Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ձուկը Գլուխէն Կը Փտի

$
0
0

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱՔԵԱՆ

Կ՛ըսեն, թէ փտածութիւնը  պոռնկութենէն վատ է: Վերջինը թէկուզ կը վտանգէ անձի մը բարոյականը, սակայն առաջինը հաստատօրէն կը վտանգէ  զանգուածի մը առաքինութիւնը:

Ի՞նչ է փտածութիւնը եւ ինչպէ՞ս կը սկսի:

Կեանքի յոռի ընթացքը կը սկսի մանկութենէն, երբ երեխան ննջելու ժամուան վերաբերող իր մօր թելադրանքը կ՛արհամարհէ` հօրմէն ուրիշ թելադրանք մը ապահովելու «սրամիտ» քաղաքականութիւն վարելով:

Փտածութիւնը, պարզ սահմանումով, վատ արարքի մը գործադրութիւնն է, նեխածութեան ընթացքն է, ուղղամտութեան, արդարադատութեան, անկեղծութեան ու մաքրութեան ապականումն է:

Այս ոճիրին դերակատար մեղսակիցը յաճախ մեր անտարբերութիւնն է: Դժգոհ ենք, սակայն ձեռնածալ` աւելի լաւն ու առողջը կը փափաքինք, սակայն ոչ մէկ ձեւով այդ ուղղութեամբ կը կողմնորոշուինք. վատ ինքնութիւնը հաստատելու դժուարութիւն չունինք, սակայն կը սարսափինք զայն մատնանշելէ եւ դրժելէ:

Վերոնշեալէն աւելի մտահոգիչը այն է, որ կ՛արդարացնենք փտածութիւնը` յարաբերական դարձնելով ճշմարտութիւնը, չափանիշ առնելով անցեալի կամ ուրիշի կեղտերը: Դառն է այն իրողութիւնը, որ կ՛ընդունինք  արարքի մը կրկնութիւնը, միայն քանի որ սովորութիւն դարձած է ատիկա կամ միշտ այդպէս եղած է:

Խայտառակ է այն կացութիւնը, ուր լուռ կը մնանք ու կ՛ընտրենք անմիտ ըլլալ անպատկառի ու անբանի, անհեթեթի ու անհնարի, ամբարտաւան փտածի չարագործութիւններու դիմաց` յետին նպատակ ունենալով մեր անձնական շահերը:

Կը սարսափինք սեղանին շուրջ չըլլալու այն օրը, երբ ճաշ պիտի հրամցուի: Կը սարսափինք կամուրջներ այրելու գաղափարէն, այն օրը, երբ անձրեւ պիտի տեղայ:

Կը սարսափինք թրջուելէ, սակայն ձեռք կ՛երկարենք անոր, որուն տակը արդէն թաց է:

Եւ այսպիսով մենք եւս կը դառնանք մեղսակիցներ ու կը սկսինք խմել այն ճահիճներէն, որոնց կղկղանքին համը մեզ զուլալ կը սկսի թուիլ:

«Ես»-երու առաջնահերթութիւնը մեզ կը հասցնէ փտածութեան, ուժի եւ իշխանութեան մեր անձնական  ձգտումը, մեր անձնական օգուտի եւ նպաստի առաջնահերթութիւնն է, որ կը նեխէ մեր դատողութիւնը:

Բացառիկ առաքինութեան երթը դժուար է ու բարդ, սակայն անոր ձգտումը` սքանչելիօրէն առողջ: Իսկ փտածութեան դէմ պայքարիլը ո՛չ միայն դժուար է, այլ նաեւ` վտանգաւոր:

Կորուստի հաւանկանութիւնն ալ խորքին մէջ շատ է այն պարզ սովորութեամբ, որ կը միացնէ բոլոր փտածները եւ անոնց դիրքորոշումը ու կը լարէ այն իրաւացիին դէմ, որ «կը փորձուի» մերժողական կեցուածք որդեգրելու յանդգնութիւնը ունենալ:

Փտածութեան դէմ պայքարիլը ո՛չ միայն առաքինութիւն է, այլ նաեւ ըմբոստ արարք է ճշմարտութեան, առողջ նկարագիրի, արդարադատութեան, արժանավայել կեանքի եւ խաղաղ խիղճի կենցաղ` մարդկութեան սիրոյն:

Իսկ անոնք կը միանան, որովհետեւ հակառակ պարագային անոնց կորուստը հսկայական է,     ընդհանրապէս` «սթաթիւս», պաշտօն կամ ապրուստ:

Անոնք կը միանան ստորադասութեան բարդոյթներով:

Անոնք կը միանան փտածութեան օրինագիրքին շուրջ:

Անոնք կը միանան, որովհետեւ անոնց ժանգոտած շղթան զանոնք իրարու կը  միացնէ, եւ փուլ կու գան բոլորը միասին երբ անոնց հոգաբարձուն տապալի: Հետեւաբար, բոլորը միասին, կը հաւաքուին նորի մը ետին, եւ միասնաբար կրկին անոնք «կ՛ելլեն շալակն աշխարհին»:

Երբ կ՛ըսեն, թէ ձուկը գլուխէն նախ կը փտի… ահաւասիկ ինչո՛ւ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>