ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն կապակցութեամբ վերջերս շրջանառուող տարաձայնութիւնները գլխաւորաբար կը վերաբերին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն կողմէ առաջարկուած լուծման այն կերպարին (model), որ յայտնի է Մատրիտեան սկզբունքներ յորջորջումով եւ որ Քազանի գագաթաժողովի վերատեսութիւններէն անցնելէ ետք, այժմ ի նորոյ կը հրամցուի հայկական կողմին` իր վերջին (Լաւրովեան, իմա՛ ռուսական) տարբերակով:
Այս փաստաթուղթը պաշտօնապէս չէ հրապարակուած, սակայն, քաջատեղեակ բոլոր աղբիւրներուն վկայութեամբ, ան պայման կը դնէ, որ 1994-ի Պիշքեքեան զինադադարի պայմանագիրով հայկական ուժերու իրաւասութեան տակ գտնուող եօթը ազատագրուած շրջաններէն հինգը անմիջապէս վերադարձուի Ազրպէյճանի իրաւասութեան, ի դիմաց անորոշ եւ անբովանդակ խոստումներու…
Առաջարկուող այս անհեթեթութիւնը գլխիվայր կը շրջէ բանակցային գործընթացի ցարդ նուիրագործուած սկզբունքները եւ կ՛աղաւաղէ գործընթացի տառն ու ոգին: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներու յստակ հաւաստիացումները արդէն իսկ կը խօսին այն մասին, որ հայկական կողմը կը մերժէ առաջարկուող այս իրողական անձնատուութիւնը` վերջ դնելով Ազրպէյճանի յաւակնութիւններուն:
Պէտք է յիշեցնել բոլորին, որ 1993-ին Ազրպէյճանի նախայարձակումով ստեղծուած այն պատերազմական պայմանները, որոնք անհրաժեշտ դարձուցին հայկական ուժերու մուտքը եօթը շրջաններ, այսօր եւս կը մնան անփոփոխ: Անոնք կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ ազրպէյճանական շատ աւելի մեծ սպառազինումով: Ազրպէյճանական սպառնալիքը շատ աւելի յստակ եւ անմիջական բնոյթ ունի այսօր: Ազրպէյճան իր յարձակողական քաղաքականութեամբ չէ դադրած ապացուցելէ, որ յիշեալ եօթը շրջանները բանալի՛ն իսկ են Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան: Եւ անոնց վերադարձը Ազրպէյճանի` բացարձակապէս անպաշտպանելի կը դարձնէ Արցախն ու Հայաստանը, հետեւաբար կ՛ապակայունացնէ ամբողջ տարածաշրջանը: Այդ տարածքները չեն պատկանիր Ազրպէյճանին: Անոնք կը պատկանին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:
Բանակցային գործընթացի օրակարգը հողերը չեն: Բանակցային գործընթացի թեման Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնն է եւ Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնը` իր յարձակողական քաղաքականութեան վերջ տալու: