Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17374

Գահիրէի Մէջ. Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Թէոդորոս Բ. Պատրիարքի Միջեւ

$
0
0

52-1024x768

Հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Գահիրէի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքի միջեւ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ղպտի եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու` մետրոպոլիտ Անպա Պիշոյ:

Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ երկու հոգեւոր պետերուն քննարկելու հայ եւ ղպտի եկեղեցիներու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան լայն կարելիութիւններ ստեղծելու միջոցները: Նաեւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին Գործադիր վարչութեան ժողովին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովը իր եզրափակիչ նիստին կատարեց ընդհանուր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նաեւ յիշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր համաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան սեպտեմբերին, Ամմանի մէջ (Յորդանան):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17374

Trending Articles