Հայ յեղափոխութիւնը եղաւ նոր հայութեան կերտիչը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղաւ Հայ յեղափոխութեան առաջնորդը, առաջատար ուժը, աննկուն ախոյեանը:
Արդ, հայ յեղափոխութիւնը զէնք չէր միայն, այլեւ ոգեկան զինավառում էր, նոր խօսք չէր միայն, այլեւ վերափոխիչ ու ամրապնդիչ գործ էր, գաղափար չէր լոկ, այլեւ գաղափարականացում էր: Ընդվզում չէր միայն պատմութեան դէմ, բռնութեան ու ճակատագրին դէմ, այլեւ ստեղծագործ թռիչք էր, բարոյական, հոգեկան ու իմացական վերանորոգում, յորդում ու խոյանք էր: Սրտաթունդ երգ չէր պարզապէս, այլ հերոսական երթ էր, մարտ էր ու մարտնչում էր, մարդացում էր մանաւանդ: Արիւն ու աւերում չէր սոսկ, այլեւ կառուցում էր ու իմացական նորանոր հորիզոններու նուաճում: Յուշ ու մեռել չէր միայն, այլեւ յարութիւն էր, կեանք էր, թեւաւոր երազ եւ ստեղծագործ երկունք:
Այս բոլորին գումարն է Հայ յեղափոխութիւնը, այս բոլորին բազմապատկութիւնն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, վերածնունդն ու բազմապատկութիւնը հայութեան, հայեցիութեան, հայկականութեան:
Հայութեան նոր ասպետութիւնն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, յեղափոխական, քաղաքական ու իմացական եռեակ ճակատներու վրայ: Մեր նորագոյն դիւցազնավէպին յօրինողն ու կերպագրողը: Եւ, իբրեւ այդպիսին, ուղղակի ժառանգորդն է հայ ազնուականութեան, իբրեւ հայ պետական ու քաղաքական կեանքի կերտիչ, պահպանակ ու սատար:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հակառակ պատմական բոլոր փորձութիւններուն, գաղափարական, հաւատաւոր ու նուիրեալ իր յաջորդական սերունդներուն քրտինքով, միշտ բարձր պահեց քաղաքական անկախ մտածողութեան, գաղափարախօսական ու կազմակերպական ինքնուրոյնութեան կենարար իր դրօշը, անայլայլ մարտունակութիւնն ու գաղափարապաշտութիւնը:
Գաղափարական նոյն անխորտակելի զրահով ան ապրեցաւ ու դիմակալեց իր պատմութեան երկար ու ձիգ տարիները եւ այսօր եւս ան պատրաստ է պայքարի ու զոհաբերութեան նորանոր տասնամեակներ նուաճելու` հայ ժողովուրդի ընկերային ու ազգային ազատագրութեան նուիրական դատի իրականացման ճանապարհին:
Պատրաստ է անվարան սրտով առաջ ընթանալու միշտ, նախորդ սերունդներու հերոսական ու լուսաւոր ուղիով, միեւնոյն ընկալուչ ու լայնամիտ ոգիով, կազմակերպական ու կարգապահական նոյն ուժականութեամբ, բարոյական նոյն ոգեշնչող կերպարով, քաղաքական ու գաղափարական նոյն սկզբունքայնութեամբ ու ինքնուրոյնութեամբ, հաւատքի ու նուիրումի միեւնոյն անսպառ կորովով, կենսափորձով եւ երկխօսութեամբ վերանորոգուելու ու կենսաւորուելու իր աննահանջ կամքով:
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Օրերու թաւալքին հետ` խաչին աստուածային խորհուրդն ու պատգամը ներդրուեցան քիչ առ քիչ զինանշանին խորապէս մարդկային ճշմարտութեան ու ոճին:
Վառօդի թանձր ծուխը մոլեգնօրէն գրկընդխառնուեցաւ խունկի հոտեւան երիզներուն: Հայ ժողովուրդը, փոխն ի փոխ, բահի տեղ վերցուց փետուրը, փետուրի փոխարէն` դաշոյնը, եւ իր հերոսներուն արիւնով օծուն դրօշը բարձրացուց` Րաֆֆիին երազը իրականացնելու, զայն կոթողելու համար Մասիսի գլխուն: Եւ հասաւ Սարդարապատ, եւ ստեղծեց հայկական Հայաստան:
Հայոց պատմութեան ծագող արեւուն ճառագայթները թափանցեցին իւրաքանչիւր հայու սրտէ ներս եւ ոսկեհուր ճաճանչներով դրոշմեցին հոն անջնջելի Զինանշանը:
Եւ հայ ժողովուրդը, զանգուածօրէն, պատարագ մատուցեց Զինանշանի տեսլականին:
– Խաչուեցաւ երէկ, որպէսզի ապրինք մենք այսօր:
Բայց այդ մենքը Երեւանէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս ու Սիտնի` ապրո՛ղ, ծաղկո՛ղ հայութիւնն է այսօր: Այդ մենքը` մեր Սեւրն է, Հայ դատը: Այդ մենքը` Արագածի մեր աստղադիտարաններն են, մեր մատենադարանները, ղօղանջող մեր հաւատքի տուներն են` Էջմիածինն ու Անթիլիասը, կառուցուող մեր դպրոցներն ու ակումբները, աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծագործող հայ միտքն ու հոգին: Սարդարապատի եւ Մոնթեպելլոյի Յուշարձաններն են, Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմն է այդ Մենքը: Մեր Անի՛ն է, եւ տակաւին գերի մեր Արարատը:
«Խաչեցեալին մահ չկայ» բանաստեղծի խօսք չէ, այլ հայկական իրականութիւն:
Զինանշանը կերտողները չկան այլեւս, բայց Զինանշանը ինք կա՛յ այսօր, վաւերակա՛ն, անխորտակելի արտայայտութիւնը հայ ոգիին, աւելի պայծառ` քան երէկ, աւելի պերճիմաստ ու առինքնող` այսօր:
Ողջո՜յն ու համբո՜յր Զինանշանին:
Ողջոյն ու համբոյր հայ անմահ ոգիին, յաւերժական Հայութեան ու Հայաստանին:
Գ. ԳԵՂԱՐԴ
Իրաւազրկուած, անիրաւուած եւ անազատ ըլլալու զգացումէն ծնունդ կ՛առնէր հայ յեղափոխութիւնը, որ առաջին իսկ օրերէն, կը դառնար դաւանանք, կը դառնար միս ու արիւն, իր դրօշին տակ համախմբելով պայքարի պատրաստակամ բոլոր տարրերը: Անկերպարան հայ իրականութենէն ծնունդ կ՛առնէր նոր հայը – յեղափոխական հայը: Առաջ կու գար նոր սերունդ մը` աւելի՛ ինքնագիտակից, աւելի՛ պայծառատես ու վճռակամ, որ հայութիւնը առաջնորդելու եւ հայ կեանքին ուղղութիւն տալու հաստատ որոշումը ունէր:
Հայ կեանքէն ներս կը ստեղծէր նոր կացութիւն եւ առաջ կու գար նոր աշխարհահայեացք.- Մէկ հայութիւն եւ մէկ հայրենիքի գաղափարով, որ կը քանդէր բռնի եւ արուեստականօրէն պարտադրուած բոլոր պատնէշները, կը լեցնէր բոլոր խրամատները` նոյն իտէալին շուրջ համախմբելով տարբեր դասերու, տարբեր դաւանութիւններու եւ տարբեր տիրապետութիւններու հարկատու հայերը: Կ՛անհետանային աշխարհագրական սահմանագիծերը հայ մտածողութեան մէջ, կ՛ամրապնդուէր մէկ հայութեան գաղափարախօսութիւնը: Երէկի իրաւազուրկ հայը կը դառնար պահանջատէր եւ իր պահանջներու իրականացման համար կը մտնէր նոր կենսաձեւի մէջ: Դիւրին եւ հարթ ճամբաներու վրայ չէր բացուեր այդ նոր կենսաձեւը, անիկա իր դէմ ունէր թուրքն ու ռուսը, իրենց պետական եւ զինական անհաշիւ միջոցներով, իր դէմ ունէր պայքարի անընդունակ ներքին տարրերը, բայց ունէր նաեւ իր մէջ հայօրէն ապրելու բուռն տենչը, որ պիտի գիտնար արհամարհել բոլոր վտանգները, պիտի գիտնար յաղթահարել բոլոր արգելքները` լայն դուռ բանալով իր հայրենասիրական ձգտումներուն առջեւ:
Նոր հայրենիքներուն մէջ հայութիւնը, իր պապերու սովորութեամբ, իր բնակարաններուն քովիկը կը կառուցէր դպրոց ու եկեղեցի եւ ակումբ, կը կազմակերպէր իր կեանքը` հիմնելով մշակութային, երիտասարդական, մարզական եւ բարեսիրական հաստատութիւններ, կը հիմնէր հրատարակչութիւններ, մամուլ եւ բեմ` ի խնդիր հայ բանի տարածման եւ հայ հոգիի պահպանման:
Եւ այս բոլորին մէջ, անկասկած, գաղափարական նոյն աւանդն է, որ ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, կազմակերպող, համադրող, ձեւ, բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն տուողը սփիւռքահայ կեանքին: Այդ աւանդն է, որ հայ բազմութիւններու հանապազորդ հացին հետ դարձած է հոգեկան սնունդ եւ գոյութեան նպատակ:
Սփիւռքը հայրենիք չէ. Սփիւռքը օտար հող, օտար ժողովուրդ եւ օտար մթնոլորտ կ՛ենթադրէ իր պաղ իրականութեամբ եւ եղերական հեռանկարով: Սփիւռքը իր ժողովուրդի մայր երակէն եւ պապենական հողէն կտրուած` օտար երկիրներու, օտար լեզուներու, օտար բարք ու կենցաղի հարկատու մռայլ իրականութիւն կը նախատեսէ: Կարճ խօսքով` սպիտակ ջարդ` կարճ թէ երկար ժամանակաշրջանի մը վրայ փռուած:
Այդ պատճառով հարկ է լարել ճիգերը, խթանել կամքը, հարկ է գօտեպնդուիլ գաղափարական նո՛յն աւանդով, որովհետեւ այդ աւանդն է, որ երէկ կը կռուէր բռնատիրութեան դէմ յանուն ազատ եւ անկախ կեանքի մը, այսօր կը կռուի յանուն հայապահպանման եւ ընդդէմ կլանող, խաթարող օտարացման չարիքին, հարկ է պայքարիլ վտանգին ամբողջական գիտակցութեամբ, պայքարիլ նոր ժամանակներու թելադրած միջոցներով, որքան ալ բազմազան ըլլան խոչընդոտները եւ աննպաստ` տիրող պայմանները: Ներկայ ժամանակներու հրամայականն է ասիկա, ինչպէս նաեւ կտակը այդ աւանդին համար զոհուածներուն:
Գ. ԲԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
106.- 80-ական թուականներուն նոր թափով Հայ դատի աշխատանքներու դրօշակիրը դարձան ՀՅԴ-ի անմիջական հովանիին տակ գործող Հայ դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերը, որոնց քարոզչական աշխատանքին շնորհիւ հայութեան պահանջատիրութեան գծով արձանագրուեցան կարեւոր յառաջխաղացքներ:
107.- 8 օգոստոս 1990-ին 70-ամեայ տարագրութենէ ետք ՀՅԴ Բիւրոն հաղորդագրութեամբ մը կը բացայայտէ կուսակցութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Դաշնակցութիւնը շուտով կեդրոնական գրասենեակ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, հայրենի հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր պաշտօնական փլաթֆորմը` քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ ընկերային մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ իր բոլոր ուժերն ու կարողութիւնը այսուհետեւ եւս ի սպաս կը դնէ հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հայրենիքի քաղաքական, հասարակական, տնտեսական, գիտաթեքնիքական եւ մշակութային հզօրացման:
108.- Հետզհետէ թէժացող արցախեան մարտերուն մէջ կը նետուի կուսակցութիւնը` դառնալով կազմակերպիչ եւ ոգեշնչող այն ուժը, որ իր շուրջ համախմբեց մարտնչող ազատամարտիկներու ջոկատները: Արցախեան ազատամարտի ընթացքին նահատակի փառապսակով հայոց պատմութեան էջերուն վրայ իրենց անունները փորագրեցին դաշնակցական բազում զինուորագրեալներ, աւելի քան 300 գաղափարակից նահատակ ազատամարտիկներ: