ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Վերջերս Մայքըլ Պըրընպաումի, Ռիչըրտ Լիպովիցի եւ Մարսիա Սաչս Լիթըլի խմբագրութեամբ հրատարակուած` «Յիշելով ապագայի համար. Հայաստան, Օսվենիմ եւ անոնց սահմաններէն դուրս» գիրքը հաւաքածոյ մըն է գիտական զեկոյցներու, որոնք ներկայացուած էին Լոս Անճելըսի Ամերիկեան-հրէական համալսարանին մէջ, 8-11 մարտ 2014-ին տեղի ունեցած համաժողովի ընթացքին:
Փրոֆ. Ռիչըրտ Ռուպինշթէյն իր «Հայոց ցեղասպանութիւնը Իբրեւ ժիհատ» զեկոյցին մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները կը վերագրէ քրիստոնեաներու դէմ իսլամական մոլեռանդութեան: Սա յաճախ թիւրըմբռնուած թեմա է նոյնիսկ հայերու կողմէ, որոնք հպարտութեամբ կը յայտարարեն, որ իրենք առաջին ազգն են, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած են 301 թուականին: Այս թիւրըմբռնման հիման վրայ ստեղծուած է ամբողջ բանահիւսութիւն մը, որ հայերը նահատակուած են իրենց հաւատքին համար եւ կրօնափոխութիւնը մերժելու պատճառով: Հաշուի առնելով ներկայիս հակաիսլամական մոլուցքը Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր` որոշ մարդիկ կ՛ապակողմնորոշուին այս սխալ պնդումներով:
Փրոֆ. Ռուպինշթէյն իր ելոյթը կը սկսի սխալ հիմնաւորումով, երբ կը նկարագրէ զարհուրելի տեսարան մը` Հոլիվուտի մէջ 1919-ին նկարահանուած «Յօշոտուած Հայաստան» համր ժապաւէնէն, ուր կը ցուցադրուի փայտէ խաչերու վրայ գամուած քանի մը մերկ հայ կիներ: Համարելով, որ «թուրքերը» մտադիր էին նման սարսափելի տեսարաններով որոշակի հակահայկական եւ հակաքրիստոնէական ուղերձ յղել, փրոֆ. Ռուպինշթէյն սխալմամբ կը պնդէ, որ այդ ժապաւէնը «չէր կրնար նկարահանուիլ առանց թրքական իշխանութիւններու ներգրաւման եւ համաձայնութեան»:
Փրոֆ. Ռուպինշթէյն Հայոց ցեղասպանութեան կրօնական շարժառիթի իր ենթադրութիւնները կը հիմնաւորէ այն հանգամանքով, որ` «Օսմանեան կայսրութիւնը կը կառավարուէր իբրեւ կրօնապետական (թէոկրատական) պետութիւն, որուն գլուխը կանգնած էր սուլթանը` միաժամանակ իբրեւ պետութեան եւ սիւննի մահմետականներու ղեկավար` խալիֆա, իբրեւ այդպիսին` Մարգարէի իրաւայաջորդ եւ իսլամութեան բարձրագոյն պաշտպան»:
Փրոֆեսէօրը կը պնդէ Հայոց ցեղասպանութեան կրօնական պատճառական գործօնին վրայ` նոյնիսկ յայտնի ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանէն մէջբերում ընելէ ետք, այդպիսով հակասելով ինքնիրեն: Ըստ Տատրեանի, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կամ Իթթիհատ կոմիտէի անդամները, որոնք իշխանութեան եկան 1908-ին եւ կազմակերպեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, չեն եղած «իսլամութեան սկզբունքներու» հետեւորդներ… Մինչ Իթթիհատը կը շարունակէր պետութիւնը ղեկավարել հիմնականին մէջ իբրեւ կրօնապետութիւն, անոր առաջնորդները անձամբ աթէիստներ եւ ակնոսթիքներ էին: Դժուար է հաւատալ, որ բարեպաշտ մահմետականը կրնար սպաննել ոեւէ մարդ արարած` չխօսելով արդէն միլիոնաւոր մարդոց մասին…
