Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17570

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Մարտակերտի Գրաւումը Եւ Շրջանի Բնակչութեան Բռնագաղթը

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

4_90716

Մարտակերտի շրջանին մէջ 1992-ի յունիսի կէսերուն սաստիկ մարտեր կը մղուէին: Շահումեանի անկումէն ետք ազերի ուժերը կը շարունակէին յառաջխաղացքը եւ Արցախի կացութիւնը կը նկատուէր ճակատագրական: Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը թէեւ ազերիներուն համապատասխան զէնքեր եւ սպառազինութիւն չունէին, սակայն խիզախօրէն կը դիմադրէին յառաջացող ուժերուն:

Միւս կողմէ, Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջանի գաղթականները կ՛ուղղուէին դէպի Ստեփանակերտ:

Ազերիները հրասայլերով եւ զրահապատներով մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Ասկերանի շրջանի Քարագլուխ գիւղին վրայ: Քարագլուխ ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող շրջան է եւ եթէ ազերիները անոր տիրանային, կրնային ռմբակոծել Մարտակերտը, Ասկերանն ու Ստեփանակերտը: Հայ ազատամարտիկները ետ մղեցին յարձակումը, տալով վեց նահատակ: Թշնամին ունեցաւ մարդկային մեծ կորուստներ եւ զինական վնասներ:

Դէպի Մարտակերտ եւ Ասկերան զոյգ յարձակողականները ոչ միայն ետ մղուեցան, այլ նաեւ հայ ազատամարտիկները ազերիական գիծերու ետին անցան ֆետայական լայնածիր գործողութիւններու:

Միւս կողմէ, հայկական ուժերը «կրատ» տիպի հրթիռներով ամրացուցին Լաչինի անցքին պաշտպանութեան միջոցները: Լաչինի ճամբուն մօտ, երկու կողմերն ալ սկսած էին ուժ կեդրոնացնել:

Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի մէջ, սկսած էր ծանրանալ Շահումեանի եւ Մարտակերտի գիւղերէն գաղթական դարձած հայերու առօրեայ տագնապը: Երեւանէն ինքնաշարժներով անմիջական օժանդակութիւններ կը փոխադրուէին Ստեփանակերտ: Գաղթականներէն մաս մը բնակեցուեցաւ Շուշիի մէջ:

images_90716

Ստեփանակերտ յարմարութիւններ չունէր շուրջ 25 հազար գաղթականները պահելու, որովհետեւ քաղաքի բնակիչները իրենք կ՛ապրէին ալիւրի իրենց ամսական բաժնեչափով եւ բնակարաններու մէջ, որոնք քանդուած ու աւերուած էին ամիսներ տեւած ազերիական ռմբակոծումներու հետեւանքով:

Յաջորդող օրերուն հայկական ուժերը Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ վերագրաւեցին կարգ մը գիւղեր:

***

Ազերիական նախայարձակ ուժերը կիրակի, 5 յուլիս 1992-ին գրաւեցին Մարտակերտն ու անոր մօտակայ քանի մը գիւղեր:

Շահումեանի վրայ ազերիական յարձակումին առաջին օրերէն սկսեալ Մարտակերտ կը հանդիսանար ազերիական արշաւանքին գլխաւոր թիրախներէն մէկը:

Մարտակերտի պաշտպան ուժերը ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերեցին եւ նախընտրեցին քաղաքը պաշտպանել, քան թէ փախուստ տալ:

Ազերիական ուժերը յուլիս 4-ի ուշ գիշերին արդէն մտած էին Մարտակերտ, բայց քանի մը ժամուան ուժեղ դիմադրութեան հանդիպելէ եւ հայերու պաշտպանութեան դիրքերը քանդելէ ետք գրաւեցին քաղաքը:

Մարտակերտի 25 հազար բնակիչները բռնեցին խուճապային գաղթի ճամբան: Քաղաքի գրաւման ժամերուն ինկան բազմատասնեակ զոհեր:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Արցախի վրայ ազերիական արշաւանքը կը շարունակուի անսանձ կերպով, այն պահուն, երբ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութիւնն ու Ե. Ա. Գ. խորհրդաժողովը գերաստիճաններու կը պատրաստուէին, նաեւ Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու օրակարգով, իսկ Հռոմի մէջ, եւրոպական նախաձեռնութիւնը բացարձակապէս լռութեան մատնուած էր:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ խաղաղարար ճիգերու խոստումներով արցախցիներուն որոշ պայմաններ պարտադրել ուզողները իրենց աչքերն ու ականջները փակ կը պահեն Արցախի խողխողումին դիմաց:

images-(1)_90716

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով. միջազգային ո՞ր օրէնքը կամ ի՞նչ տրամադրութիւն կ՛արտօնէ Պաքուի զինուորական այս արշաւանքը, տակաւին միջազգայնօրէն իբրեւ ինքնավար մարզ մը ճանչցուած գօտիի մը դէմ, մինչեւ իսկ եթէ պահ մը նկատի ունենանք Պաքուի այն տեսակէտը, թէ Լեռնային Ղարաբաղը իր գերիշխանութեան ենթակայ մարզ է…

***

Շահումեանի վրայ ծայր տուած ազերիական լայնածիր արշաւանքը, որ անցած էր Արցախի հիւսիսային գօտիէն ներս, իրագործած էր իր հետապնդած առաջին նպատակը. Մարտակերտէն Հաթերք տարածուող գօտին` հիւսիսային Արցախը անցած էր ազերիներու իշխանութեան տակ, իսկ ազերի բանակները կը շարունակէին դէպի հարաւ տարածուելու ճնշումը:

Ազրպէյճանի նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյ ստիպողական վիճակի դրութիւն հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հիւսիսային շրջանի տարածքին, զոր գրաւած էր հայերէն: Մարտակերտի մէջ հաստատուած էր կրակմարի դրութիւն եւ շրջան մուտքը սեղմումներու ենթարկուած էր:

Ազերիական ուժերը գրաւած էին Թարթառ գետի ձախ ափը, ինչպէս նաեւ Հաթերքէն Մարտակերտ երկարող մայր ճամբուն հիւսիսային գօտին: Գրաւուած շրջանին մէջ կ՛իյնային Չափարը, Զարդախաչը, Գետաւանը, Ումուդլուն, Զագլիկը, Մաղաւուզը եւ Մինգրեսկը, որոնց բնակիչներուն ընդհանուր թիւը կը հասնէր 15 հազարի: Այդ շրջանի բնակիչները բռնի կերպով գաղթի հանուած էին կամ ջարդուած: Գաղթականներէն մաս մը Ստեփանակերտ հասած էր: Հայկական ինքնապաշտպանութեան քանի մը գունդեր մնացած էին գրաւուած գօտիին մէջ եւ ֆետայական կռիւներով կ՛աշխատէին դանդաղեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը:

Հայկական պաշտպանութեան ուժերու գիծը կ՛երկարէր Վաղուհասէն Կճողուտ, Ներքին Հոռաթաղ, Դրմբոն եւ Կուսապատ: Ազերիները կը փորձէին խորտակել այդ գիծը եւ շարժիլ դէպի հարաւ: Անոնք կ՛օգտագործէին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութենէն ձեռք բերուած հրասայլեր, օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ: Միւս կողմէ, հանգստեան կոչուած թուրք տասնեակ մը բարձրաստիճան զինուորականներ Ազրպէյճան կը գտնուէին, ղեկավարելու համար Ազրպէյճանի բանակն ու զինուորական մեքենան: Այդ սպաներէն մէկը նշանակուած էր նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյի խորհրդական: Նաեւ, թրքական լաւապէս մարզուած քոմանտոներ կը ծառայէին ազրպէյճանական բանակին մէջ:

