Թրքական ապրանքներու ներածումը արգիլելու կամ ներածուածը չգնելու վերաբերող յաճախակի կոչեր կ՛ուղղուին Հայաստանի մէջ: Այս տարուան ապրիլ-մայիսին այս հարցը քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Մայիսի սկիզբը Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ թրքական ապրանքներու ներածման արգելքի խնդիր չէ դրած Հայաստանի կառավարութիւնը: Այս մասին կը գրէ Սեդա Հերգնեան:
Թրքական ապրանքներու ներածման կասեցման ու չգնելու մասին տեսակէտները բաւական հակասական են, եւ այս ընթացքին բազմաթիւ հարցեր կը ծագին: Սակայն փաստ է, որ այս տարի Թուրքիայէն Հայաստան ներածումն ու Հայաստանի մէջ թրքական ապրանքներու սպառումը կը շարունակուին նոյն կշռոյթով, ինչպէս նախորդ տարի:
Ըստ Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան, այս տարուան առաջին կիսամեակին Թուրքիայէն Հայաստան ներածուած է շուրջ 61,1 միլիոն տոլարի ապրանք: 2015 թուականի առաջին կիսամեակին հետ բաղդատելով, այս ցուցանիշը որոշ չափով նուազած է` 774 հազար տոլարով կամ 1,3 տոկոսով: Այսինքն, հակառակ թրքականը չգնելու կոչերուն, Թուրքիայէն Հայաստան ներածումներու զգալի նուազում չէ արձանագրուած, եւ ներածման քանակը գրեթէ նոյնը մնացած է:
Իսկ Հայաստանէն Թուրքիա արտածումը, որ բոլոր պարագաներուն ալ քիչ է, նուազած է 3,8 անգամով` կազմելով ընդամէնը 277 հազար տոլար:
Այդպիսով, այս տարուան առաջին կիսամեակին Թուրքիա-Հայաստան առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է մօտ 61,4 միլիոն տոլար, որուն միայն 0,5 տոկոսը Հայաստանէն Թուրքիա արտածումն է:
Ընդհանուր առեւտրաշրջանառութեան ծաւալով Թուրքիոյ հետ առեւտուրը այս տարուան առաջին կիսամեակին գրաւած է Հայաստանի` աշխարհին հետ կատարած առեւտուրին 2,7 տոկոսը (2015-ի առաջին կիսամեակին` 2,8 տոկոս): Հայաստանէն արտասահման արտածումներուն մէջ դէպի Թուրքիա արտածման կշիռը 0 տոկոս է, իսկ ներածման` 4,2 տոկոս:
Առաջին կիսամեակներուն հետ բաղդատելով, վերջին հինգ տարիներուն Հայաստանը Թուրքիայէն մեծագոյն քանակը ներածում կատարած է 2014 թուականին, որմէ ետք այս ցուցանիշը մեծապէս նուազած է: Այս տարիներուս եւս թրքական ապրանք չգնելու կոչեր ուղղուած են, բայց կարելի չէ ճշգրիտ կերպով ըսել, թէ անոնք որքանով ազդած են 2015-ին արձանագրուած նուազումին վրայ, քանի որ ներածման նուազումը պայմանաւորուած է բազմաթիւ հանգամանքներով: Օրինակ` բնակչութեան գնողունակութեան անկմամբ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան Թուրքիայէն կը ներածէ աւելի քան 500-700 տեսակ ապրանք, որոնց շարքին մեծ տեղ կը գրաւեն հագուստը, կերպընկալէ իրերը, մաքրող դեղերը, կիտրոնազգի պտուղները, փայտեայ իրերը եւ այլն: Նախորդ տարի Հայաստանէն Թուրքիա արտածուած է հիմնականին մէջ անմշակ բուրդ: