Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Դպրոցի Առաջնահերթ Դերի Մասին Բաւարար Չափով Չենք Խօսիր Եւ Անոր Տէր Չենք Ըլլար

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբեք բաւարար չափով չենք խօսիր հայ դպրոցի էական կարեւորութեան մասին, նոյնիսկ եթէ ջոջական եւ քաղքենի ականջներու համար այդ ձանձրացուցիչ կը համարուի, անոնք ըլլան` միութիւններ, ազգային աւազանէ հեռացած «ականաւոր» մտաւորականներ, քաղաքականութիւն խաղցողներ եւ կարգախօս կրկնողներ, բազմանուն միութիւններ, բարեսէր հայասէրներ:

Աւելի՛ն. ոմանք բարձրաղաղակ եւ հանդիսաւորապէս կը յայտարարեն, որ սփիւռքները պէտք չունին դպրոցներով զբաղելու, չեն հաւատար դպրոցի ազգակերտ դերին եւ մարգարէաշունչ ճառով կ՛ըսեն, թէ սփիւռքներու էական դերը քաղաքականութիւնն է, դպրոցը նիւթականի մսխում է, «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած է»` ըստ կեղծ կուրուի մը: Եւ այս բացասականութիւններու հունով դպրոցներ կը փակուին: Թէեւ ազգային բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ դպրոցաշէններ կը գտնուին աստ եւ անդ:

Տարրական ողջմտութիւնը կը պահանջէ, որ հարկ է պահ մը կանգ առնել եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ կը հասկնանք քաղաքականութիւն ըսելով: Ի՞նչ պէտք է հասկնայ անով հայ ազգայինը, տարբեր «ծագումով հայ»-էն, որուն համար էական է տեղական-տեղայնական պատշաճեցումը եւ անոր հունով զարգացած քաղաքական փառասիրութիւնը: Կամ` ազգասիրական համարուած մաշած անարձագանգ կարգախօսներու կրկնութիւնը այսինչ կամ այնինչ թուականներու կամ ամեակներու առիթով, որոնցմով կը գինովնան երեկոներու կամ շաբաթավերջերու ճչացողները` փուչիկի վերածելով նոյնինքն քաղաքականութիւնը:

Եթէ համազգային գիտակցութեամբ ըմբռնէինք, որ սփիւռքեան կացութեան մէջ հայ դպրոց պահել եւ հիմնել քաղաքական հեռանկարային հիմնարար ընթացք է, պայքարի հատու զէնք, որմէ զրկուելով` կացինի հարուած կու տանք հայոց իրաւունքներու վերականգնումին, տոկալու եւ տեւելու կամքին, իրաւ քաղաքականութիւն կը վարէինք: Սփիւռքի հայ դպրոցը այն պատուանդանն է, որուն վրայ կանգնած` կը մերժենք ազգին դէմ եղած չարիքները կատարուած իրողութիւն համարել:

Ի վերջոյ, ո՛չ հիւրընկալ երկրի դպրոցը եւ ո՛չ ալ անոր լեզուն սերունդներուն պիտի փոխանցեն դիմագիծ եւ ինքնութիւն կերտող ազգային ժառանգութիւնը, առանց որուն` կը յառաջանան «ծագումով հայեր»-ու ամբոխներ: Պահուած, փոխանցուած, ստանձնուած, հարազատութեան շարունակութեամբ ստեղծուող եւ ճոխացող ժառանգութեամբ է, որ կը տեւենք մեր ինքնութեամբ, չենք վերածուիր աշխատող մրջիւններու, որոնք կ՛ամբարեն եւ կը սպառեն, անդիմագիծ ամբոխներ` առօրեայի գինովութեամբ տարուած:

Դպրոցը քաղաքական արարք է բառին ազնիւ իմաստով, ո՛չ աթոռ-աթոռակի փառասիրութիւն, ո՛չ ալ չարաշահումներու առջեւ բացուած դարպաս:

Հայ դպրոցը կրողն է ազգային ամբողջական տեսիլքի եւ միաժամանակ` ապագայի տեսիլքի մը, որ պէտք է բացատրել որպէս ազգային գաղափար եւ հասցնել իւրաքանչիւր հայու իր յարկին տակ, հաւաքաբար իւրացնել` չսահմանափակելով փոքրամասնութեան մը կամ ընտրանիի մը շրջանակին մէջ: Ըսի` տեսիլք, որ թաղային, ժամանակաւոր եւ մանր քաղքենիի նախաձեռնութիւն չէ` տօնական առիթներով հռետորութեան նիւթ հայթայթող, «պատուոյ սեղան»-ի շուրջ նստողներուն:

