«Ա. Օ.»
Սիրոս կղզիի իրենց հանգստավայրէն վաղը Աթէնք կը վերադառնան Արցախէն հիւրաբար Յունաստան այցի եկած 23 հայ տղաքն ու աղջիկները:
Արդէն աւելի քան քսանամեայ աւանդութիւն է, որ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարութիւններու կազմակերպութեամբ, ամէն ամառ Յունաստան կը հրաւիրուին եւ Սիրոս կղզիի կողմէ կը հիւրընկալուին արցախեան հերոսամարտին զոհուած հայոց ազատամարտիկներուն երեխաները:
Այս տարուան մեր փոքրիկ հիւրերուն պարագային յատկապէս յուզիչ է այն իրողութիւնը, որ անոնք զաւակներն ու անմիջական հարազատներն են հայկական բանակի այն քաջարի հերոսներուն, որոնք ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի օրերուն զոհ գացին ազրպէյճանական զօրքի նախայարձակման գրոհին ու թշնամական անարգ ոճիրներուն:
Աթէնքի հայութիւնը այս շաբաթավերջի օրերուն առիթը պիտի ունենայ մօտէն ծանօթանալու Արցախի փոքրիկներուն Ֆիքսի, Քարէայի եւ Քոքինիոյ մէջ, շաբաթ օրէն սկսեալ:
Անշուշտ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ Սիրոսի քաղաքապետութիւնն ու Աթէնքի «Խածիքիրիաքոս» կազմակերպութիւնը իրենց անփոխարինելի ներդրումը ունին Արցախի փոքրիկներու ամէնամեայ այցելութեան այս աւանդութիւնը իրականացնելու, նման բազմածախս եւ աշխատատար արձակուրդ մը հնարաւոր դարձնելու լուրջ յանձնառութեանց տակ մտնելու առումով:
Նոյնպէս կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ Արցախի փոքրիկներուն Յունաստան այցը եւ արձակուրդը տարուէ տարի աւելիով կ՛ամրապնդեն ոգեղէն կամրջումը ոչ միայն Յունաստանի եւ Արցախի բարեսիրտ մարդոց ու հոգատար կազմակերպութեանց միջեւ, այլեւ ու մանաւանդ` հայոց ազգային միասնութիւնը արմատաւորելու առումով, յունահայութեան եւ արցախահայութեան միջեւ` աւելիով շօշափելի դարձնելով հոգեհարազատութիւնը:
Վարձքը կատա՛ր ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ բոլոր այն կամաւորներուն` այս հայանուէր ու հայրենանուէր նախաձեռնութեան իրենց ժամանակն ու հոգատարութիւնը անհատոյց նուիրաբերող բոլոր պատասխանատուներուն:
Յունահայութիւնը հպարտ է եւ ամենայն սրտով զօրավիգ` Արցախի փոքրիկներուն նման հիւրընկալութեամբ հոգատար կանգնելու այս նախաձեռնութեան:
Ազգովին այնքա՜ն պարտք ենք մեր հայրենիքին արեւելեան դարպասը պահպանող արցախահայութեան, յատկապէս` 1988-էն ասդին յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի ազատագրութեան իրենց գերագոյնը` կեա՛նքը անսակարկ զոհաբերած ազատամարտիկներուն:
Անոնց որբացած զաւակները արժանաւորապէս ազգի՛ն ու հայրենիքի՛ն զաւակներն են:
Այդ մեծ պարտքին ազգովին տէր կանգնելու յունահայոց պատրաստակամութեան հաւաստիքը կը վերանորոգուի ամէն ամառ` Արցախի փոքրիկները Յունաստանի հողին վրայ հիւրասիրելով:
Ապրի՜ն Արցախի փոքրիկները: