ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Ոսկէ Ծիրան»-ի 13-րդ փառատօնը նուիրուած էր Հայաստանի անկախության 25-ամեակին: Այսուհանդերձ բացման հանդիսութիւնը չունեցաւ միջազգային, առաւել եւս յոբելիանական փառատօնին յարիր հմայք: Բացակայ էր պատուոյ հիւրը` Ժաքլին Պիսէ (1944-): Ներկաները հապճեպ քայլերով մուտք գործեցին «Կինօ Մոսկուա»: Հանդիսութեան նախորդած էր ծիրան օրհնէքի այլեւս աւանդութիւն դարձած ծէսը Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (1): Հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան լրագրողներուն յայտնած էր, թէ կազմակերպիչներ նախընտրած են նիւթական սուղ միջոցները չվատնել երեւոյթներու վրայ: Կատարած էր նաեւ հետեւեալ ուշագրաւ յայտարարութիւնը.- «Կինեմատոգրաֆն (շարժապատկերագրութիւն) արդի առասպելի ստեղծողն է:… Հարկ չկայ նշելու, թէ ժամանակակից աշխարհում որքան կարեւոր է ունենալ ազգային կինեմատոգրաֆի կայացած դպրոց` նաեւ որպէս զանգուածային հաղորդակցութեան հզօրագոյն գործիք, որը միաժամանակ ծառայում է ազգային ինքնութեան պահպանմանն ու ազգային շահերի յառաջխաղացմանը»:
Գլխաւոր, արտամրցոյթային, եւ կողմնակի ծրագիրները հասանելի են համացանցի վրայ (2): Ներկայացուած են շուրջ 9 հարիւր յայտ): Դատական կազմը նկատի ունեցած է 135 համեմատաբար որակաւոր ժապաւէններ: Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ միայն «Հայկական Համայնապատկեր»-ի մրցանակակիր ժապաւէններուն, ինչպէս եւ քրտական բներգով երկու ժապաւէններու: Դուրսէն դիտուած կարելի է ենթադրել, որ անոնք առաջին դիրքի վրայ զետեղուած են քաղաքական պատճառներով:
Միջնարար Ա. Զարէ (Zerê).- 1926, 35մմ, 69 վ.
Բացման արարողութենէն ետք ցուցադրուեցաւ հայկական շարժապատկերի ռահվիրայ Համօ Բեկնազարեանի (Ամբարձում Իվանովիչ Բեկնազարով, 1891-1965 Մոսկուա) (3) «Զարէ»-ն, ընկերակցութեամբ Վահագն Հայրապետեանի նուագախումբին: Ի դէպ, համր ժապաւէնի երաժշտութիւնը (sound track) 1970-ին յօրինած է Սպենդիարեանը:
Բեկնազարեան եղած է արհեստավարժ մարմնամարզիկ: 1914-ին սկսած է դերեր վերցնել ռուսական ժապաւէններու մէջ: 1918-ին աւարտած է Մոսկուայի «Առեւտրական հիմնարկ»-ը: Բեմադրութեան սկսած է Վրաստանի մէջ: 1924-ին եկած է Երեւան եւ հիմնած «Արմէնկինօ»-ն (Հայֆիլմ) Առաջին արտադրութիւնն էր, ինչպէս ծանօթ է, «Նամուս»-ը (1925 , 62վ.) որ նկարահանուած էր … Ազրպէյճանի մէջ:
Բեկնազարեանի հիմնական բներգներէն մէկն էր յառաջացնել ժողովուրդներու բարեկամութիւն: Շատ գործօն դեր ունեցած է վրացական եւ ազրպէճանական շարժապատկերներու հիմնադրման եւ զարգացման մէջ: Ամուսնացած էր վրացուհի Սոֆիա Վոլխովսկայայի հետ: Զարէի տիպարը մարմնաւորած է վրացի վաղամեռիկ գեղեցկուհի Մարիա Թենազի: Կարէն Քալանթար կը տեղեկացնէ, թէ Բեկնազարեան գրեթէ ոչինչ գիտէր եզիտի քիւրտերու մասին (3), թէ ան մեծ ջանասիրութեամբ պրպտած է հասանելի բոլոր աղբիւրները: Այս մասին` աւելի ուշ:
Քաղաքական խորապատկեր.- Բեմագիրը կը պատկանի Լազոյի (Յակոբ Ղազարեան , 1869 Պայազիտ – 1926 Թիֆլիս): Լազօ 1921-ին պատրաստած էր հայերէն տառերու վրայ հիմնուած «Շամս» (Արեւ) այբբենարանը, որ քրտական դպրոցներու մէջ գործուած է մինչեւ 1928: Արեւու սկաւառակը կը տեսնուի քրտական հին եւ նոր դրօշներու վրայ: Լազօ տարած է քրտական մշակութային լայն գործունէութիւն:
Դէպքերը կ’ընթանան Լաչինի մէջ, որ եղած է քրտաբնակ շրջան: Այստեղ հարկ է պահ մը կանգ առնել: 1921 թուականէն սկսեալ սկսած էր շրջագայութեան մտնել վեց շրջաններէ կազմուած «Կարմիր Քիւրտիստան»-ի մը ծրագիրը: Գաւառի կեդրոնը պիտի ըլլար Լաչինը: 16 յուլիսի 1923 -ին Ազրպէյճանի Կեդրոնական գործադիր կոմիտէն տուած էր համապատասխան որոշում (4): Բեմագիրն ու բեմադրիչը վստահաբար տեղեակ էին այս իրադարձութիւններուն մասին: Այլ խօսքով, թատրի ընտրութիւնը անմեղ պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլալ: Նկարահանումները, սակայն, կատարուած են Արագածոտնի մարզին մէջ:
Դէպքերը կ’ընթանան 1917-ի յեղափոխութեան նախօրեակին, երբ ցարական իշխանութիւնը կը տատանէր: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ պատկեր մը, ուր ցարի ծիծաղելի չինովնիկները (պետական պաշտօնեայ) եւ ապիկար սպաները կը գործակցին գիւղի բռնակալ աղաներու հետ: Պրիսթաւը (գաւառապետ) որպէս «կամաւորներ» կը զինուորագրէ միայն աղքատ քիւրտերու զաւակները: Գաւառապետի այն հարցին, թէ անփորձ գիւղացիներ ինչպէ՞ս կրնան ծառայել ռազմական գործողութիւններուն, ցարական պագամաւորը կը պատասխանէ, թէ անոնք կրնան գործածուիլ «իրենց» ( իմա` մութ) նպատակներուն: Կողքի նկարին մէջ Թէմուր պէկ (Միքայել Գարագաշ) սպայական ուսադիր կը ստանայ արջանման ռուս գաւառապետէն, բայց ի հարկէ չի մեկնիր ճակատ: Կան, յաճախ անտեղի, բազմաթիւ բացայայտօրէն քարոզչական զաւեշտական տեսարաններ: Եւ քանի որ ժապաւէնը համր էր, խաղարկութիւնը հարկ է, որ ըլլար չափազանցուած (mannerist): Այս յատկապէս ակնբախ է ծաղրանկար- չինովնիկ գրագրի (Ա. Ամիրբեկեան) եւ գիւղի բարի յիմար-հտպիտ Խդոյի (Հ. Խաչանեան) պարագային:
Քարոզչութեան մաս կը կազմեն նաեւ չարիքի աղբիւր «մահաբեր շապիկ» բազմակնութիւնը (քրտերէն լեզուով` Kirasê Mirinê – Hewitî) (5), ինչպէս նաեւ խաւարամիտ բիրտ բարքերը: Բեկնազարեան անուղղակիօրէն կ’ըսէ, թէ յեղափոխութիւնը վերջ պիտի տար այդ բոլորին :
2011-ին ժապաւէնը ցուցադրուած էր Պոլսոյ «Ոսկէ Շուշան» 30-րդ փառատօնի ընթացքին, որպէս կիներու իրաւունքները պաշտպանող ռահվիրայ ժապաւէն: Քիւրտ շարժապատկերի պատմաբաններ «Զարէ»-ն կը նկատեն առաջին քրտական ժապաւէնը: (6,7): Դիտել կու տան նաեւ, որ յաջորդ քրտական ժապաւէնը նկարահանուած է շուրջ կէս դար ետք միայն: Ի դէպ, քիւրտեր սուրիահայ Արամ Տիգրանը (Մելիքեան 1934 -2009) կը նկատեն բոլոր ժամանակներու լաւագոյն քրտական երաժիշտը: Քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր անձամբ Տիգրանակերտի հայկական գերեզմանոցէն հող տարած է խառնելու համար Պրիւքսէլի մէջ գտնուող անոր շիրիմին:
Առաջին հայկական ժապաւէնը ոչ թէ «Զարէ»-ն էր, այլ «Նամուս»-ը: Պարզ է նաեւ, որ Շիրվանզադէի համանուն վէպի հիման վրայ պատրաստուած «Նամուս»-ը գեղագիտական իմաստով անհամեմատ աւելի կուռ եւ տպաւորիչ գործ է: «Զարէ» կը զիջի նաեւ նոյն շրջանին նկարահանուած «Խասփուշ»-ին եւ աւելի ուշ` հանրածանօթ «Պէպօ»-ին: (1935) «Բեկնազարեան կը խոստովանի, թէ նկարահանումները կատարուած են հապճեպ:
«… Մենք աշխատում էինք հսկայական լարուածութեամբ, եւ ես մտածում էի, որ այլեւս յանձն չեմ առնի այդքան կարճ ժամկէտում լիամետրաժ ժապաւէն նկարահանել» (3):
Հեռուէն դիտած, կը թուի թէ «Զարէ»-ի ընտրութիւնը կատարուած է քաղաքակա՛ն նկատառումներով: Ի դէպ, փառատօնի ծրագիրին մէջ ներառուած է նաեւ քրտական սրտառուչ ժապաւէն մը` «Փոշու Լաթ» (Թոզ Պէզի): Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին:
Դիպաշարը .- Զարէ եւ պատանի հովիւ Սայտօ (Հրաչեայ Ներսիսեան !) (8) կը սիրեն զիրար: Գիւղի աղան Թեմուր պէկ (նկատել անունը), որ ունի միջին տարիքի անհրապոյր կին մը, կը ցանկայ Զարէն: Սայտօ կը զինուորագրուի, բայց կը յաջողի փախչիլ: Կը բանտարկուի շնորհիւ պէկի գաճաճ եւ տխեղծ ծառային մատնութեան: Զարէի հայրը կը մերժէ իր դուստրը կնութեան տալ աղային, որովհետեւ «աղքատը հարուստին փաթրիս չի» (9): Քրտական ջոկատը կը կոտորուի: Զարէի եղբայրը կը վերադառնայ ծանր վիրաւոր եւ կը մեռնի աչքերը բաց: Պէկը կը թալանէ տունը գիւղացիի մը, որ վատ բերքի պատճառով չէր կարողացած հարկը վճարել: Գիւղացին կը յարձակի պէկին վրայ, ապա կը պարտադրուի փախչիլ: Պէկին ծառաները կ՛առեւանգեն Զարէն: Առագաստի սենեակին մէջ Զարէ կը մերժէ յանձնուիլ Թեմուրի: Աղան դուրս կու գայ եւ կը յայտարարէ որ Զարէ կոյս չէր: Հարսնեւորները կը վերածուին ինքնադատաստան ամբոխի, կը խոշտանգեն եւ կ’անարգեն Զարէն: Սայտօ կը յաջողի ճիշդ ժամանակին փախչիլ բանտէն: Ընկերներու օգնութեամբ կը սպաննէ պէկը, զուլալ աղբիւրի ջուրով կը լուայ Զարէին ցեխոտուած դէմքը: Ակնյայտօրէն խորհրդանշական արարք եւ բարեզարդ աւարտ: Որմազդին մէջ ծանակուած Զարէ զինք զրպարտող տմարդի Թեմուր պէկէն կ՛ուղղուի դէպի զինք սիրող բարի եւ արի Սայտօ:
Նկատելի է, որ ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին գիւղացիները անհաւատալիօրէն խիզախ ելոյթներ եւ արարքներ կ’ունենան աւատապետական կարգերուն եւ ցարական իշխանութեան դէմ: Այդ կարելի է համարել Բեկնազարեանի տուրքը` իր ժամանակին:
Գեղագիտական .- Բեկնազարեան ուսանած եւ աշխատած էր Գերմանիոյ մէջ: Այդ ժամանակաշրջանի արեւելագէտներու մակերեսային, «հազար ու մէկ գիշերներու» երեւակայածին պատկերացումները խոր ընդվզում պատճառած էին իրեն: (10,11): «Զարէ»-ի մէջ կը տեսնենք իսկական գիւղ մը եւ վրանաբնակ եզիտի հօտաղներու թշուառ առօրեան: Հայաստանի մէջ գոյ է «բեկնազարեանական ռեալիզմ» գեղագիտական եզրը (12):
«Զարէ»-ի տեսախցիկը անշարժ է: Այդ կը բացատրուի օրուան ճարտարագիտութեան շատ խոնարհ միջոցներով: Խաղարկութիւնը եւ դիմայարդարումը թատերական են: Այս կէտը բնորոշ է այդ շրջանին նկարահանուած բոլոր ժապաւէններուն: Այս յատկապէս ակնբախ է, երբ տեսախցիկը կը մօտենայ դերասանին (close-up):
Պատկերաւոր լեզուն շատ սահմանափակ է: Այլ խօսքով, «Զարէ» գեղարուեստական իմաստով կարեւոր ժապաւէն մը չէ: Բացման տեսարանին մէջ լեռներու վերեւ կը տեսնենք մութ ու լոյս ամպեր: Ակնյայտ ակնարկ` քաղաքական իրավիճակին: Կարելի է յիշել նաեւ այն տեսարանը, ուր Սայտօ (գուցէ առաջին անգամ) քնքոյշ կը համբուրէ Զարէի այտը: Տեսախցիկը ցոյց կու տայ Զարէին կուժը, որ աղբիւրի աւազանին մէջ «կը պարէ»…
Ժապաւէնին հիմնական կարեւորութիւնը հաւանաբար կը կայանայ ազգագրական մանրամասնութիւններուն մէջ: Ասիկա յատկապէս ակնբախ է Զարէի եղբօր թաղման ծէսին ընթացքին: Յուղարկաւորները բարձրացուցած են Եզիտի հաւատքը խորհրդանշող դրօշ մը: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին կրօնաւորը (շէյխ կամ «պապա») կը կրկնէ ռիթմիք ծիսական օրհներգ մը: Դիակին հետ կը թաղուին անոր տօնական հագուստը, գօտին եւ դաշոյնը: Տղամարդիկ կը քակեն իրենց գլխու փաթթոցները: Այրին իր մազի հիւսքերը դաշոյնով կը կտրէ եւ կը դնէ քարակոյտին վրայ: Տեսախցիկը քիչ մը հեռուէն գեղեցիկ կառուցուած պատկերով ցոյց կու տայ միայնակ ծառի մը շուքին տակ սգաւոր փոքրիկ խումբը, մինչ խունկի սիւնը կը բարձրանայ դէպի երկինք: Ժապաւէնի ամէնէն տպաւորիչ տեսարանը:
Ազգագրական պէտք է համարել նաեւ Զարէի ծանակման ահաւոր «ծէս»-ը: Կան նաեւ արագ ակնարկներ ուղղուած գիւղացիներու սնոտիապաշտութեան:
Ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը հաւանաբար առաջին անգամ կը լսէ այս ժապաւէնին մասին: Մինչդեռ հազիւ թէ գտնուի ընթերցող մը, որ գոնէ մէկ անգամ դիտած չէ Նամուսը եւ Պէպոն: Զարէ «Հայֆիլմ»-ի արտադրութեան լաւագոյն նմուշներէն մէկը չէ: Անոր ընտրութիւնը կարելի է, սակայն, հասկնալ քաղաքական նկատառումով:
Քրտական Միջնարար Բ. Ժամանակակից քրտուհիներ
Փառատօնի դատակազմը իր խաղարկային «կարճ ցանկ»-ին համար ընտրած էր ժապաւէն մը, որուն բներգը «Զարէ»-ի հետ ունի առնուազն երկու հասարակ յայտարար.- քրտական եւ կնոջական: Ժապաւէնը հասարակ յայտարար ունէր նաեւ կազմակերպիչներուն հետ: Արտադրիչը` Չիյտեմ Մաթէր, Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերի հարթակի (13) թուրք համատնօրէնն է: Երկրորդ տնօրէնն է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը:
Փոշու Շոր ( Toz Bezi) Ahu Öztürk , 2016 98 վ. (Youtube v=Rrs4BDfLoX4)
Բեմագիր եւ բեմադրիչ Ահու Էօզթիւրք (1976 – ) քրտուհի մըն է (14), որ իր համալսարանական ուսումը նախ ստացած է փիլիսոփայութեան բաժնին մէջ: Երկար փնտռտուքէ, խառնաշփոթ մտքերէ եւ փորձերէ ետք որոշած է ըլլալ բեմադրիչ: Փոշու Լաթը իր առաջին լիամեթրաժ ժապաւէնն է: Իր նախորդ սակաւաթիւ ժապաւէններէն մէկն է «Բաց վէրքը» (Աչըք եարա, 2010), որ մաս կը կազմէր հինգ բեմադրիչներու կողմէ նկարահանուած «Կարսեան պատմութիւններ» (Կարս Էօյիւլերի) «կինոալմանախ»-ին (15):
Էմրէ Աքայի «Փոքրիկ իրականութիւն մը» այլաբանական ժապաւէնը կը խօսի ընտանեկան ցաւոտ գաղտնիքի մը մասին:
Տարեց նախկին կռփամարտիկ մը (իմա պատերազմիկ) դարձած է հողատէր: Կը փորձէ ճարտարագիտական գետնի վրայ արդիականանալ: Երկրորդ տիպարը նոր, զարգացած թուրքն է: Տարեց թուրքը մեծ ճիգ ի գործ կը դնէ նաեւ անձնապէս «երիտասարդանալու»:
Կը թուի, թէ այդ ակնարկ է Օսմանեան Մէշրութիյէթին: Բայց ան չունի երբեմնի մկանները: Կը մեռնի սրտի կաթուածով: Թատրը նոյնպէս Կարսի շրջանն է: Խորապատկերին վրայ կը տեսնենք միայնակ փոքրիկ Աբուղամրենցը: Լայնանիստ եկեղեցիներու փլատակներ կան ցրուած ամէն կողմ: Կողքի նկարին մէջ, հին եւ նոր թուրքեր, որոնք իրենց բազուկի ուժը կը փորձեն ( իշխանութեան կռիւ) հայկական աւերակներու վրայ… տառացիօրէն: Աւերակներու տէրերուն մասին ո՛չ մէկ խօսք: Հարկ կա՞յ արդեօք: Ժապաւէնը հասանելի է եութիւպի վրայ: (v = G__-iSiLsM0): Ի դէպ վերջին շրջանին Կարսեան բներգով ժապաւէններ նկարած են բազմաթիւ անուանի բեմադրիչներ, ինչպէս` Զէքի Տէմիրքուպուզ «Քատէր» («Ճակատագիր», 2006, 103 վ.), Նուրի Պէլկէ Ճէյլան.- «Եղանակներ» («Իքլիմլեր», 2006, 101 վ.), Ռեհա Էրտէմ «Քոսմոս» («Տիեզերք», 2010, 122 վ.) եւ այլն (16):
