ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր վերջին հրապարակային ելոյթին մէջ, Արցախի հարցով կատարեց հետեւեալ հաստատումը.
«Կրկնում եմ` Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման ճանապարհին միակողմանի զիջումներ չեն լինելու: Բացառւո՛ւմ է: Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում: Բացառւո՛ւմ է: Մէկ անգամ եւս կրկնում եմ` բացառւո՛ւմ է: Ես իմ ողջ գիտակցական կեանքը իրականում նուիրել եմ այս խնդրին: Եւ իմ ժողովրդի համար ընդունելի տարբերակի հասնելու համար, միշտ պատրաստ եմ եղել զոհաբերել ոչ միայն ցանկացած պաշտօն, այլեւ` կեանքս: Դա այդպէս է եղել երէկ, այդպէս է այսօր, այդպէս է լինելու վաղը»:
Ուրեմն` միակողմանի զիջում պիտի չըլլայ, Ղարաբաղը Ազրպէյճանին մաս պիտի չկազմէ եւ մեր ժողովուրդին համար ընդունելի տարբերակ ապահովելու համար զոհաբերուելու պատրաստ է նախագահը:
Արցախի նախագահը, Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտօնաթերթին` «Լէօ Ժուրնալ տիւ Փարլըման»-ի թղթակից Օլիվիէ տէ Թիլիէրի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ որեւէ հակամարտութեան կարգաւորում, «յատկապէս երբ խօսքը Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ընթացող նման բարդ հակամարտութեան մասին է, պէտք է լուծուի համապարփակ կերպով, ողջամիտ եւ համարժէք փոխզիջումների միջոցով: Մենք պատրաստ ենք փոխզիջումների, եթէ դրանք չեն սպառնում մեր անվտանգութեանը եւ եթէ դրանք հակառակորդին նոր ագրեսիա (յարձակում-Խմբ.) սկսելու հնարաւորութիւն չեն տալիս»:
Ողջամիտ, համարժէք փոխզիջումներ, որոնք պէտք չէ սպառնան Արցախի անվտանգութեան:
Երկու հանրապետութիւններու առաջին դէմքերու փոխզիջումներուն մասին յայտարարութիւններէն ետք հանդէս կու գայ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, որ կը յայտարարէ, թէ իր կարծիքով` «փոխզիջումների, նմանատիպ հարցերի շուրջ խօսելը պարտուողականութի՛ւն է, որովհետեւ առ այսօր ես Պաքուից չեմ լսել որեւէ յայտարարութիւն զիջման մասին: Երբ որ Պաքուն խօսի զիջումների մասին, այն ժամանակ կարելի է խօսել փոխզիջումների մասին: Քանի դեռ այնտեղ չեն խօսում, ապա ինքնին նոյնիսկ այդպիսի հարցեր բարձրացնելը, կարծում եմ, կոռեկտ (ճիշդ-Խմբ.) չէ, առնուազն` կոռեկտ չէ՛»:
Քոչարեանի այս համարձակութիւնը իսկապէ՛ս նշանակալի է: Եթէ այդ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք նախագահը զայն պաշտօնանկ չէ ըրած, ուրեմն` համաձայնեցուած արտայայտութիւն մըն է, պատգամ մը փոխանցելու` նախ Ազրպէյճանի իշխանութեանց, ապա նաեւ միջազգային շրջանակներուն:
Կարելի է ենթադրել, որ նախագահ Սարգսեան ինչ որ պարտաւորութեան տակ կը հնչեցնէ զիջում կամ փոխադարձ զիջում բառը:
Կարելի է նաեւ ենթադրել, որ նախագահ Սահակեան ինչ որ ճնշման տակ, որ շատ հաւանաբար կու գայ նախագահ Սարգսեանէն, ինք եւս կը հնչեցնէ զիջումը` «համարժէք»-ով ու «փոխադարձով» պայմանաւորուած: Նոր պատերազմէն դուրս եկած Արցախի նախագահէն, սակայն, պիտի ակնկալուէր, որ կարենար մերժել ամէն տեսակի ճնշում, եւ իր բերնէն զիջումներու մասին խօսք չ՛արտաբերեր, առնուազն` թէ՛ Արցախի ժողովուրդին եւ թէ սահմանը պաշտպանող զինուորներու բարոյական կորովը չտկարացնելու նկատառումով:
Բանակցութիւններու ընթացքին, երբ խօսք կ՛ըլլայ երկու կողմերու ժողովուրդները «լուծման» մը պատրաստելու կարեւորութեան եւ պարտաւորութեան մասին, պարզապէս զիջումի գաղափարը ընկալելի դարձնելու նպատակն է որ կը հետապնդուի:
Մենք պէտք չէ մեղսակից ըլլանք այդ քարոզչական դաւադրութեան, ու այս գործընթացին մէջ ամուր, անզիջող կանգնելու կեցուածքին տիրութիւն պէտք է ընենք` բոլորո՛վ: