Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17569

Նշմար. Ինքնե՞կ, Թէ՞ Դրդուած

$
0
0

vaho_81616

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երէկ 60 տարեկան գերմանացի մը Աւստրիոյ մէջ գնացքով ճամբորդած ատեն յարձակում գործեց եւ լրջօրէն վիրաւորեց 19 տարեկան եւ 17 տարեկան երկու աւստրիացիներ: Երէկուան յարձակումը մէկ ամսուան մէջ Եւրոպայի տարածքին իր տեսակին մէջ երրորդն էր:

Շաբաթ օր Զուիցերիոյ Սեն Կալեն նահանգին մէջ 27 տարեկան զուիցերիացի մը գնացքի մը մէջ յարձակում գործելով սպաննեց կին մը, նոյն օրը Կիպրոսի Այանափա շրջանին մէջ դանակով յարձակումի մը պատճառով բրիտանացի զբօսաշրջիկ մը սպաննուեցաւ եւ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ: 24 յուլիսին 21 տարեկան սուրիացի տեղահանուած մը Շթութկարթի մէջ անցորդներու վրայ յարձակելով սպաննեց կին մը եւ վիրաւորեց երկու ուրիշներ: Նոյն օրը 27 տարեկան սուրիացի տեղահանուած մը Գերմանիոյ Անսպախ քաղաքին մէջ ճաշարանի մը մօտ ական մը պայթեցուց: 18 յուլիսին 17 տարեկան տեղահանուած մը Գերմանիոյ Վուրցպուրկ քաղաքի գնացքներէն մէկուն մէջ կացինով յարձակում գործելով 21 ճամբորդներ վիրաւորեց: Մայիսին գերմանացի մը Միւնիխի մօտ գնացքի մը մէջ դանակով յարձակում գործելով սպաննեց անձ մը եւ վիրաւորեց երեք ուրիշներ: Օգոստոս 2015-ին այսպիսի առաջին յարձակում մը մետասաներորդ պահուն ձախողութեան մատնուած էր Ֆրանսայի մէկ գնացքին մէջ:

Վերոնշեալ յարձակումներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը վերագրուեցաւ մտային խանգարումի տէր մարդոց, սակայն պէտք է հարց տալ. «Այդ ի՞նչ պատահեցաւ, որ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին մտային խանգարումներէ տառապող մարդիկ յանկարծ սկսան դիմել նոյնպիսի եւ իրերայաջորդ արարքներու»: Նոյնիսկ եթէ այդ յարձակումներուն հեղինակները իսկապէս մտային խանգարումի տէր անձեր են, յարձակումներուն համար օգտագործուած զէնքերը, յարձակումներուն վայրերն ու թիրախները մտածել կու տան, որ անոնք պատահական դէպքեր չեն, այլ կանխամտածուած եւ կազմակերպուած յարձակումներ` ահ ու սարսափի, անվստահութեան եւ այլատեացութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու համար: Ուստի անոնք ինքնեկ չեն. գոյութիւն ունի դրդող մը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>