Անհատական.- Ահու Էօզթիւրք կրած է եռակի ճնշում: Նախ որովհետեւ քիւրտ է, ապա որովհետեւ կին է, եւ վերջապէս որովհետեւ իր հայրը եղած է հասարակ պաշտօնեայ մը, իսկ մօրաքոյրը` տուներ մաքրող սպասուհի: Կը պատմէ, թէ մօրաքրոջ հետ գտնուած է շքեղ տան մը մէջ: Տան փոքրիկներու սենեակին մէջ կային բազմաթիւ խաղալիքներ: Բայց Ահու գիտէր, որ իրեն արտօնուած չէր խաղալ, նոյնիսկ երբ ոչ ոք կը տեսնէր զինք: Էօզթիւրք մեծ ամօթ զգացած է եւ ամէն կերպով ջանացած է պահել իր ինքնութիւնը: Այժմ մեծ ամօթ կը զգայ, որովհետեւ ամօթ զգացած է: Ժապաւէնը ձեւով մը «հոգու պարտք» է: Էօզթիւրք բնագիրին վրայ աշխատած է երեք տարի: Ժապաւէնը վաստակած է Այս տարուայ «Ոսկէ Շուշան» եւ կարգ մը այլ մրցանակներ: Ոմանք կը կարծեն, թէ այդ մրցանակները շնորհուած են ոչ թէ ժապաւէնին գեղարուեստական արժէքին, այլ անոր ընկերային ենթագիրին համար:
Դիպաշարը .- Նեսրին (17) Կարսէն Պոլիս գացած քրտուհի մըն է: Ունի աղջնակ մը: Ծոյլ եւ բիրտ ամուսինը կը լքէ զինք եւ կ’անհետանայ, երբ Նեսրին կը պնդէ, որ աշխատանք գտնէ: Նեսրին կը պարտադրուի տուներ մաքրելու: Օտար, մարդակեր ոստանին մէջ մինակ մնացած Նեսրին կ’ընկերանայ աւելի տարեց եւ փորձառու Խաթունի, որուն ե՛ւ ամուսինը, ե՛ւ որդին ապիկար են: Բայց Խաթուն իր աշխատանքով կը պահէ զանոնք: Իմա` կը պահէ ընտանիքը: Նոյնիսկ կ’երազէ փոքրիկ յարկաբաժին մը գնել: (Տես սրտառուչ որմազդը): Ամուսինին կողմէ լքուած կինը ընդունելի չէ ընկերութեան կողմէ: Նեսրին յուսահատ է: Նոյնիսկ երեք անգամ գիշերանց մոմ կը վառէ որոշ եկեղեցիի մը մէջ, որովհետեւ լսած է, որ այդ սուրբը փափաքներ կ՛իրականացնէ: Կը յուսայ, որ Աստուած պիտի ներէ զինք: Նեսրին չի հասկնար, թէ, ինչո՞ւ ամուսինը լքեց զինք: Ճէֆոն կը փնտռէ ամէն տեղ: Ի վերջոյ կը կործանի:
Ժապաւէնը ցոյց կու տայ «սպիտակ թուրք» (18) կիներու տուները, որոնք կահաւորուած են ըստ «քաթալոկ»-ներու վերջին ճիչին, անոնց վերամբարձ վերաբերմունքն ու կեղծաւորութիւնը: Յաղաքս անուշադիր հանդիսատեսի, երկու կիներու գանգատները եւ բամբասանքը յաւելեալ լուսաբանութիւններ կը բերեն: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ նաեւ մինակ, խեղճ ծնողի եւ անմեղ աղջնակի դժուար յարաբերութիւնը: Յիշատակելի է տեսարան մը, ուր անծանօթ մայթերուն վրայ աղջնակը մօր ձեռքը բռնած մեքենականօրէն կ’արտասանէ մօր խօսքը.- «Պիզ քա՛յպոլտուք, պիզ քա՛յպոլտուք,…» (Մենք կորսուեցանք), առանց ըմբռնելու անոնց դառն իմաստը: Ակնյայտօրէն` խորհրդանշական տեսարան: Սրտառուչ է մանաւանդ աւարտական տեսարանը:
Ժապաւէնը դանդաղ է, դժխեմ, նկարուած անփայլ, գորշ գոյներով: Չերքեզ Նեսրինի դերը սրտառուչ վարպետութեամբ կը խաղայ թրքուհի Ասիյէ Տինչսոյ, որ աւարտած է Պոլսոյ Ետիթեփէ պետական համալսարանի թատերական բաժինը: Այո՛, գիտեմ, ի հեճուկս գրոց-բրոցային անգիր տասնաբանեայի «թապու»-ներուն, նոյն պարբերութեան մէջ «սրտառուչ» մակդիրը գործածած եմ առնուազն չորս անգամ: Սակայն դժուար էր այդ փոխարինել այլ տարբերակով:
Նկարուած է այնպիսի բուռն հաւատքով, որ անկարելի է խօսիլ անոր բացթողումներուն մասին առանց յանցաւոր զգալու: Միջազգային դատական կազմերը թերեւս ինկած են նոյն խաղին մէջ: Գուցէ Էօզթուրք խորամանկօրէն կը չարաշահէ մեր զգացումները: Այսուհանդերձ …(Տես Եութիուպ v=Rrs4BDfLoX4):
Յաջորդիւ` Ոսկէ Ծիրանի «Հայկական Համայնապատկեր»-ին մասին:
Ցտեսութիւն
—————-
Էջատակեր
- Եկեղեցին հնագոյնն է Երեւանի մէջ (1635): Եղած է գրչութեան կեդրոն: Այդտեղ են Քրիստոսի աշակերտ Անանիայի մասունքները եւ հրաշագործ «Զօրաւոր» Աւետարանը: Շարժապատկերի փառատօնը կրօնական ծէսով սկսելու արարքը յոյժ մեկնաբանելի է:
- Տե՛ս www.gaiff.am եւ օրինակ http://armlur.am/542403/
- Քալանթար Կարէն, «Համօ Բեկնազարեան», Երեւան, 1986
- Դաւիթ Բաբայեան , «Կարմիր Քրդստան. կազմաւորման եւ լուծարման աշխարհաքաղաքական ասպեկտները» , «Նորավանք», դեկտ. 2005:
- Ժամանակակից տարբերակն է Müjde Arslan, Kirasê Mirinê Hewitî 2010, 36վ։
- Ալաքոմ Ռոհաթ, «Քրտական Սինեման – հայրենազրկում, սահման եւ մահ», AGORA 2009:
- Վ. Զիֆլիօղլու, «Հայ եւ քիւրտ շարժապատկերը դրոշմած առաջին ժապաւէնը` Զարէ», «Հիւրիյէթ» 2/17/2011:
- Հ. Ներսիսեան 32 տարեկան էր, բայց իր կնճռոտ դիմագիծի պատճառով աւելի տարեց կը թուէր:
- Փաթրիս = պատուաստ: Կարելի չէ պատուաստել, որովհետեւ հարուստն ու աղքատը իրարամերժ են:
- Ամօ Իվանովիչ Բեկ-Նազարով, ռուսերէն, «Զափիսքի Աքթեօրա ի Քինարիսըրրա»,
(Յուշեր շարժապատկերի դերասանի եւ բեմադրիչի) 1965, 270 էջ - Edward Said, Orientalism , 1977 , շուրջ 370 էջ:
- Սիրանոյշ Գալստեան, «Իսկ եղե՞լ է արդեօք հայ կինօ», Կինոաշխարհ, 23 Նոյ. 2014:
- Տես «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը» «Ազդակ» 16 եւ 23 հոկտ. 2014:
- «Էօզ» կը նշանակէ հարազատ, զուտ: Էօզթիւրք կը նշանակէ զտարիւն թուրք: Տարօրինակ անուն քրտական իրաւունքներու պաշտպան անձի մը համար: «Ահու» (պարսկերէն) կը նշանակէ «մարալ»:
- Ալմանախ տառացիօրէն կը նշանակէ տարեգիրք: Պէտք է հասկնալ «հատընտիր»:
- Կ. Տեփելի, Թրքական Սինեմայի մէջ Արեւելեան Անատոլուն, մաքիստրոսական աւարտաճառ:
- Սպիտակ շատ հոտաւէտ վարդ մը: Հաւանաբար` պարսկերէն:
- Տես «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Էրտողան» «Ազդակ» բացառիկ ապրիլ 2015: