Սեբաստիոյ հայկական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է, կը գրէ «Հայթերթ»-ը: Արդարեւ, ներկայ Թուրքիոյ Սվազի շրջանին մէջ (պատմական Սեբաստիա), «Նուրի Տեմիրտաղ» օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող հայկական հին եկեղեցին մատնուած է լքումի եւ ամէն անցնող տարուան հետ աւելիով կը քանդուի անիկա:
Համայնքը քանի մը անգամ ահազանգած է, որ եկեղեցին ունի նորոգման կարիք, այլապէս պիտի ոչնչանայ:
Նահանգապետարանը նախաձեռնած է քանի մը ծրագիրներու, որոնց շնորհիւ` աւելի շատ զբօսաշրջիկներ այցելած են եկեղեցին, սակայն եկեղեցւոյ նորոգման հարցով որեւէ գործնական քայլ չէ առնուած:
Ամէն տարի, Սուրբ Աստուածածնայ տօնին, այնտեղ կը հաւաքուին Թուրքիոյ տարբեր շրջաններ բնակող սեբաստացի հայերու թոռները: Եկեղեցւոյ հայկական անուանումը չէ պահպանուած, սակայն յայտնի է, որ անիկա կառուցուած է 11-13 դարերուն: