Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նամակ Մոնրէալէն

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Արձակուրդով Մոնրէալ գտնուելուս օրերուն, օգոստոս 28-ին առիթը ունեցայ ներկայ ըլլալու Մոնրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղին կազմակերպած` «Իրերը կը խօսին» թէյասեղան-երեկոյին, որ տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի փակ մարզադաշտին մէջ, նշմարելի ներկայութեամբ մեծ թիւով երկսեռ երիտասարդութեան:

«Իրերը կը խօսին» երեկոն նպատակ ունէր Ցեղասպանութենէն ազատած, սփիւռքի զանազան գաղութներ գաղթած եւ հետագային Մոնրէալ հաստատուած ազգայիններու ծնողներուն պատկանող իրերու հարուստ հաւաքածոյի մը ցուցադրութիւնը` ներկայացնելու համար Կիլիկիոյ եւ Անատոլուի քաղաքներէն, ինչպէս` Սիս, Տիգրանակերտ, Ատանա, Տարսոն, Այնթապ, Կեսարիա, Արաբկիր, հայ բնակչութեան ընկերային-տնտեսական կեանքը եւ այն հողային, նիւթական, մշակութային հսկայ կորուստը, որ հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր հայրենի բնօրրանէն արմատախիլ ըլլալով:

Ցուցադրութեան դրուած էին` գիրքեր, բառարաններ, աղօթագիրքեր, նամակներ, կալուածաթուղթեր, դրամատնային տոմսեր, կիլիկեան դրամներ, ապահովագրեր, վկայականներ, կնիքներ, լուսանկարներ, հագուստներ, ձեռագործներ, գորգեր, զարդեղէններ, կահ-կարասիներ, խաղալիքներ, նուագարաններ, առտնին առարկաներ, եռագոյն դրօշակ մը` բանուած 1920-ին, ինչպէս նաեւ Մալխասեան ընտանիքի մեծ մօր ՀՅ Դաշնակցութեան անդամատետրը` տրուած Սիս, 1920-ին:

Ցուցադրուած առարկաները կը խօսէին ու կը վկայէին հարուստ մշակոյթի տէր տաղանդաւոր ժողովուրդի մը մասին, որ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ:

Չորս հոգի խօսք առաւ` ներկայացնելու համար իրենց ընտանեկան հաւաքածոներուն մաս կազմող իրերէն իւրաքանչիւրին պատմութիւնն ու գեղարուեստական արժէքը: Խօսողներու կարգին էր նաեւ նախկին լիբանանահայ տոքթ. Ռուբէն Փիլոյեանը, որ խօսքի աւարտին Տարսոնէն բերուած իր մեծ հօր ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Շողեր ջան»-ը:

Այդ պահուն մտքովս 35 տարիներ ետ երթալով` յիշեցի 1979-1980 թուականներուն Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին կազմակերպած տոհմիկ օրերու ձեռնարկները, որոնք ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ կը համախմբէին մշակութասէր բազմութիւն մը:

Ուրֆա, Տարօն-Տուրուբերան, Այնթապ, որոնց ընթացքին տոքթ. Բ. Փափազեան, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Յարութիւն Հալէպլեան եւ ուրիշներ ներկայացուցին այդ բնակավայրերու պատմութիւնը, սովորութիւնները, տօները, ծիսակատարութիւնները, բարբառը, ասացուածքները, առակները, երգերն ու աղօթքները, որոնք տեղ գտած են յիշեալ եւ մեր միւս բոլոր քաղաքներու մասին հրատարակուած պատմագրութիւններուն եւ յիշատակարաններուն մէջ: Յիշեցի նաեւ նոյն մասնաճիւղին կողմէ Ն. Փ. Ճեմարանի կանաչապատ պարտէզին մէջ կազմակերպուած հայկական տարազներու երեկոն: Տարազներու նկարահանուած օրինակները համապատասխան բացատրութիւններով հետագային յատուկ հատորով մը լոյս տեսան Համազգայինի հրատարակութեամբ:

Հալէպէն ետք, Պէյրութը կը հանդիսանայ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի կարեւոր ապաստարաններէն մէկը, ուր կայք հաստատեց հայրենի աւերուած քաղաքներէն տեղահանուած հայութիւնը: Վստահաբար մեր հայրենակիցներէն շատեր իրենց մօտ ունին իրենց ծնողներէն եւ մեծ ծնողներէն իրենց հասած իրերու հաւաքածոներ կամ նմուշներ, որոնց մէկտեղումը եւ արժեւորումը ո՛չ միայն լուսարձակի տակ պիտի առնէ անոնց հնագիտական արժէքը` արուեստներու եւ արհեստներու տեսանկիւնէն` այլեւ անոնց մշակութային, ընկերային, տնտեսական, իրաւական եւ արխիւային կարեւորութիւնը` կարենալ լայնօրէն արժեւորելու հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական մակարդակը Ցեղասպանութեան նախօրեակին:

Հարկ է լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն քով գտնուող այս ազգային հարստութիւնը, ժամանակի ընթացքին կորուստէ փրկելու համար, հաւաքել ու համախմբել մշակութային կեդրոնի մը մէջ, նախընտրաբար` Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, իւրաքանչիւր առարկայի սեփականատիրոջ ընտանեկան անունը նշող յատուկ պիտակով, ո՛չ միայն զանոնք հանրութեան ցուցադրելու համար, այլեւ մասնաւորաբար պատմաբաններուն եւ ընկերաբաններուն տրամադրելու մէկ նոր բնագաւառ` յաւելեալ տեղեկութիւններով հարստացնելու Ցեղասպանութեան վերաբերող իրենց ուսումնասիրութիւնները:

Այս աշխատանքի իրագործման համար լիբանանահայ մշակութային միութիւններու կողմէ յառաջացած միացեալ յանձնախումբ մը, որ պիտի գործէ «Կիլիկիա» թանգարանի աջակցութեամբ, կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ:

Նման աշխատանքի կրնան ձեռնարկել նաեւ սփիւռքի մեր բոլոր գաղութները, եւ ցուցակագրուած իրերը կարելի է զետեղել առցանց թանգարանի մը մէջ, որուն ծրագիրն ու սկզբնական աշխատանքներուն ձեռնարկած է արդէն Մոնրէալի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մարմինը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>