 8-ի նախագահի ելոյթէն կրնանք եզրակացնել, որ Սերժ Սարգսեան որոշած է իշխանութեան ամբողջական վերակառուցման, այլ խօսքով` համակարգային փոփոխութեան: Սակայն այդ համակարգային փոփոխութիւնը հանրութեան ակնկալութիւնը պիտի չգոհացնէ, եթէ նախագահի պատկերացումով այդ փոփոխութիւնը տեղի ունենայ իր վստահելիներով միայն:

Մէկ կողմէ նոր շունչ եւ որակ տալու խաբկանքը պիտի տայ, միւս կողմէ, ամէնէն կարեւորը, ժամանակ պիտի շահի:

Միամիտ պէտք է ըլլալ նախընտրական հանգրուանէն առաջ խորքային փոփոխութիւններ ակնկալելը:

Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարական ներկայացնելու ձեւը խորքին մէջ այսօրուան իշխող համակարգին մէջ առանցքային դէմք կը դարձնէ զինք:

2014-ի մուտքը եւ այսօրուան իր հրաժարելու աքթը քայլ մը առջեւ կը տանին զինք եւ ոչ` ետեւ:

Ճշմարտութիւնը այն է, որ ՀՀԿ ղեկավարութեան մէջ հինը մէկ կողմ դնելու եւ նոր թեւի կազմութեան փորձ մը կայ կարծէք:

Ակնյայտ է, որ ճիգ կայ իշխող կուսակցութեան մէջ նոր թեւի մը կազմութեան: Անկուսակցական վարչապետով միայն չ՛ամբողջանար աշխատանքը: Նոյնը կատարուեցաւ Տիգրան Սարգսեանի օրերուն: Շատ լաւ քատր էր, սակայն իրեն ի՞նչ տեսակ նախարարներ հրամցուցին:  Բնականաբար իր ներուժը տկարացաւ, եւ ձախողութեան մատնուեցաւ:

Ընտրութիւններէն 7 ամիս առաջ տեղի ունեցած այսօրուան փոփոխութիւնը կարծէք աւելի երկար ճանապարհի համար գծուած կը թուի: Կարէն Կարապետեանը նոր թեւի եւ նոր որակի մը կազմութեան երաշխիքը կը համարուի:

Սեպտեմբեր 9-ի Սերժ Սարգսեանի ելոյթի մէջ Յովիկ Աբրահամեանին ըսաւ, որ պաշտօնի չկառչելու իր քայլը առաքինութիւն է:

Կը յուսանք, որ այդ առաքինութիւնը վարակիչ կ՛ըլլայ բոլորին համար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>