Արդարեւ, եթէ դպրոցի շինութեան առաջին քարին մէջ գալիք սերունդները տեսնելու առաքինութիւնը չունինք, հոգիի ուժը չունինք, հռոմէացիներու virtus-ը, կը տնտեսավարենք անհետացման տանող մեր արագ կամ դանդաղ անկումները, կորսնցուցած կ՛ըլլանք ազգի տեսիլքը: Եթէ դպրոցի շէնքին մէջ չտեսնենք այն քուրան, ուր պիտի դարբնուի հայուն եւ սերունդի հարազատ ինքնութիւնը, որ գերանցումն է կիրակնօրեայ խոհանոցային հաճոյքներուն եւ անբովանդակ վէճերուն, խեղճ ու խեղճացնող տեղական-տեղայնական կագուկռիւին, ազգի տոկալու եւ տեւելու հիմերը կը քանդենք: Այսինքն, շէնքի պատերէն անդին է հայ դպրոցը որպէս նպատակ:

Բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որքան որ ալ յանդուգն ըլլան անոնք, որոնք կ՛առաջադրեն հայ դպրոցի պահպանումը, ստեղծումը եւ բազմացումը, ազգի ապագային հանդէպ հաւատքի արարքներ են, հաւատք` անկումները յաղթահարելու: Այս հաւատքը չի գտնուիր հաշուապահական ուսման եւ հաշուապահական տոմարներու, կամ համակարգչային ծրագիրներու մէջ: Ան այլ տեղ կը գտնուի: Այդ այլ տեղն է ուժը եւ կամ տկարութիւնը հաւատքի արարքին, զոր կ՛ունենանք կամ չենք ունենար: Գաճաճ հոգիները կը ծանծաղին հաշուապահական մանրուքներու մէջ` սարսափելով իրենց հանում-գումարումներու պատկերէն, թատերական կերպով եզրակացնելու համար, որ դպրոց պահել, հիմնել անկարելի է: Միշտ պէտք է յիշել` ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուածի (չ)իմատութիւնը:

Եթէ երբեմն, անկեղծութեան պահու մը, փորձէինք պատասխանել պարզ հարցումներու, թերեւս հոգեբանական խրամներէ դուրս կու գայինք:

Մաս կը կազմե՞նք, թէ՞ ոչ հայ ազգին: Պիտի հաղորդուի՞նք (ոչ միայն հաղորդակցինք) մեր ժողովուրդին հետ: Պիտի հաղորդուի՞նք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ` անոնք գտնուին Պուէնոս Այրես, Ստեփանակերտ, Թաշքենդ, Փարիզ, Նիւ Եորք թէ Գիւմրի: Այո՞, թէ՞ ոչ:

Պատրա՞ստ ենք ստանձնելու մեր պատասխանատուութիւնները` առանց աջ եւ ահեակ նայելու, յուսալով, որ երկինքէն մանանայ պիտի տեղայ կամ այլ կազմակերպութիւն մը հրաշք լուծումներ պիտի բերէ: Եթէ չկայ այդ հրաշք-կազմակերպութիւնը, եւ երկինքէն մանանայ չտեղայ, պիտի փակե՞նք մեր դպրոցները եւ պիտի չունենա՞նք դպրոցներ (մարդիկ, դպրոցներ եւ ազգայիններ հաշուետուութեան չկանչուեցան):

Ազգային ճակատագրի տիրութիւնը կարելի չէ կարկտաններով ընել, ազգը «փաչուըրք» չէ: Հրապարակը  պէտք է մաքրել եւ հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք փոխան կամքերը մէկտեղելու ուժերու մնայուն զօրակոչով` տեղատւութիւններու յորձանքով կը տարուին, կամքերը զօրացրւումի կ՛ենթարկեն` յանձնուելով դանայեան ծակ տակառի նմանող անվերջ վերլուծումներու ախտաւոր խաղին:

Վերապրումի եւ տոկալու ընթացքին հաստ դրական պատասխան պէտք է տալ` բարոյական եւ նիւթական յանձնառութեամբ, որ պիտի ըլլայ ապագայակերտում:

Հայ դպրոցը կը պատկանի ինծի, քեզի, մեզի: Եթէ անոր տէրը չենք, տէ՞ր ենք մեր ինքնութեան եւ մեր մարդկային իրաւ հպարտութեան: Ի՞նչ եզրակացնել… Առանց դպրոցի կը մնան պղպջակներ: Անոնցմով ինքնութիւն կը պահուի՞ եւ իրաւունք պաշտպանուի՞:

Անհատին եւ հաւաքականութեան վաղուան համար ի՞նչ եզրակացնել:

Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել անոնց, որոնք դպրոցի մը փակման մասնակից-մեղսակից են: Եթէ համազգային դատարան մը ունենայինք եւ «Սինկ-Սինկ» բանտ մը, հրապարակը կը մաքրէինք եւ ազգը կը շահէր:

Դպրոցը ազգը փակուղիէ դուրս բերելու լուսաւոր ճանապարհն է:

Եթէ հասկնանք այս ազնիւ քաղաքականութիւնը, կ՛ունենանք հեռանկար, կը ծրագրենք եւ կը կազմակերպենք: Եւ պատմութիւնը մեր սերունդը չ՛ամբաստաներ դասալքութեամբ:

Դասալքութենէ տարբեր բառ չկայ դպրոցի փակումը եւ դպրոց պահել-ստեղծելու յանձնառութենէ խուսափումը բնորոշելու համար:

13 մայիս 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>