Ստեղծուած կացութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց որ տէր կանգնի իր ճշդած սկզբունքներուն յարգումին եւ դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ արցախեան շրջաններուն վրայ յարձակումն ու բնակչութեան կոտորածը: Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէր որ ազերիական գրաւող ուժերը ցեղասպանական արարքներ գործած են:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ամենայն հաւատարմութեամբ կը շարունակէ բերանացի խաղաղութեան եւ գործնապէս ռազմապաշտութեան իր քաղաքականութիւնը:

***

images5_90716

Հայկական ուժերը յուլիս 11-ին եւ 12-ին մեծ յարձակումներ գործեցին Մարտակերտի գրաւուած շրջանին վրայ եւ ձեռնարկեցին հայկական գիւղերու ազատագրումի պայքարին:

Հայկական ուժերու հակահարուածին առաջին արդիւնքը եղաւ Մարտակերտի շրջանի արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան գօտիին ազատագրումը: Այդ գօտին կ՛ընդգրկէր Կուսապատ – Մեհմանա – Մանիքլու – Ջանեաթաղ – Գիւլաթաղ գիծը: Հայ ազատամարտիկները յառաջխաղացք արձանագրեցին նաեւ Կուսապատ – Դրմբոն գօտիին մէջ եւ գրաւեցին կարգ մը դիրքեր:

Դանդաղօրէն շարժելով դէպի հիւսիս, հայ ազատամարտիկները Հաթերքի շրջանին մէջ անցան Թարթառ գետը եւ ազատագրեցին Չափար գիւղը, որ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող շրջան մըն է: Անոնք յառաջացան դէպի Սարսանգի ջրամբարը, որուն ազերիներու կողմէ գրաւումը ապրուստի առօրեայ հարցեր ստեղծած էր: Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը ազատագրեցին ջրամբարը, սակայն ազերիները վնասներ հասցուցած էին անոր կից գտնուող ելեկտրակայանին:

Արցախի պաշտպան հայ ազատամարտիկները յուլիս 19-ին լայնածիր յարձակումի անցան Հաթերք-Մարտակերտ մայր ճամբէն հիւսիս գտնուող բռնագրաւուած շրջաններուն դէմ եւ քանի մը ժամուան մէջ ազատագրեցին Հաթերքը, Ումուդլուն, Մեծ Շէնը եւ Մոխրաթաղը:

Շարունակելով արձանագրուած նուաճումներուն ընթացքը, Արցախի պաշտպան ուժերը յաջորդող օրերուն ազատագրեցին Դամրլու, Մաղաւուզ եւ Զագլիկ գիւղերը:

***

«Ազդակ», 25 յուլիս 1992-ի թիւով եւ «Արցախեան մարտերը Խանասորեան սխրանքով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ այսօր, երբ հայ ժողովուրդը կտրած է ցեղասպանութեան ու համայնավարութեան տիրապետութեան դառն փուլերը, 25 յուլիսի իմաստն ու պատգամը վերանորոգ դիմագիծով կը վերականգնի Արցախի մէջ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ արցախեան պահանջատիրութիւնը արտայայտութիւնն է ամբողջ հայութեան` արցախցիին, հայաստանցի եւ արտերկրացի հայուն: Եւ ինչպէս Խանասորի, նոյնպէս ալ այսօր, Արցախի մէջ, միացեալ բռունցք կազմելու եւ թշնամիին խանասորեան պատգամներ տալու ժամը հնչած է:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ օսմանցի Թուրքիոյ ժառանգորդ լայիք Թուրքիան այսօր իր ցեղակից ազերիները արձակած է հայկական միջնաբերդ Արցախի դէմ, սարքուած են Սումկայիթ եւ Պաքու, սակայն հայ ֆետային, անհաւասար կռիւի դաշտ նետուելով, գործնապէս արձագանգ կ՛ըլլայ Վարդաններու եւ Դումաններու սխրանքին: Արցախի մէջ, հայ ֆետային կը կռուի ասպետական ոգիով, որ իրեն աւանդ փոխանցուած է խանասորներէն, եւ այդ դիմագիծը պիտի չեղծուի, հակառակ Խոջալուի եւ Շուշիի ճակատամարտերուն առիթով հրապարակ նետուած թուրք-ազերիական զրպարտութիւններուն:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Խանասորը կրնայ ոչինչ ըսել միջազգային պատմութիւնը արձանագրող պատմագէտին, սակայն անյեղլի վճիռ ու անժամանցելի պատգամ է անիկա, ուղղուած` հայ ֆետայիին ու անոր դիմաց կանգնած թշնամիին, հաւասարապէս:

***

«Ազդակ», 27 յուլիս 1992-ի թիւով եւ «Ամէն օր նոր 27 յուլիս մը Արցախի մէջ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ իրաւազրկուած եւ ահաւոր հալածանքներու ենթակայ մեր ժողովուրդը ծնունդ տուած էր ընտրանիներու փաղանգի մը, որ իր սխրանքով եւ հերոսական արարքներով` իր արեան գոյնով մեր պատմութեան մէջ կ՛արձանագրէր վսեմ ու վեհ գաղափար մը, սեղմուած` հայ ֆետայի բառերուն մէջ:

hqdefault_90716

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ երբ հայ ֆետայիներ կ՛արժանանային մեր ժողովուրդի յարգանքին ու պաշտամունքի հասնող սիրոյն, ատիկա արդիւնք չէր միայն հերոսներու հանդէպ երկիւղածութիւն ու սէր ունենալու ժողովուրդին զգացումին, այլ անիկա արդիւնք էր ֆետայիներու այդ փաղանգին ու մեր ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունեցող ճակատագրականութեան եւ իրաւատիրութեան զգացումին: Ժողովուրդը իր իղձերուն ու արդար պահանջներուն մարմնաւորումը կը տեսնէր հայ ֆետայիին արարքներուն մէջ, հետեւաբար, ֆետային ու ժողովուրդը կը նոյնանային եւ կը միաձուլուէին հասարակաց պայքարի քուրային մէջ:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ հայ ֆետային միայն անցեալի պատմութեան չի պատկանիր, ան այսօր եւս ներկայ է մեր ժողովուրդի կեանքին հոգիներուն մէջ եւ պատրաստ` դուրս ժայթքելու իբրեւ անմեռ փիւնիկ, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը պատճառ ունի իր արդար պահանջատիրութիւնը յիշեցնելու ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս իրաւազրկող թուրք պետութեան:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ Լիզպոն գացած հինգ հայ դիւցազուններուն ոգիով վարակուած` խումբ-խումբ նոր ֆետայիներ կը նետուին անհաւասար կռիւի մէջ, իրենց կեանքերով ու արիւնով ստորագրելու հայկական պահանջատիրութեան նորագոյն էջերը: Անոնք աշխարհին կը յիշեցնեն, որ հոն` Արցախի մէջ, հայկական հողի մը վրայ, կայ իրաւազրկուած եւ անտեսուած ժողովուրդ մը, որ իրաւունք եւ արդար հատուցում կը պահանջէ Թուրքիոյ գործակից ազերի թուրքէն: Մերօրեայ հայ ֆետայիները պերճախօս ապացոյցները կու տան, թէ սեփական կեանքէն աւելի թանկագին բաներ կան եւ անոնք կը կոչուին հայրենիք, հայրենի հող ու ժողովուրդի մը հաւաքական ու անտեսուած իրաւունքները:

***

Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը 1992 յուլիսի վերջաւորութեան ազատագրեցին Արցախի հիւսիսային շրջանի քանի մը գիւղեր, այդպիսով իրենց հակակշիռին տակ առնելով Մարտակերտի շրջանի տարածքին երեք քառորդը:

Հայկական ուժերուն կամովին անձնատուր եղան ազրպէյճանական բանակին մէջ ծառայող թալիշներ եւ այլ փոքրամասնութիւններու պատկանող զինուորներ, որոնք յայտնեցին որ ազերիները զիրենք կը գործածեն կրակի գիծերուն վրայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>