Դոկտ. Ռուպինշթէյն կ՛ընդգծէ իսլամութեան գլխաւոր դերը թուրքերու կողմէ հայերու զանգուածային ջարդերու մէջ, թէեւ ան կ՛ընդունի, որ «[Ռանըլտ] Սունի եւ այլ մասնագէտներ պնդած են, որ արիւնահեղ միատարրութեան հիմնական դրդապատճառը եղած է ազգայնականութիւնը, եւ կասկած չկայ, որ մեծ դեր խաղցած է արմատական ազգայնականութիւնը»: Ռուպինշթէյն կ՛անտեսէ փանթրքական ազգայնականութեան հարցը` պնդելով, որ` էթնիկ զտումներու ծրագիրներու համար ամէնէն կարեւոր շարժառիթը եղած է կրօնական եւ, յատկապէս, իսլամութեան որոշ հայեցակէտերու անփոփոխ բնութեան պատճառով»:
Ցոյց տալու համար, որ թուրք ղեկավարներու նախագիծերուն մէջ հիմնական որոշիչ գործօնը եղած է կրօնը, փրոֆ. Ռուպինշթէյն կ՛ըսէ. «2 նոյեմբեր 1914-ին Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմ յայտարարեց Անթանթի երկիրներուն` Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ անոնց դաշնակիցներուն դէմ: 13 նոյեմբերին օսմանեան սուլթանը, իբրեւ խալիֆա, հանդէս եկաւ ժիհատի կոչով: Յաջորդ օրը Մուսթաֆա Հայրի պէյը, շէյխ իսլամը` օսմանեան աշխարհի մէջ իբրեւ սիւննի կրօնական իշխանութեան առաջնորդը, պաշտօնական (եւ հրահրիչ) ժիհատ յայտարարեց «ընդդէմ անհաւատներու եւ իսլամութեան թշնամիներու»: Ժիհատի գրքոյկները արաբերէնով բաժնուեցան նաեւ ամբողջ իսլամական աշխարհի մզկիթներուն մէջ, գրքոյկները կը բովանդակէին գործողութիւններու մանրամասն ծրագիր` «անհաւատներու» սպանութեան եւ բնաջնջման մասին, բացառութեամբ Գերմանիոյ` պատերազմի ժամանակ կայսրութեան դաշնակիցի քաղաքացիներու: Մահուան ջոկատները եւ անոնց ղեկավարները «ոգեւորուած էին ժիհատի գաղափարախօսութեամբ եւ եւրոպական ազգայնականութեան ազդեցութիւնը կրող փանթուրքիզմով»: Թէեւ ժիհատի գործնական ազդեցութիւնը զանգուածներու վրայ սահմանափակ էր, սակայն` «անիկա աւելի ուշ դիւրացուց հայ ժողովուրդին դէմ կառավարութեան իրականացուցած ցեղասպանութեան ծրագիրը»:
Փրոֆ. Ռուպինշթէյն չ՛ըմբռներ այն տեսակէտը, որ կրօնական մոլուցքը աւելի շատ կը շահարկուէր մոլեռանդ թուրք խուժանին կիրքերը բորբոքելու համար` զանոնք հրահրելով հայերու դէմ, քան կը հանդիսանար Հայոց ցեղասպանութեան պատճառ:
Կրօնի փոխարէն` հայերու ոչնչացման առաջնային դրդապատճառը եղած է անոնց վերացումը` իբրեւ թրքացման դէմ արգելակ եւ խոչընդոտ թուրք ղեկավարներու մեծ ծրագրին` մինչեւ Կեդրոնական Ասիա հասնող փանթուրանական կայսրութեան հաստատման: Թէեւ, մահմետական ըլլալով հանդերձ, նաեւ բազմաթիւ քիւրտեր սպաննուած են միայն այն պարզ պատճառով, որ անոնք թուրք չէին…
Քրիստոնեայ հայերը երբեք խնդիր չեն ունեցած բարեպաշտ մահմետականներու եւ անոնց դաւանանքին հետ: Ի դէպ, Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ վերապրածներ ապաստան գտած են մահմետականներու մօտ` Եգիպտոսի, Իրանի, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Սուրիոյ մէջ: Հայերը լաւ կը յիշեն Մեքքէի Շէրիֆ Հուսէյն Իպն Ալին, որ 1917-ին հրաման արձակեց, պարտաւորութեան տակ դնելով մահմետականները, պաշտպանելու ցեղասպանութենէ վերապրած հայերը այնպէս, ինչպէս կը պաշտպանեն իրենց սեփական ընտանիքները:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ երիտթուրքերու կողմէ հայերու բնաջնջման ծրագիրի շարժառիթը աւելի շատ ոչ թէ փանիսլամական մոլուցքն էր, այլ` փանթրքական մոլեռանդ ազգայնականութիւնը…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